Կաղանդ Պապա

Կաղանդ պապա (անգլերէն` Santa Claus), դիցաբանական, մշակութային եւ պատմական արմատներու վրայ հիմնուած գեղարուեստական կերպար մը, որ ըստ արեւմտեան քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչներու՝ ամէն տարի, 24 Դեկտեմբերի երեկոյեան, այսինքն՝ կաթոլիկ Ս.

Ծննդեան նախօրեակին, գաղտնաբար կ'այցելէ բարի երեխաներուն տուները եւ անոնց նուէրներ կը բաժնէ։ Կաղանդ պապուկին կերպարը հիմնուած է Ս. Նիկողայոս Զմիւռնացիի կերպարին վրայ։

Կաղանդ Պապա
Ժամանակակից Կաղանդ պապուկը

Կաղանդ պապուկի ծագումը

Կաղանդ Պապա 
Կաղանդ պապուկ, 1889

Նիկողայոս ծանօթ էր իր բարեգործութիւններով. ան մանուկներ ունեցող աղքատ ընտանիքներուն նուէրի տեսքով նպաստ կը բաժնէր :

Անցեալին, եւրոպական երկիրներու մէջ, Ս. Նիքոլայի օրը՝ 6 Դեկտեմբերին, ընդունուած սովորութիւն էր երեխաներուն նուէրներ բաժնելը: Սակայն ԺԶ. դարուն, երբ կը մերժէին սուրբերուն երկրպագութիւնը, Գերմանիոյ եւ սահմանակից երկիրներու մէջ նուէրներ բաժնողը մանուկ Քրիստոսը կը համարուէր, իսկ անոր ծննդեան օրը՝ 6 Դեկտեմբերէն կը տեղափոխեն 24 Դեկտեմբերի։

ԺԶ. դարու կէսէն ետք, դարձեալ կը սկսին նուէրներ բաժնել երեխաներուն՝ Ս. Նիկողայոսին անունով, Դեկտեմբերի վերջերուն՝ Ս. Ծննդեան առիթով:

Բայց կարգ մը Եւրոպական երկիրներու մէջ, ի զօրու կը մնային աւելի հին սովորութիւնները: Օրինակ՝ Հոլանտայի մէջ, ուր Ս. Նիկողայոսի անունը կը հնչէր իբրեւ Սինթերքլաս, երեխաները նուէրներ կը ստանային ե՛ւ 6 Դեկտեմբերին, ե՛ւ Ս. ծննդեան:

1650-ական թուականներուն հոլանտացի գաղութարարներու շնորհիւ, Ս. Նիքոլայի կերպարը կը հասնի նաեւ Հիւսիսային Ամերիկա՝ Նոր Ամսթըրտամ, այժմեան Նիւ Եորք: Հարկ է նշել, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հիմնուած անգլիացի պուրիտանները Ս. Ծնունդ չէին նշեր։

1809-ին լոյս կը տեսնէ ամերիկացի գրող Ուաշինկթըն Իրվինկի «Նիւ Եորքի պատմութիւն» գիրքը, ուր կը պատմէր հոլանտական կառավարութեան ժամանակներուն մասին՝ յիշելով եւ մեծարելով Ս. Նիկողայոսը Նոր Ամսթըրտամի մէջ:

Կաղանդ Պապա 
Կաղանդ պապուկը Թովմաս Նեսթի պատկերացումով (1881): Քլեմենթ, Քլարթ Մուր եւ Թովմաս Նեսթ մեծ ներդրում ունեցած են կերպարին այժմեան ձեւաւորման մէջ:

1823-ին լոյս կը տեսնէ Քլարք Մուրի «Ս. Ծննդեան նախորդող գիշերը, կամ Ս. Նիկողայոսի այցելութիւն» գիրքը, ուր կը պատմէր Կաղանդ պապուկին հեքիաթային կերպարին մասին: Այս գիրքը մեծ ժողովրդականութիւն կը շահի եւ կը վերահրատարակուի 1844-ին:

1863-ին Harper’s Weekly պարբերականին մէջ աշխատող նշանաւոր ամերիկացի նկարիչ Թովմաս Նեսթ, երեխաներու համար կը գծէ շատ զուարճալի նկարներ՝ Կաղանդ պապուկին կեանքէն, որոնք տեղ կը գտնեն տարբեր պարբերականներու մէջ։ Իր նկարներուն մէջ Նեսթ մտածած եւ մանրամասն նկարագրած է Կաղանդ պապուկին առօրեան: Նկարիչը կ'ըսէ, թէ Կաղանդ պապան կ'ապրի Հիւսիսային բեւեռին մէջ եւ ունի յատուկ գիրք մը, ուր կը գրէ երեխաներուն լաւ եւ վատ արարքները: Նեսթի նկարներուն մէջ կարելի է նկատել Կաղանդ պապային պատկերին հետզհետէ կրող փոփոխութիւնը՝ մորթէ մուշտակով տարեց մարդէն վերածուելով կիսամուշտակով աւելի իրական եւ ուրախ մարդու: Ինչպէս կը վկայէ History Channel հեռատեսիլի կայանը, «Նեսթ Կաղանդ պապուկը արտանկարած է ինքն իր կերպարին վրայ հիմնուելով»: Նկարիչը եղած է միջին տարիքի, երկար մօրուքով, գիրուկ մարդ մը:

Կաղանդ Պապա 
Թովմաս նեսթի Կաղանդ պապուկը

Պէտք է նշել, որ սկզբնական շրջանին, Նեսթի նկարներուն մէջ Կաղանդ պապային կիսամուշտակը շագանակագոյն էր, սակայն նոր նկարներուն մէջ անիկա կը ստանայ կարմիր երանգ: History Channel իր «Կաղանդ պապային արկածները» ծրագիրին մէջ կը նշէ, թէ Կաղանդ պապային կիսամուշտակին կարմիր գոյնը որեւէ նշանակութիւն չունի:

1931-ին «Քոքա-քոլա» ընկերութիւնը կը հրապարակէ գովազդային հոլովակ մը՝ ձմրան զովացուցիչ ըմպելիքներուն վաճառքը աւելցնելու նպատակով: Այդ պատճառով ալ կ'առաջարկէ Կաղանդ պապայի աւելի ժամանակակից կերպար մը՝ մշակուած Սենտպլոմ Հեթտոնի կողմէ: Այս գեղանկարիչին կը պատկանի Կաղանդ պապուկի՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին հանրածանօթ կերպարը: Անոր նկարները նախապէս նկարուածներէն ամէնէն յաջողը կը դառնան:

Կաղանդ Պապա 
Կաղանդ պապան էլֆի տեսքով «Փուք» (Puck) ամսագիրի կողքի նկար, 1904:

Սենտպլոմի մեկնաբանութեամբ՝ Կաղանդ պապային մուշտակը եղած է կարմիր, սպիտակ եզրերով: Բայց հեքիաթային հերոսին հագուստին գոյներուն համակցութիւնը ամբողջութեամբ չի պատկանիր «Քոքա-Քոլա» ընկերութեան, որովհետեւ նոյն ձեւով հագած Կաղանդ պապան յայտնուած է «Փուք» (Puck) ամսագիրին կողքին (1902, 1904, եւ 1905 թուականներուն) եւ «White Rock Beverages» վաճառանիշին գովազդային պաստառին վրայ (1915 եւ 1920-ական թուականներուն):

Կաղանդ Պապա 
Կաղանդ պապուկի ժամանակակից տարբերակը. ան յաճախ կը լսէ երեխաներուն փափաքները:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

ԱնգլերէնԴիցաբանութիւնԿաթողիկէութիւնՍուրբ Ծնունդ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հրատ մոլորակ (Մարս)Հայ Գիրերու ԳիւտՄայրերու ՕրՎազգէն ՓափազեանՄանկական ԱնդամալուծութիւնՎենետիկԱփրիկէՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՅովհաննէս-ՍմբատԱզրպէյճանԿեանքը Հիանալի էՄիքայէլ ՉամչեանԱմալ ՔլունիՄարդաբանութիւնԳրիգոր Շղթայակիր ՊատրիարքՉիլէ2003Բարձր ՀայքԱծանցաւոր բառերՄսաշոթԱնգլերէնՇուշիի Ազատագրումը (1992)Ռընէ ԼեւոնեանԱմփերԽաչվառՀայկական ՏոմարԼեարդՄակդիրՃափոն3 ՅուլիսԳետնախնձորով աղցանՍտեփան Զօրեան (քաղաքական գործիչ)Գրիգոր ՆարեկացիԹեհրանԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաԼիբանանՄեծն ՏիգրանՊօղոս Լեւոն ԶէքիեանՄիսաք ՄանուշեանՍտեփանակերտՍուլթան Համիտի ՄահափորձՈւտիքԵւրատեսիլ Երգի Մրցոյթ1922 թուականՄարաթոնի ճակատամարտՄիսաք ԳօչունեանGoogle PlayՍ. Թադէոս ԱռաքեալՀայաստանի ԴրօշակներըԵկատերինոտարԵլակԹոքատապՍաղմոսավանքԴիլիջանՅարութիւն ՍելիմեանԻսրայէլ ՕրիՈւիքիփետիաԱրմէն ԳարօՍեխՎլատիմիր ՓութինԿտինեաՄեծ ՀայքՊասուց ՏոլմաՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՀոգիներու ԱճուրդՏուէյն Ճոնսոն8 ՅունիսԼաստիվերՄարք ՉէնեանՊէյրութի Ամերիկեան ՀամալսարանՆոամ ՉոմսքիՌուբէն Սեւակ8 Հոկտեմբեր🡆 More