Արմաւ

Արմաւ, անգլերէն Palm իր պարունակած կենսանիւթերու եւ միքրօտարրերու շնորհիւ կը համարուի լման սնունդ ընտանիքի բոլոր անդամներու համար, անոնց պարգեւելով ուժ, աշխուժութիւն եւ կանխարգիլելով կարգ մը հիւանդութիւններ: Բուսակերներու եւ արեան տկարութիւն ունեցողներու համար ան անփոխարինելի է շնորհիւ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ պարունակած 1.6մլկ.

երկաթի, քանի որ հասուն մարդու պահանջը օրական 0.9մլկ. է: Պարունակած շաքարի տոկոսը կը հասնի 70-ի, իսկ 100կրամը ունի 250 ջերմուժ: Հարուստ ըլլալով բնաթելերով , ունի լուծողական յատկութիւն, կը պայքարի պնդութեան դէմ , ինչով եւ պայմանաւորուած է անոր դիւրամարս ըլլալը: Կը տարբերենք արմաւի 1500 տեսակ, դեղինէն ոսկեգոյն եւ մինչեւ մութ սրճագոյն: Արմաւը կը պարունակէ փրոթէին, ածխաջրատներ, երկաթ, ֆոսֆոր, քալսիում, բոլոր կենսանիւթերը բացի Vit. Eէն: Պարունակած ամինաթթուներու քանակով ,ան կը գերազանցէ պանանը եւ խնձորը: կը պարունակէ ֆլիւոր, որ անհրաժեշտ է առողջ ակռաներ ունենալու համար , եւ սէլենիում օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար: Արմաւը կը նպաստէ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլմանը : Արմաւէն պէտք է զգուշնան սննդականոնի հետեւողները, սակայն բնական կշիռքի ժամանակ , զայն կարելի է օգտագործել քաղցրաւենիքի փոխարէն : Արմաւները կը համարուին հնագոյն բժշկութեան ամենալաւ միջոցը ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու բուժման համար: Տեւական օգտագործման պարագային, աղիքներու մէջ կը ստեղծուի օգտակար մանրէներու կազմ: Աղիքներու աշխատանքը խթանելու համար կէս լիթր ջուրի մէջ եռացնել 5 արմաւ , խմել առտու եւ իրիկուն , կամ ուտել 5արմաւ, ապա խմել մէկ գաւաթ գաղջ ջուր : Արմաւը կ'օգնէ եւ կերակրափողի այրոցի պարագային եւ պարունակած կլութամինաթթուի շնորհիւ կը չէզոքացնէ աւելորդ ստամոքսահիւթը : Արմաւը ուղղակի ուժանիւթի աղբիւր է , բառացիօրէն կը լիցքաւորէ մարմինը: Օգտակար քաղցրաւենիք է , որ կ'ապահովէ մարմնի ֆրուքթոզը եւ կլուքոզը: Ան կը պարունակէ մեծ քանակով Vit.B5 ապահովելով մկաններու աշխատունակութիւնը, մանաւանդ մարզիկներու մոտ: Ուղեղի մտային լարումներու ժամանակ անփոխարրինելի է շնորհիւ իր պարունակած կլուքոզի եւ B խումբի կենսանիւթերու : Երբ յղի կամ դիեցնող կինը իր սննդաբաժնի մէջ, արմաւ կը սպառէ, երեխան կը ստանայ աճի համար անհրաժեշտ լիարժէք կենսանիւթեր եւ միքրօտարրեր:

Արմաւ
Արմաւի Ծառ

Աղբիւրներ

Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Միսաք ՄեծարենցՍեռ (կենսաբանութիւն)Աշոտ Ա. ԲագրատունիՃեք ԳէորգեանՀրայր ԴժոխքՔրիստոսի տասներկու առաքեալները2 ՄայիսՎանԱբիսողոմ աղաԽորէն ՍինանեանՍուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)Արեւմտահայերէն30 ՅունիսԽնձորԱմփերԹորոս ԱզատեանՀայաստանի ԴրօշակներըՈւտիքԹիֆլիսԱշտարակՏաղՀանրապետութեան հրապարակ (Երեւան)Շարպէլ ՄախլութՍահարա ԱնապատԴիցաբանութիւնՀնդկաստանԳէորգ ՅակոբճեանԱծանցաւոր բառերՀամաստեղՍ. Թադէոս Առաքեալ1 ՅունիսՈսկիՍուրիաՍթոքհոլմեան ՀամախտանիշՍեւան ՆշանեանԵւրոպական ԽորհուրդՍան Սթեֆանոյի ՊայմանագիրԼաստիվեր106 (թիւ)3 ՅուլիսԱրագածՀայկական ԴրամԳարեգին Նժդեհ12 ՍեպտեմբերՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալԿլիմայական ՓոփոխութիւններԱրա ԳեղեցիկԱֆղանիստանՀայկական ՌուբլիԵւրոպայի երկիրներու եւ կախեալ տարածքներու ցանկԱնդրանիկ ՕզանեանՍերկէյ ՌախմանինովՎահէ (անձնանուն)Յունաբան ԴպրոցՖրիտիոֆ ՆանսենՔանատաԱղձնիքՄակդիրԱխթալայի ՎանքԱրծաթԱքիհիթօԿիպրոսի ՀայերըՀամբարձում ՊօյաճեանՀայկական ՏոմարՊիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնը20038 ՄայիսՏեմիս ՌուսոսՌընէ ԼեւոնեանԳաբրիէլ (անձնանուն)🡆 More