Բանջարեղէն

Բանջարեղէնը, որեւէ մէկ տեսակ բոյս մըն է, որ կ'ուտուի ճաշի հետ եւ կամ ճաշին մէջ կը գործածուի։

Բանջարեղէն
Բանջարեղէններ Ֆիլիբինի մէջ

Ծագումով, բանջարեջէնը կը հաւաքուէր անտառներէն որսորդներու կողմէ եւ սկսած է մշակումը տարբեր շրջաններուն մէջ աշխարհին վրայ, հաւանաբար 10,000-էն 7,000 (Ք.Ա) թուականներուն, երբ նոր երկրագործական կեանքը բաւական զարգացաւ։ Սկիզբը, բոյսերը որոնք կ'աճէին տեղականապէս՝ կը մշակուէին, բայց երբ օրերը անցան, առեւտրականութիւնը կ'օգնէր տարաշխարհիկ բոյսերու ներածութեան, տեղական հողերու վրայ մշակելու համար։ Այսօր, գրեթէ բոլոր բանջարեղէնները կ'աճին աշխարհի ամէն կողմերուն մէջ։

Բանջարեղէնը կրնայ ուտուիլ հում կամ եփած եւ ունի մեծ դեր մարդ արարածին սննդառարութեան, կազմուելով մասնաւորապէս ցած իւղայնութեամբ եւ բնածխաջրատով, բայց կը պարունակէ բարձր կենսանիւթեր եւ հանքանիւթեր։ Շատ մը կառավարութիւններ կը քաջալերեն ժողովուրդը, որ ուտեն բանջարեղէններ եւ պտուղներ ամէն օր։

Պատմութիւն

Մշակումը աշխարհի վրայ սկսելէ առաջ, մարդ արարածը որսորդ եւ հաւաքող էր։ Կը փնտռէին պտուղներ, նուշի տեսակներ, կոթեր, տերեւներ, նաեւ կը փնտռէին մահացած անասուններ եւ կ'որսային ողջերը։ Անտառի մէջ մշակումը կը համարուի իբրեւ առաջին մշակման օրինակը՝ օգտագործուող բոյսի տեսակներ կը պահուէին եւ կը շատցուէին եւ չուզուած բոյսերը կը նետուէին։ Բոյսերու արտադրութիւնը տարուէ տարի զօրացաւ՝ ցանուելով մեծ պտուղներ եւ զարգացաւ մշակումը։

Պատմութեան ընթացքին, միշտ հարուստները կրնային ուտել թէ՛ միս եւ թէ պտուղ ու բանջարեղէն, սակայն աղքատ ժողովուրդը ընդհանրապէս ունէին բրինձի, ցորենի եւ կորեկի սնունդը։ Ազթէքները միջին Ամերիկայի մէջ կ'ուտէին կորեկ, լոլիկ, աւկատանձ, լուբիա, պղպեղ, դդում, պիստակ՝ բոլորը իրենց յատուկ ճաշերուն համար։ Բերուի մէջ, Ինքաները կը ցանէին կորեկ տաբարակ արտերուն վրայ եւ գետնախնցոր բարձր հողերուն վրայ։ Կը գործածէին Քինօայի հատիկներ, աւելցնելով պղպեղը, լոլիկը եւ աւկատանձը։

  • Հին Չինաստանի մէջ, բրինձը գլխաւոր բոյսն էր հարաւի եւ ցորենը հիւսիսի մէջ։ Բանջարեղէններու կ'ընկերակցէին Սօիա հատիկներ, սոխով, սխտորով, եւ այլն։
  • Հին Եգիպտոսի մէջ գլխաւոր ուտելիքը հացն էր։ Իրենց համար միսը յարգի ուտելիք մըն է, բայց ձուկ բաւական ունէին։ Ասոնց կողքին կային ոսպ, սոխ, սխտոր, բողկ եւ հազար։
  • Հին Յունաստանի մէջ գլխաւոր ուտելիքը հաց էր, այծի պանիրով, ձիթապտուղով, թուզ, ձուկ եւ երբեմն միս։ Հոն մշակուող բանջարեղէններն են սոխ, սխտոր, կաղամբ, սեխ եւ ոսպ։
  • Հին Հռոմի մէջ կը պատրաստուէր հաստ ապուր մը հաճարով կամ բակլաներով, հետը ըլլալով կանաչեղէն եւ քիչ միս, ձուկը կը նկատուէր անկարեւոր։ Հռոմէացիները կը մշակէին ոլոռն, սոխ, շողգամ եւ կ'ուտէին ճակնդեղի տերեւներ եւ ոչ ինքնին ճակնդեղը։
Բանջարեղէն 
Հարաւային Ասիական ձեւի տապկուած բանջարեղէն պղպեղով
Բանջարեղէն 
Ծախու բանջարեղէններ եւ պտուղներ Հնդկաստանի մէջ

Սնունդ

Բանջարեղէնները ունին մեծ դեր մարդու սնունդին մէջ։ Մեծամասնութիւնը շատ քիչ իւղ ունի, բայց կը պահէ կուշտ։ Կը պարունակեն շատ մը կենսանիւթեր, ինչպէս Կենսանիւթ A, C եւ E: Երբ մարդ ամէն օր որոշ քանակով բանջարեղէններով սնանի քաղցկեղը, սրտի երակներու փակուիլը եւ ուրիշ հիւանդութիններ աւելի քիչ կը պատահին։ Փնտռտուքներ ցոյց կու տան, թէ շատ բանջարեղէն ուտողը 20% աւելի քիչ սրտի կաթուած կ'ունենայ։

Բանջարեղէնները կ'ուտուին տարբեր ձեւերով, երբեմն առանձին եւ երբեմն ալ ճաշերու մէջ։ Սննդային պարունակութիւնը կը տարբերի, բայց ընդանհրապէս կը պարունակեն շատ քիչ քանակով իւղ եւ սպիտ եւ տարբեր չափերով Կենսանիւթեր, ինչպէս A, K, B2՝ որոնք գիտցուած են, որ ունին նիւթեր իրենց մէջ եւ տարբեր տեսակի հիւանդութիւններու դէմ կը պայքարին։

Հետաքրքրական է

  • Սոխ մաքրելու ժամանակ մարդու աչքերը կ'արցունքոտին, որովհետեւ կտրուած սոխէն կ'արտադրուի արցունքաբեր նիւթեր (որոնք նաեւ կ'ոչնչացնեն վնասակար մանրէներ՝ պաշտպանելով թէ՛ բոյսը, եւ թէ մարդը:
  • Ամերիկայէն բերուած լոլիկի դեղին պտուղները իտալացիները կ'անուանեն «փոմոտորօ»՝ ոսկէ խնձոր, որմէ ալ ծագած է լոլիկի առօրեայ անուանումը՝ պոմիտոր:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Բանջարեղէն ՊատմութիւնԲանջարեղէն ՍնունդԲանջարեղէն Հետաքրքրական էԲանջարեղէն ԾանօթագրութիւններԲանջարեղէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԹունուզԱնգլերէնԵՈՒՆԵՍՔՕՏուֆՏօմինօՍուրիական անապատՃշմարտութիւնԽաչապուրի«Էմոճի»ներԹիֆլիսՄենուայի ջրանցքըԹթուածինԱմուսնութիւնՌուբէն ՍեւակՎանի հերոսամարտՈրսորդութիւնԻսրայէլ ՕրիՆոր ՆախիջեւանՆազարէթ ՏաղաւարեանԱտանաԾովԹաւրիզԹովմա ԱրծրունիՆահապետ ՌուսինեանԻրանը Եւ Արցախեան Ազատագրական ՊատերազմըԱրամ Ա.ԻջեւանՈւղեղՀայաստանի ԶինանշանԴեղնախտԱսիաԱրաքս (գետ)Աշոտ Գրաշի1684 թուականԱրիստակէս ԳասպարեանՅովհաննէս ԹորոսեանՀայաստանՀին ԵրեւանԼուվրԱրմենական ԿուսակցութիւնՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՆաթալի ՂուսելՄիքայէլ ՎարանդեանՔորթնի ՔոքսԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՊապուններըՄեծն ԿոստանդինԿարինՀոկտեմբերԳերմանիոյ Խորհրդային ՊատերազմԵգիպտոս1967 թուականԼաստիվերԳառնիի ԱմրոցԼոնտոնՔաղկեդոնի ԺողովԾերենցԿապրիէլ Կարսիա ՄարքեզՌումտիկինԱզգային ՍահմանադրութիւնԼուսիկ ԱգուլեցիՄուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք3 ՆոյեմբերԱկսել Բակունց1934Նիքոլա ԹեսլաԱրթուր ԱբրահամՍ. ՄիւռոնՊուլկարիաՍեւ ԾովԴանիաԲրինձՀայկական Մեկոն🡆 More