Բամբա

Բամբա (Pampa՝ բնիկ քեչուա լեզուի բառ որ դաշտ կը նշանակէ).

Հարաւային Ամերիկայի բարեբեր ու անծայրածիր արօտավայրեր։ Բանբան ընդարձակուած է Արժանթինի Պուէնոս Այրէս, Լա Բամբա, Սանթա ֆէ, Էնթրէ Ռիոս եւ Քորտոպա շրջաններուն եւ Պրազիլիոյ հարաւային Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ նահանգին մէջ, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի ամբողջ տարածքին։

Բնական շրջան
Բամբա
Բամբա
Բամբան․ տարածուած է Պրազիլի հարաւի ծայչամասը, Արժանթինի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը եւ ամբողջ Ուրուկուէյի երկիրը
Երկիր Բամբա Արժանթին
Բամբա Պրազիլ
Բամբա Ուրուկուէյ
Տարածութիւն 1․200․000 քլ² քմ²
ԲԾՄ 160±1 մեթր
Բնակչութիւն 43 909 235 մարդ

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Բամբային տարածութիւնն է 1․200․000 քլ²։ Գրեթէ ամբողջութիւն մը կազմած այդ անսահման արօտավայրերը բնական շրջան մըն են․ ընհատուած են միայն Պահիա Պլանքա եւ Թանտիլ քաղաքներուն մօտ գտնուող բլուրներէն՝ 1500 եւ 500 մեթր բարձրութեամբ։

Բուսականութիւն եւ տնտեսութիւն

Յաճախակի հրդեհներուն պատճառով, բամբային մէջ կը բարգաւաճին փոքր բոյսերը։ «Բամբային խոտ»ը (Cortaderia selloana) բամբային իւրայատկութիւնն է եւ կ՛ընդգրկէ մշտատեւ դալարիք եւ խոտ։ Տեղէ տեղ խոտի տեսակները կը տարբերին ստացուած ջուրի քանակութեան պատճառով։

«Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամ»ը (WWF) բամբան երեք կենսաշրջաններու կը բաժնէ․-

  • Ուրուկույէյի արօտադաշտ․  տարածուած է Բարանա գետին արեւելքը, Ուրուկուէյի մեծ մասին մէջ, Արժանթինի Էնթրէ Ռիոս եւ Քորիենթես նահանգներուն մէջ եւ Պրազիլի հարաւը գտնուող Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ նահանգին մէջ․
  • Բամբա 
    Անսահման բամբան
    Խոնաւ բամբան․ տարածուած է Պուէյնոս Այրես նահանգին արեւելեան մասին մէջ եւ Էնթրէ Ռիոս նահանգին հարաւը․
  • Կիսաչոր բամբան․ տարածուած է Պուէյնոս Այրես նահանգին արեւմուտքը եւ Սանթա Ֆէ, Քորտոպա եւ Լա Բամբա մերձաւոր շրջանները։

Բանբան Հարաւային Ամերիկայի հացահատիկի, եգիպտացորենի եւ անասնապահական պարէնի արտադրութեան մեծագոյն շրջանն է։ 2000-էն ետք, բամբային մէջ զարգացաւ այգեգործութիւնը․ կ՛արտադրուի «Պուէյնոս Այրեսի գինիները» կամ «Մետանոս» կոչուած գինին։ Այդ մշակումները կ՛ողողուին երբ զօրաւոր անձրեւ կը տեղայ։

Կլիմա

Բամբայի կլիման ընդհանուրին մէջ մեղմ է։ Սակայն թեթեւ փոփոխութիւններու ենթակայ է՝ ըստ շրջանի․-

  • Խոնաւ ենթարեւադարձային կլիմա, հիւսիսային շրջաններուն մէջ,
  • Ցուրտ եւ կիսաչոր՝ հարաւային եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ,
  • Ովկիանեան՝ հարաւ-արեւելեան մասին։

Բնակչութիւն

Բամբա 
Բամբա․ Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ

Բամբային բնակչութեան թիւը 43 909 235 է։

Արժանթին

  • Պուէյնոս Այրես՝ 17 196 396
  • Քորտոպա՝ 3 683 937
  • Սանթա ֆէ՝ 3 481 514
  • Պուէյնոս Այրես, քաղաքը՝ 3 068 043
  • Էնթրէ Ռիոս՝ 1 360 443
  • Լա Բամբա՝ 352 378

Պրազիլ

  • Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ 11 247 972

Ուրուկուէյ

  • Բոլոր նահանգներուն՝ 3 518 552

Պատկերասրահ

Բամբա
Բամբա 
Երկիր Բամբա  Արժանթին
Բամբա  Պրազիլ
Բամբա  Ուրուկուէյ
ԲԾՄ 160±1 մեթր

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Բամբա Ընդհանուր տեղեկութիւններԲամբա Բուսականութիւն եւ տնտեսութիւնԲամբա ԿլիմաԲամբա ԲնակչութիւնԲամբա ՊատկերասրահԲամբա ԾանօթագրութիւններԲամբաՊուէնոս ԱյրէսՊրազիլ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

1994 թուականՎրացական Թագաւորութիւն13 ՄարտՕսմանեան Կայսրութիւն389 (թիւ)Աշոտ Ա. ԲագրատունիՍտեփան ՇահումեանՆշենիՀռոմկլաԱրցախեան ԱզատամարտԼոյսՓարիզՎազգէն Շուշանեան13 ՓետրուարԾովից ծով ՀայաստանԹլկատինցիՍ. Ղազար կղզիՀայկական ԴիցաբանութիւնԼինուքսԽանասորի ԱրշաւանքՀանրապետութիւնՔիոլնի ՏաճարԱրարատեան ԴաշտԺան ՌենօՎահրամ ՓափազեանՕձերԶարթօնք (օրաթերթ)ՄագաղաթՄումպայՆոր ՆախիջեւանԿենսաբանութիւնՅակոբ ՕշականՆիկոլ ՓաշինեանՏալասՊարոյր Սեւակ1864 թուականՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)ԱմառՅունաստանԽորէն Աշըգեան24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Եփրատ գետԽարբերդՄեծն ՏիգրանՍերոբ (անձնանուն)ՅորդանանՀրատ մոլորակ (Մարս)Քարլես ՓուճտեմոնԱզատուհի Սիմոնեան ԳալայճեանՏոհմածառՔաղաքավարութեան ՎնասներըՄեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան - Գանձասար Գիտամշակութային Կեդրոն«Անոնք Ինկան» (Երգ)Արտակ արք. ՄանուկեանԱրամ Ա.7 ՓետրուարԿարսՈւիլիըմ ՍարոյեանԼոնտոնԺիրայր (անձնանուն)Արցախի ՀանրապետութիւնԱնիՍ. Գէորգ զօրավարԿըրլ ՕնլայնԱսպետներու ամրոց (Հոմս)Վազգէն Փափազեան1674 թուականՍպանիաԱրուսեակ (մոլորակ)Այհան Ըշըք🡆 More