Պրոմեթեւս

Պրոմեթեւս (յուն․՝ Προμηθεύς), հին յունական դիցաբանութեան մէջ՝ տիտաններէն մին, մարդոց արարիչ եւ պաշտպան։ Ըստ առասպելի՝ մարդերը ծեփած է կաւէն, իսկ Աթինան անոնց մէջ կեանք ներշնչած է։ Պրոմեթեւսը մարդկային տոհմի գոյութեան առաջին շրջանին անոր հովանաւորը եւ դաստիարակը եղած է։ Ողիմպոսէն կրակը գողնալու եւ մարդոց նուիրելու համար Զեւսը դաժանաբար պատժեց զայն՝ գամելով Կովկասեան լերներուն։ Զեւսի ուղարկած արծիւն ամէն օր կը ծուատէր անոր լեարդը, որ սակայն գիշերը նորէն կը վերականգնուէր։

Պրոմեթեւս
Հերակլեսը կ'արձակէ Պրոմեթեսին, բարձրաքանդակ Ափրոդիտէի տաճարէն, Ափրոդիսիասին մէջ:

Պրոմեթեւսի տանջանքներուն վերջ տուաւ Հերակլեսը։ Ան իր ճամբորդութիւններուն մէկուն ընթացքին հանդիպեցաւ անոր ու ազատեց շղթաներէն։

Պրոմեթեւս Եւ Իօ

Պրոմեթեւս 
Արարիչ Պրոմեթեսը, Օթթոյ Կրայներ, 1909:

Այն ատենը, երբ Պրոմեթեւսը կը կրէր իր տառապանքը, անոր քովը եկած է Իոն՝ գետերու աստուած Ինաքոսի դուստրը, որուն սիրահարուած էր Զեւսը եւ խանդօտ Հերայէն թաքցնելու համար անոր կով դարձուցած էր։ Հերայէն փախչելով՝ Իօ հասած էր մինչեւ Կովկասեան լեռներ։ Պրոմեթեւսը գիտէր գալիք ապագան եւ Իոյին ըսաւ, որ ան պիտի անցնի իր պատուին անունն ստացած Պոսփորը, որ կը նշանակէ «կովի գետանց», յետոյ, շատ տեղեր ըլլալով, պիտի հասնի մինչեւ Նեղոս, ուր Զեւս անոր պիտի վերադարձնէ նախկին կերպարանքին։ Պրոմեթեւսը նաեւ գուշակեց, որ ատկէ ետք Իօ Զեւսէն պիտի ունենայ որդի մը Եւպատոս անունով եւ անոր ժառանգը' շատ սերունդներ յետոյ, զինք պիտի արձակէ տառապանքէ։ Եւ իսկապէս, բազմաթիւ սերունդներ ետք, Եւպատոսի ժառանգներէն մէկը եղաւ մեծագոյն հերոս Հերակլես, որուն շնորհիւ Պրոմեթեւս ազատեցաւ գերութենէն։

  • Պրոմեթեւսին անունով է Պրոմեթիոն քիմիական տարրը:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ


Tags:

ԶեւսԼեարդԿովկասՅունարէնՈղիմպոս

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԱրագածՅովհաննէս-ՍմբատՔեսապՀայոց ՑեղասպանութիւնՄսաշոթՅարութիւն Սելիմեան28 ՄայիսԹաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի (ժապաւէն)Աւարայրի ՃակատամարտՍազՓոխաբերութիւնԴիլիջանՄարդկայնութիւնԳերմաներէնՄոսկուաԳառնիի Հեթանոսական Տաճար2003ԽորհրդապաշտութիւնԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիՀայկական գորգԱնրի ԹրուայաԴիադինԳաբրիէլ (անձնանուն)Արեւմտեան ՀայաստանՀայ բուսաշխարհ (բառարան)Յովհաննէս ՔաջազնունիԵրաժշտութիւնԵէնիճէԹիֆլիսՎանի հերոսամարտՎլատիմիր ՓութինԹոքախտՔաթար1873 թուականԳետառ (գետ)Սթոքհոլմեան Համախտանիշ1958 թուական1874 թուականԳրիգոր Շղթայակիր ՊատրիարքՀրանտ ՄաթեւոսեանԽաչքար1 Հոկտեմբեր1774 թուականԱրամ Ա.ՔալիֆորնիաՎարդան ԱրեւելցիՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային Բաժանումxk16zՊոթսուանաՌընէ ԼեւոնեանԵւրատեսիլ Երգի ՄրցոյթԷյմի ՈւայնհաուսԱրուեստԱրաքս (գետ)ՄարսէյլԱպառաժ8 ՄայիսՌուբէն (անձնանուն)1934 թուական25 ՓետրուարՔարլես ՓուճտեմոնԱծանցաւոր բառեր13 ՅունիսՅուշարձանԾովԵղունգՎենետիկ1922 թուականԱրթուր ԱբրահամՃեք Գէորգեան31 Յուլիս2002Հայկ ՆահապետՄեթրՄարոք🡆 More