Նահանջ Տարի

Նահանջ տարի, այն տարին է, որ կը պարունակէ լրացուցիչ օր (կամ այլ օրացուցային կամ ժամային միաւոր) օրացուցային տարին պահպանելու համար։ Այսպէս, նահանջ տարիի Փետրուար ամիսն ունի 29 օր, եւ ոչ՝ 28, ինչպէս սովորական տարիներուն: Այդպիսի տարիները կը կրկնուին չորս տարին անգամ մը։

Անուան Ստուգաբանութիւն

Հայերէնի մէջ անունը սերած է նահանջել (ընկրկել, ետ քաշուիլ) բայէն: Ռոմանական լեզուները կը բնորոշէն լատիներէն bis sextus-էն (երկրորդ վեցերորդ): Այսպէս, ֆրանսերէն (նաեւ անգլերէն՝ bissextile, իտալ.՝ bisestile, սպաներէն՝ bisiesto, փորթուկալերէն՝ bissexto: Նոյն ծագումն ունի նաեւ ռուս.՝ високосный (վիսոքոսնի) ձեւը:

Պատմութիւն

Գրիգորեան օրացոյցին մէջ, որն ընդունուած է ամբաղջ աշխարհին վրայ, նահանջ են 4-ին վրայ բաժնուող տարիներու մեծ մասը: Նահանջ տարուայ Փետրուարն ունի 29 օր սովորականի 28-ի փոխարէն: Չորս տարին մեկ մեկ օրուան աւելացումը կը հատուցէ այն իրողութիւնը, որ 365 օրերու պարբերութիւնը արեւադարձային տարիէն կարճ է մօտաւորապէս 6 ժամով։ Սա հիմնական կանոնէն որոշ բացառութիւններ պայմանաւորուած են այն հանգամանքով, որ արեւադարծային տարուայ ճշգրիտ տեւողութիւնը 365.25 օրերէ պակաս է: Գրիգորեան օրացոյցը հետեւեալ կերպ ձեւափոխած է Յուլիոսեան օրացոյցի նահանջ տարուայ կարգը՝

Չորսի բաժնուող իւրաքանչիւր տարին նահանջ տարի է, բացառութեամբ ճշդօրէն 100-ի բաժնուող այն տարիներէն, որոնք 400-ի չեն բաժնուեր: Զորօրինակ, 1700, 1800 եւ 1900 թուականները նահանջ չէին, սակայն 1600-ը եւ 2000-ը նահանջ էին:

Իւրաքանչիւր չորս հարիւրամեակներուն, չորս տարին մեկ նահանջ օրուայ աւելացումէն կուտակուած սխալը կը պարունակէ երեք լրացուցիչ օր: Գրիգորեան օրացոյցը, հետեւաբար, կ'աւելցնէ երեք նահանջ օրեր 400 տարուան մեկ: Ասիկա կ'ըրուէ Փետրուար 29-ը հանելով դարագլխի թուականներէն (100-ի բաժնուող), որոնք 400-ի չեն բաժնուեր 1600, 2000 եւ 2400 թուականները նահանջ են, երբ 1700, 1800, 1900, 2100, 2200 եւ 2300 թուականները սովորական են Սա կանոնով, տարուան մէջ աւելացուող օրերու քանակն է 365 + Կաղապար:Frac − Կաղապար:Frac + Կաղապար:Frac = 365.2425.։ Կանոնը կրնայ կիրառուել Գրիգորեան բարեփոխումներէն առաջուայ թուականներուն համար։ Ըստ Գրիգորեան օրացոյցի նահանջ տարիներու տեւողութիւնը կը կրճատէր այնպէս, որ անիկա դառնայ 365.2425 օր (յուլիոսեան տարիէն 10.8 վայրկեանով պակաս պակաս), որը կը համապատասխաներ տարուայ իրական տեւողութեանը, այնպէս որ արդէն հազարամեակներու ընթացքին որեւէ փոփոխութեան կարիք չըլլար։ Ատիկա իրականացնելու համար առաջարկուեցաւ ամեն 400 տարուան մէջ ունենալ ոչ թէ 100, այլ՝ 97 նահանջ տարի։ Այսպիսով, 1700, 1800 եւ 1900 թուականները նահանջ տարիներ չէին, իսկ 1600-ը եւ 2000-ը նահանջ էին։ Նահանջ տարիներ պիտի չըլլան նաեւ 2100, 2200 եւ 2300 թուականները:

Ժողովրդական Աւանդոյթներ

Իռլանտայի եւ Բրիտանիոյ մէջ կայ աւանդոյթ, ըստ որու կինը կրնայ ամուսնութեան առաջարկ ընել միայն նահանջ տարիներուն։ Ենթադրաբար, Սկովտիոյ թագուհի Մարկրեթի 1288 օրենքով առաջարկը մերժող տղամարդու փոխհատուցումը կը կազմէ մեկ զոյգ ձեռնոց, մեկ հատիկ վարդ եւ մեկ համբոյր։

Ֆինլանտային մէջ, եթէ նահանջ տարուան տղամարդը մերժէ կնոջ առաջարկը, ան պարտաւոր է գնել զգեստի կտոր:

Յունաստանին մէջ նահանջ տարուան ամուսնութիւնը կը համարուի անյաջող:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Նահանջ Տարի Անուան ՍտուգաբանութիւնՆահանջ Տարի ՊատմութիւնՆահանջ Տարի Ժողովրդական ԱւանդոյթներՆահանջ Տարի ԾանօթագրութիւններՆահանջ ՏարիՓետրուար

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԿարինԻնտրաՔաղաքավարութեան ՎնասներըՏիեզերքՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՎազգէն Ա.Լեւոն (անձնանուն)ԻրլանտաՊաղտասար ԱղբարԼիլիթՀռիփսիմեանց ԿոյսերՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)ԵՈՒՆԵՍՔՕՈրսորդութիւն1967 թուականԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)ՁիԵուրի ՆաւոյեանԳրական երկի լեզուՅովհաննէս Գ. ՕձնեցիԻնտոնեզիաՎահան Մանուէլեան (Տողրամաճեան)Հոլոքոսթ1934ՄԱԿԶինկՆշենիՎլատիմիր ՓութինԳրիգոր ԶօհրապՀայկանուշ ՄարքԿոնստանդին ՕրբէլեանՆաֆթՏիթրոյթԹովմաս Աճէմեան83 (թիւ)Միլիոնատէրը Ետնախորշէն24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Սեպիլի ՊարտէզԱղեքսանտրիաՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալՏապլինԿարօ ՄեհեանՔարլես ՓուճտեմոնԿոստան ԶարեանԱմսթերտամԱնանիա Շիրակացի1837 թուականԱրաբերէնՉարլզ Պիքֆորտ1991 թուականՊօղոս ՃէլալեանԵրուսաղէմԼեւ ՏյոմինԿողբՀին ԵրեւանՄուրացանՀոկտեմբերՊուլկարիաՔրիսթոֆըր ՔոլոմպոսԶաքինթօԾերենցՄետաքսի ՃանապարհՊարսից ԾոցԴրայտընդՎարդան ԱյգեկցիԻններորդ ԱլիքՈւիքիփետիաՄեհեան🡆 More