Դրայտընդ

Դրայտընդ բալիստիկ հրթիռ է, սուզանաւերէն արձակուող բալիստիկ հրթիռ է, պարտրաստուած է իրակացնելու բազմաթիւ յարձակումներ՝ տարբեր տեղեր միաժամանակ։ Անոր արձակումը ջուրին տակէն կ'ըլլայ եւ զինուած է միջուկային մարտագլխիկներով եւ կ'արձակուի ադոմական ուժով շարժող սուզանաւերէն։ Իսկ Օհայօ դասի սուզանաւերը, որոնք կը պատկանին ԱՄՆ-ի ռազմանաւային ուժերուն կը շալկեն 14 հատ Դրայտընդ հրթիռ, իսկ Մեծ Բրիտանիայի թագաւորական ռազմանաւային ուժերուն պատկանող Վանկարդ դասի սուզանաւերը կը շալկեն 4 հատ Դրայտընդ հրթիռ։ Հրթիռի նախագծողը եւ արտադրողը Լոգհիտ Մարդինն ( Lockheed Martin) է:

Զարգացում

Դրայտընդ-I նախագծուեցաւ որպէս C-4, որ տարածուեցաւ եւ ծառայութեան մտաւ 1979-ին եւ ծառայութենէն ելաւ 2005-ին։ Նպատակն էր հասնիլ ամէնալաւ ծառայութեան ինչպէս Poseidon (C3) եւ իրեն օգնեց որ մնայ աւելի երկար ժամանակ ծառայութեան՝ իր սուզանաւերուն մէջ։

Դրայտընդ-II նախագծուեցաւ որպէս D-5: Նպատակն էր իր ճշգրտութիւնը աւելցնել եւ իր կեանքը երկարաձգել 30 տարի մինչեւ 2027 թ։

Դրայտընդ 
Դրայտընդ II D-5 հրթիռը խախտելու ատեն ջրի մակերեսը. ռազմանաւային սուզանաւ

Դրայտընդ հրթիռը տրուեցաւ Մեծ Բրիտանիային, Պոլարիս առեւտուրի պայմանագիրի համաձայն 1963-ին, որ փոխուեցաւ 1982-ին։ Մեծ Բրիտանիայի վարչապետը Մարկրիթ Թաչըրը (Margaret Thatcher) գրեց նախագահ Գարդըրի 10 Յուլիս 1980-ին թէ Մեծ Բրիտանիան կը պահանջէ Դրայտընդ-I հրթիռները ձեռք բերել։ Սակայն 1982-ին Թեդչըրը գրեց նախագահ Ռեկանին (Reagan) թէ Մեծ Բրիտանիան պէտք է ձեռք բերէ Դրայտընդ-II, պայմանագիրի համաձայն Մեծ Բրիտանիան վճարեց 5% ընդհանուր գումարէն 2,5 միլիար տոլար ԱՄՆ կառավարութեան, որպէս հետազօտութիւններու եւ զարգացման վճարում։

D-5 հրթիռի կեանքի երկարաձգման ծրագիր

2002-ին ԱՄՆ-ի ռազմանաւային ուժերը որոշեցին երկարաձգել սուզանաւերու եւ հրթիռներու կեանքը ամէնէն աժան ձեւով. ծրագիրը կոչուեցաւ (D5LEP) եւ որուն նպատակը փոխել էր հին բաղադրիչները նոր բաղադրիչներով, բայց նոյն ժամանակ պահպանելով կարողութիւնները։

Այնուհետեւ Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Թոնի Պլերը (Tony Blair) , ըսաւ թէ հարցը պէտք է լիովին քննարկուի Խորհրդարանի մէջ որոշում առնելէ առաջ։

4 Դեկտեմբեր 2006-ին Պլերը յայտարարեց, թէ նոր սուզանաւեր պիտի արտադրուին եւ Դրայտընդ հրթիռները պիտի միանան D5LE ծրագիրին։

D-5 առաջին փորձի թռիչքին մէջ փորձուեցաւ առաջնորդութեան համակարգը, որ կոչուեցաւ MK6, իսկ փորձի գործունէութեան անունն էր «Demonstration and Shakedown Operation (DASO)-23» եւ հրթիռները տեղաւորուեցան USS Tennessee (SSBN-734) 22 Փետրուար 2012-ին եւ այս փորձը եղաւ ճիշդ 22 տարի Դրայտընդ-II ի առաջին արձակումը 22 Փետրուար 1990-ին։

Նկարագրութիւն

Դրայտընդը կ՝արձակուի ջուրի մէջէն: Հրթիռը կը տեղաւորուի սուզանաւի յատուկ խողովակներու մէջ եւ արձակումը կը կատարուի: Երբ հրթիռի շարժիչի տակ գտնուող առանձին պայթուցիկները պայթին եւ Տիտանէ պատրաստուած վառելանիւթերը այրին ու շոգիի համակարգի մէջ գտնուող ջուրը շոգիանայ եւ ստեղծէ մեծ ճնշում: Այս ճնշումը բաւարար է որ այդ մեծ հրթիռը ջուրէն դուրս հանէ եւ հրթիռը ճնշուած ըլլայ Ազոթով, որպէսզի կաթիլ մը ջուր հրթիռի մէջ չմտնէ կամ հրթիռին վրայ ծանրութիւն չաւելցնէ, իսկ երբ հրթիռի մէջ գտնուող զգացական համակարգերը իմանան, որ հրթիռը արդէն ջուրէն դուրս ելաւ, համակարգը կ'աշխատցնէ առաջին հրթիռային շարժիչը եւ երկու վայրկեանի մէջ հրթիռին արագութիւնը կը հասնի 6000 Մ/մէկ երկվայրկեանի մէջ կամ 216000 Քմ/Ժ։

Դրայտընդ 
Դրայտընդ առաջին Փորձի ժամանակ 18 Յունուար 1977-ին

Հրթիռը կը հասնի ժամանակաւոր ցած բարձրութեան ուղեգիծի վրայ արձակումէն քանի մը վայրկեան վերջ: Այս հրթիռին առաջնորդութեան համակարգը զարգացուեցաւ (Charles Stark Draper Laboratory)ի մէջ։ Առաջնորդութեան համակարգը կը կոչուի Inertial Guidance System, իսկ աջակցող համակարգին անունն է Star-Sighting, որ կը գործածուի պզտիկ սխալները ճշդելու եւ փորձերու ժամանակ կը գործածուի GPS-ը։

(Դրայտընդ) Trident I (C4) UGM-96a

Առաջին 8 Ohio սուզանաւերը կառուցուեցան Դրայտընդ-I հրթիռի համար, իսկ յետոյ երբ 12 SSBNs բարելաւումը եղաւ եւ կոչուեցան James Madison եւ Benjamin Franklin տեսակի, որպէսզի փոխարինեն Poseidon հրթիռները։

(Դրայտընդ) Trident II (D5) UGM-133A

Երկրորդ տարբերակը Դրայտընդ աւելի բարդ է եւ կրնայ շալկել աւելի ծանր մարտագլխիկներ։ Այդ ճշգրիտ է որ կրնայ իրականացնել առաջին հարուած եւ թշնամիին ուժերը քանդել կամ երկրորդ յարձակման զէնք։

Դրայտընդի երկրորդ եւ երրորդ ամբողջ մասը պատրաստուած է Գարպոնէ եւ այսպէսով հրթիռին կշիռքը շատ կը թեթեւնայ։ Դրայտընդի բնօրինակը նախագծուած էր թագաւորական ռազմանաւային ուժերու պատկանող Vanguard դասի եւ ԱՄՆ-ի ռազմանաւային ուժերու պատկանող Ohio տեսակի սուզանաւերու համար, իսկ 14 հատ D5 հրթիռը տեղաւորուեցաւ Ohio դասի սուզանաւերու մէջ եւ 4 հատ թագաւորական ռազմանաւային ուժերու պատկանող Vanguard դասի սուզանաւերու համար։ Ըստ Lockheed Martin ընկերութեան, ընկերութիւնը կատարեց 142 հատ փորձ 1989 թուականին։

Օգտագործողներ

Դրայտընդ  ԱՄՆ

Դրայտընդ  Մեծ Բրիտանիա

Tags:

Դրայտընդ ԶարգացումԴրայտընդ ՆկարագրութիւնԴրայտընդ ՕգտագործողներԴրայտընդՋուրՍուզանաւ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Պորտու1914 թուականԱնտառԲարսեղ ԿանաչեանԾառԲիւզանդական ԿայսրութիւնՄոլտովաՎլատիմիր ՓութինՌոպերթ ՓաուըլԽորհրդային Միութեան դրօշակ1991 թուականՈւինսթըն ՉըրչիլՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնԱնիԱռած եւ ԱսացուածքԱրարատ (Լեռ)Թոմն ու Ճերին13 Մարտ17 ՄայիսԹել ԱւիւՍէուտական ԱրաբիաՓուազօնի ՀաւասարութիւնՊան Քի ՄունՎարդան ՄամիկոնեանՍեւան ՏէյիրմենճեանԱֆղանիստան1948 թուական4 ՄայիսՍեւանավանքՓիլիսոփայութիւն1885 թուականՍեբաստիաԱնգլիական Այգի (Երեւան)ԿոռներէնՅովհաննէս ԱդամեանԶեւս1943 թուականՃոն ՔենետիԳուրգէն (անձնանուն)Աւստրալիա1905 թուական1630 թուականՍտեփան ԱղաճանեանԵմէն1957 թուականԼոյսՆԱՍԱԵրկուշաբթիԿոմիտաս ՎարդապետՆոյԶարուհի Գալեմքեարեան17 ՀոկտեմբերՄոնրէալ1728 թուականՈսկորԱթէնքԵլեկտրականութիւնԽամսայի ՄելիքութիւններըՆիւթԶապէլ ԱսատուրՆիքոլա ՍարքոզիՀայոց ՊատմութիւնՄկրտիչ ԽրիմեանՇիմոն ՓերեսՄակդիրՄատրիտԵրկվայրկեանՆորավանքՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)🡆 More