Իլան Ռիվ Մասք (անգլ.՝ Elon Reeve Musk (EE-lon), ծնած 28 Յունիս, 1971) առեւտրական, եւ երկրաչափ է: Ան հիմնադիրն ու տնօրէնն է SpaceX ընկերութեան, տնօրէնը՝ Tesla, Inc.
ընկերութեան, հիմնադիրը՝ The Boring Company ընկերութեան, համահիմնադիրը Neuralink ընկերութեան, եւ համահիմնադիրն ու առաջին համա-ատենապետը՝ OpenAI ընկերութեան: Միլիարատէր, Մասքը աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկն է:
Մասք ծնած է Գանատացի մօր մը եւ Հարաւային Ափրիկեցի հօր մը, եւ մեծցած է Փրէթորիա, Հարաւային Ափրիկիոյ մէջ: Ան կարճ ժամանակամիջոցի մը համար յաճախած է Փրէթորիոյ Համալսարանը, որմէ ետք փոխադրուած է Գանատա 17 տարեկանին եւ յաճախած է Քուինզ Համալսարանը: Հոնկէ կը փոխադրուի Փէնսիլվէնիոյ Համալսարանը երկու տարի ետք, ուրկէ կը ստանայ երկու պսակաւոր վկայականներ տնտեսագիտութեան ու բնագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Կը փոխադրուի Քալիֆորնիա 1995 թուականին յաճախելու Սթանֆըրտ Համալսարան բայց կ'որոշէ առեւտրական ասպարեզին մէջ նետուիլ, համահիմնելով Zip2 ընկերութիւնը իր եղբօր Քիմպըլին հետ, որ կը ծախեն Compaq ընկերութեան $307 միլիոն ԱՄՆ տոլարի արժողութեամբ 1999 թուականին: Մասք նաեւ կը համահիմնէ առցանց X.com դրամատունը նոյն տարուան մէջ, որ կը միացուի Confinity ընկերութեան հետ 2000 թուականին, կազմելով հանրածանօթ PayPal ընկերութիւնը, որ 2002 թուականին կը ծախեն eBay ընկերութեան $1.5 միլիար ԱՄՆ տոլարի:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Իլան Մասք, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.