Հրաբուխ, երկրաբանական կառուցուածք՝ երկրակեղեւին ճեղքերուն կամ խողովականման մղանցքներուն վրայ, որմով երկիրին ընդերքը գտնուող մակմայական օճախներէն պարբերաբար կամ անընդհատ կը ժայթքին (կամ ժայթքած են) լաւա, մոխիր, խարամ, այլ ապարներու (հանքերու) բեկորներ, շիկացած կազեր եւ գոլորշի։
Հրաբուխները կը ժայթքին Երկիրին ընդերքէն, հոն ուր ապարները շատ կը տաքնան եւ կը փոխակերպուին կազերով յագեցած մեծ ճնշման հրահեղուկ զանգուածի մը՝ մակմայի։ Մակման երկիրին խորքէն մեծ ուժով կը ճնշէ երկրակեղեւնի վրայ եւ, համեմատաբար անկայուն տեղամասերուն մէջ զայն ճեղքելով դէպի մակերեւոյթ կ'արտահոսէ։ Դուրս ժայթքած մակման կը սառի, կը կազազրկուի եւ կը վերածուի լաւայի։ Այն ուղին, որմով կը բարձրանայ մակման, կը կոչուի հրաբուխի մղանցք, որ կ'աւարտի ձագարաձեւ տեղամասով մը՝ խառնարանով։ Հրաբուխին խառնարանէն դուրս կը մղուին նաեւ հրաբխային փոշի, մոխիր, քարեր, կազեր, որոնց կուտակումը կը ձեւաւորէ հրաբխային լեռը։
Եթէ հրաբխային լեռը նախքան ժայթքիլը ձիւնածածկ ըլլայ, ապա շիկացած լաւան զանոնք կը հալեցնէ եւ ջուրը մոխիրին հետ խառնուելով, կը յառաջանան հզօր ցեխահոսքեր, որոնք մեծ արագութեամբ կը տարածուին լանջն ի վար։
Ըստ արտավիժած նիւթերու կուտակումներուն, կ'առանձնանան կեդրոնական եւ ճեղքային հրաբուխներ։ Ըստ կառուցուածքի բնոյթին գործունէութեան յարաբերականութեան, յաճախականութեան, տեւողութեան, արտավիժած նիւթերու կուտակումներուն, կազմին եւ ժայթքման առանձնայատկութիւններուն անոնք կը դասակարգուին՝
Մշտական կամ պարբերաբար աշխուժ հրաբուխները կը կոչուին գործող հրաբուխներ։ Այժմ երկիրին տարածքին կան աւելի քան 1300 գործող հրաբուխներ, ներառեալ՝ երկրագունդին մեծագոյն եւ յատկապէս ահարկու Աւաչինսքի (Avachinsky) եւ Քլիւչեւսքայա սոփքա (Klyuchevskaya Sopka) հրաբուխները Ռուսիոյ Քամչաթքա թերակղզիին մէջ, Վեզուվը՝ Իտալիոյ մէջ, Հեքլան (Hekla)՝ Իսլանտայի մէջ, Ֆուծիյաման (Fuji)՝ Ճափոնի մէջ, Քրաքաթաու Krakatoa՝ Ինտոնեզիոյ մէջ, Օրիզապան (Pico de Orizaba)՝ Մեքսիքոյ մէջ, Մաունա Լոան (Mauna Loa)՝ Հաուայեան կղզիներուն մէջ եւ այլն։
Գործող հրաբուխներ կան ոչ միայն երկիրին մակերեւոյթին, այլեւ՝ ովկիանոսներու եւ ծովերու յատակին (Submarine volcano)։ Անոնց ժայթքման ընթացքին ովկիանոսին ջուրերը հրաբուխի խառնարանին վրայ կը սկսին ալեկոծիլ, եռալ ու փրփրիլ։ Ստորջրեայ ժայթքումէն յառաջացած նիւթերը կուտակուելով դուրս կու գան ջուրի մակերեւոյթ եւ կը գոյացնեն կղզիներ, օրինակ՝ Քուրիլեան եւ Հաուայեան կղզիները։
Գործող հրաբուխներու տարածման շրջաններու մէջ յաճախ կը հանդիպին պարբերաբար տաք ջուր եւ գոլորշի շատրուանող աղբիւրներ, որոնք «կէյզըրներ» կը կոչուին ։
Այն հրաբուխները, որոնք երկար ատեն չգործելով կը պահպանեն իրենց ձեւն ու կառուցուածքը, կը համարուին «հանգած» հրաբուխներ, որոնցմէ են՝ Էլպրուսը՝ (Mount Elbrus) Ռուսիա, Քազպեքը (Kazbek)՝ Կովկասեան լեռներուն վրայ, Վրաստան, Մեծ ու Փոքր Մասիսները՝ Հայկական լեռնաշխարհ։
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ կան նշուած բոլոր տեսակներու աւելի քան 1000 հրաբուխ։ Անոնցմէ գործող են Նեմրութ եւ Թոնդրակ բազմածին բարդ հրաբուխները, որոնց խառնարաններուն մէջ կը շարունակուին ծծումբային կազերու եւ տաք գոլորշիի արտավիժումները։ Պայմանականօրէն գործող կը համարուին նաեւ Մասիսը եւ Վայոց սարը։ 189-ին եւ 341-ին Մասիսի եւ Է. դարուն Վայոց սարի գործելուն մասին կան գրաւոր յիշատակութիւններ (Յակոբ Մծբնացի, Ստեփանոս Օրբելեան)։ Բազմածին, կեդրոնական եւ շերտաւոր հրաբուխներ են Մասիսը, Արագածը, Սիփանը, Նեմրութը, Իշխանասարը եւ Արայի լեռը։ Բազմածին ճեղքային հրաբուխ են Ջաւախքի եւ Գեղամայ հրաբխային լեռները։ ՀՀ բազմածին կեդրոնական եւ ճեղքային հրաբուխներու լանջերուն ամէնուր տարածուած են միածին եւ կեդրոնական խարամային հրաբուխներ։ ՀՀ տարածքին կան աւելի քան 500 «հանգած» հրաբուխներ, որոնցմէ ամէնէն մեծը Արագած լեռն է։ Հրաբուխներու ժայթքումը մեծ արհաւիրքներ կը պատճառէ. հրաբոսոր գետը ամէն ինչ կ'այրէ իր ճամբուն վրայ։ Ժայթքման վայրէն հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու ալ դեռ օրեր շարունակ գետին կը թափի քամիէն քշուած մոխիրը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Հրաբուխ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.