Արայի Լեռ

Արայի լեռ, հանգած հրաբուխ Հայաստանի Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզերու սահմանագօտիին վրայ, Արագածէն հարաւ–արեւելք, Քասաղ եւ Հրազդան գետերու միջեւ։ Արայի լեռը վերին երրորդական ժամանակաշրջանին հանգած հրաբուխ է։ Բարձրութիւնը 2577 մեթր է։ Կլիման ցամաքային է, տեղումները՝ 300-400 մ.: Հիւսիսային լանջին կը հանդիպին կաղնիի նօսր պուրակներ ու թփուտներ։ Արայի լերան վրայ կը գտնուի Ծաղկեվանքը։ Ըստ հայկական աւանդութեան, լեռը այդպէս կոչուած է ի յիշատակ առասպելական Արա Գեղեցիկին, որ Շամիրամի դէմ կռուելու համար իր զօրքերը տեղաւորած էր այս լերան ստորոտին մէջ։

Արայի լեռ
Արայի Լեռ
Տեսակ Հրաբուխ եւ Լեռ
Երկիր Արայի Լեռ Հայաստան
Վարչատարածքային միաւոր Կոտայքի մարզ եւ Արագածոտն
Լեռնաշղթայ Հայկական Լեռնաշխարհ
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 2577 մեթր

Անուան ծագում

Արայի լերան անունը եկած է հայ դիցաբանական աստծոյ՝ Արա Գեղեցիկի անունէն, քանի որ լերան գագաթները հեռուէն (օր.՝ Երեւանէն) նայելով՝ կը նմանին պառկած մարդու մը՝ Արային: Հայկական դիցաբանութեան համաձայն լերան ներքեւի դաշտին մէջ Արան կը ճակատամարտի Ասորեստանի սէր տենչացող թագուհիին՝ Շամիրամի հետ։ Նոյն վայրին մէջ ան սիրահարուած էր իր կնոջ՝ Նուարդին, որուն սիրոյն հաւատարիմ մնացած էր հայոց թագաւորը:

Արայի արեւաշաղախ մարմինը Նինոս արքայի հեշտասէր այրիին՝ Շամիրամի հրամանով, դրած են ժայռախորշին մէջ, որ արալէզները կենդանացնեն զինք։ Արայի լերան փէշին գտնուող Եղուարդ քաղաքի բնակիչները Արայի քիթը ներկայացնող գագաթնաքարը անուանած են Աքլորաքար, քանի որ ան լերան ամենաբարձր գագաթն է։

Տեղադրութիւն

Արայի լեռը կը գտնուի Հայաստանի Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ, մայրաքաղաք Երեւանէն 33 քմ. հիւսիս, Երեւան-Գիւմրի ճամբուն աջ կողմը։ Մօտակայ բնակավայրերէն են՝ Նոր Երզնկա, Զօրաւան, Սարալանջ, Երնջատափ, Հարթաւան, Արտաշաւան, Սաղմոսավանք, Հովհաննավանք, Արփին եւ Մուղնի գիւղերն ու Եղուարդ քաղաքը։ Լերան արեւմտեան լանջի ստորոտը կը գտնուի «Դեմիրճեան խնձորի» այգիները։ Արեւմուտքէն սահմանակից է Քասաղ գետի կիրճին։

Բնաշխարհ

Բուսականութիւն

Արայի լեռը միւս լեռնաշղթաներուն հետ համեմատելով մեկուսի լեռ մըն է: Ան կը պարունակէ բնաշխարհի հարուստ գեղեցիկ աւազան։

Լերան վրայ կ'աճին 650 տեսակ անօթային բոյսեր, որոնք Հայաստանի բուսականութեան 20%-ը կը կազմեն:

Այս փոքր տարածքին մէջ կարելի է տեսնել Հայաստանի բուսականութեան գլխաւոր տիպերը՝ կիսանապատ, տափաստան, մարգագետնային տափաստան, անտառ եւ մարգագետին, բարձր խոտազգի մասեր, ժայռի եւ թմբի բուսականութիւն եւ տափաստանի թփուտներ։

Կենդանական աշխարհ

Արա լերան տարածքը հարուստ է կենդանական աշխարհով: Այստեղ կը բնակին բազմաթիւ թռչնատեսակներ, սողուններ, կրծողներ, ինչպէս նաեւ արջեր, գայլեր, աղուէսներ եւայլն:

Պատահարներ

Արա լերան վրայ ամառնային բաւականին տաք եղանակային պայմաններուն հետեւանքով երբեմն կը յառաջանայ հրդեհներ:

Հակառակ որ լեռնագնացութեան տեսակէտէն Արա լեռը դիւրին յաղթահարելի բարձունք է՝ այնուամենայնիւ ան երբեմն տհաճ անակնկալներ կը մատուցէ:

2018 թուականի պատահարներ

28 Յունուար 2018-ի կէսօրին, հայ լեռնագնացներու խումբը բարձունքէն իջած պահուն գտնուած է խառնարանէն դէպի Ծաղկեվանք սրբատեղի տանող ժայռապատ սարալանջին տեղի ունեցած ձիւնահոսքի տարածքին մէջ: Համաձայն ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յայտարարած տեղեկութիւններուն, քաղաքացի մը կորսուելու եւ մէկ այլ լեռնագնացի վնասուելու մասին ահազանգ ստացած է ժամը 16:10-ին: Արայի լերան վրայ արշաւախումբը յայտնուած է ձիւնաբուքի մէջ. եղած է մէկ զոհ:Արայի լերան վրայ կորսուած 22-ամեայ Հրաչեայ Յարութիւնեանը ստացած է մարմնական վնասուածքներ, քաղաքացիներէն մէկը՝ որ կենդանութեան նշաններ ցոյց չէ տուած. կան այլ տուժածներ եւս: Աւելի ուշ պատահարներուն մասին հաղորդագրութիւններ տարածող լրատուամիջոցի հրապարակումին համաձայն, խումբը կազմուած է 18 անձերէ, որոնցմէ 36-ամեայ Նայիրուհի Սիմոնեանը ձիւնահոսքի հետեւանքով զոհուած է, իսկ 38-ամեայ էտկար Նաւասարդեան մահացած. 18 հոգիէ բաղկացած արշաւախումբը յայտնուելով ձիւնաբուքի տակ. ունեցած է 1 զոհ, եւ 1 վիրաւոր:

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Արայի Լեռ Անուան ծագումԱրայի Լեռ ՏեղադրութիւնԱրայի Լեռ ԲնաշխարհԱրայի Լեռ ՊատահարներԱրայի Լեռ ՊատկերասրահԱրայի Լեռ ԾանօթագրութիւններԱրայի Լեռ Արտաքին յղումներԱրայի ԼեռԱրա ԳեղեցիկԱրագածԿոտայքի մարզՀայաստանՀրազդան գետ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՄոնաքօԼուվրՄաքս ՄաքսուտեանՄիքի ՄաուսԹովմաս ԱճէմեանԹորոս ԹորամանեանՊղինձՌաքքա ՆահանգՄովսէս ԽորենացիՀռիփսիմեանց ԿոյսերԲագին (գրական հանդէս)Սեւ ԾովԱբիսողոմ աղաԿոմիտաս Վարդապետ2015ԱստուածաշունչԶահրատՇուշիի Հռիփսիմեան Օրիորդաց Միջնակարգ Դպրոց«Աշոտ Երկաթ» ՊատմավէպՔարեղէն ՀամանուագՏիթրոյթՄարսէյլՃշմարտութիւնԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՔաղաքավարութեան ՎնասներըՊոսթընՄարիա ՃէյքըպսընՅակոբ ՄնձուրիԴեղնախտՅովհաննէս Գ. ՕձնեցիԿապրիէլ Կարսիա ՄարքեզՄանուէլ Մենենկիչեան1837 թուականՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)Եւկենիա ՄետվետեւաՍքոթլանտաՎասպուրականԹռչնակրիփՄխիթար ՀերացիՍարատովՔարահունջԻրաքլիա Սինտիքի1922 թուականՄիխայիլ ՍահակաշվիլիԱւստրիաՍքիմնոս ՀիոսցինԼատինական կայսրութիւնՇուշիի Ազատագրումը (1992)Հայոց ՑեղասպանութիւնՆեմեսիսի ԳործողութիւնՀաագա1986 թուականՊաալպէքԼինուքսԽաչապուրիԽանումաՓաթրիք ՏէվէճեանՖրանսաԱշոտ Ա. ԲագրատունիՔորթնի ՔոքսՔաթար1850 թուականԲնութիւնՈրսորդութիւն🡆 More