Սկովտիա

Սկովտիա (անգլերէն՝ Scotland, ), Մեծն Բրիտանիոյ վարչաքաղաքական մաս։ Մեծն Բրիտանիոյ կղզիին հիւսիսային մասը կը գրաւէ։

Սկովտիոյ մայրաքաղաքն է՝ Էտինպըրկ:

Սկովտիա իր անկախութիւնը կը ստանայ 1314-ին, երբ Ռոպըրթ Պրիւս պարտութեան կը մատնէ անգլիական բանակը՝ Պաննոքպըրնի (Bannockburn) ճակատամարտին։

Սկովտիոյ թագաւորութիւնը անկախ պետութիւն կը մնայ մինչեւ 1 Մայիս 1707, որմէ ետք կը միանայ Անգլիոյ՝ ստեղծելով Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութիւնը։ 1707-էն ետք առաջին անգամ 1 Յուլիս 1999-ին Սկովտիոյ մէջ կրկին կը ձեւաւորուի անկախ խորհրդարան։

Պատմութիւն

Սկովտիա 

Ք.Ա. առաջ առաջին հարիւրամեակներուն ընթացքին, Սկովտիոյ տարածքին կը սկսին բնակութիւն հաստատել Քելթական ցեղեր (Celts), ինչպէս՝ Փիքթերը (Picts), իսկ Ք.Ա.․ 5-րդ դարու վերջը եւ 6-րդ դարու սկիզբը՝ սքոթները (հոսկէ ալ՝ Սքոթլանտայի անուանումը, բառացի՝ սքոթներու երկիր, հայերէնով' Սկովտիա)։ Բրիտանիոյ՝ անկլոսաքսոնական նուաճումներու (Ե.-Զ. դարեր) ժամանակաշրջանին բրիտանացիներուն զգալի մէկ մասը կը քշուի Սկովտիա։

Է. դարուն Սկովտիա կը ներխուժեն անգլերը։ Զ. դարուն մէջ կը տարածուի քրիստոնէութիւնը, որ կը նպաստէ աւատապետութեան զարգացման, կը ծագին առաջին պետական կազմաւորումները։

ԺԱ. դարուն կը ձեւաւորուի Սկովտիոյ թագաւորութիւնը։ ԺԳ. դարու վերջաւորութեան, Անգլիա քանիցս կը փորձէ Սկովտիան իրեն ենթարկել, բայց կը հանդիպի սկովտացիներուն դիմադրութեան (անկախութեան պատերազմ 1296-1314)։ 1314-ին Պաննոքպեռնի մօտերը սկովտացիները կը ջախջախեն անգլիական բանակը։ ԺԶ. դարու կիսուն, բարեկարգման ընթացքին, կը ստեղծուի երիցական եկեղեցին։ ԺԶ. դարուն կը սկսին յայտնուիլ դրամատիրական յարաբերութիւններ։

Սկովտիա 

1707-ին Սկովտիա ամբողջութեամբ կը միանայ Անգլիոյ (եւ միացեալ թագաւորութիւնը կը կոչուի Մեծն Բրիտանիա)։

Սկովտիոյ խորհրդարանը (ձեւաւորուած ԺԴ. դարուն) կը ցրուի, բայց Սկովտիա իրաւունք կը ստանայ ներկայացուցիչներ ունենալ անգլիական խորհրդարանին մէջ եւ պահպանել ինքնավար եկեղեցին։

Ի.Ա. դարուն, կը զարգանայ բանուորական շարժումը: 1888-ին կը հիմնուի Սկովտիոյ բանուորական կուսակցութիւնը (ՍԲԿ), որ 1893-ին մուտք կը գործէ Անկախ բանուորական կուսակցութեան կազմին մէջ։

Աշխարհագրութիւն եւ բնութիւն

Տարածութիւնը 78,7 հազար քմ² է, բնակչութիւնը 5,2 մլն (1974), գլխաւորաբար՝ սկովտացիներ։ Տարածքին կը գերիշխեն բարձրութիւններն ու լեռները՝ Հիւսիս-Սկովտիական բարձրավանդակը (Պեն Նեիս լեռ, 1343 մ, ամենաբարձրը՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ), հարաւ-Սկովտիական բարձրութիւնը։ Անոնց միջեւ ինկած է Միջին Սկովտիական դաշտավայրը։

Տնտեսական առումով կ'առանձնանան խիտ բնակելի, յատկապէս գործարանային, Միջին Սկովտիական դաշտավայրի եւ նոսր բնակելի, հարաւ-Սկովտիական բարձրութեան ու Հիւսիս- Սկովտիական բարձրավանդակի շրջանները։

Հիմնական արդիւնաբերութեան ճիւղերն են ածուխի արտահանումը, ալիւմինումի արդիւնաբերութիւնը, նաւաշինութիւնը (բրիտանական բոլոր նաւերուն 1/3-ը), ելեկտրոնային սարքերու ստեղծումը եւ արտադրութիւնը, ժամացոյցներու արտադրութիւնը, սնունդի եւ թուղթի արտադրութիւնը, եւ այլն։ Սկովտիական արեւելեան ափերուն մօտակայքը՝ 1960-1970 թուականներուն սկսած է նաւթի հանոյթը։ Գիւղատնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ անասնապահութիւնը։ Ծովափնեայ եւ Միջին Սկովտիական դաշտավայրերուն մէջ անասնապահութիւնը կը զուգակցի դաշտավարութեան (գարիի, ցորենի եւ գետնախնձորի մշակում) հետ։

Կլիմայ

Կլիման բարեխառն ովկիանոսային է։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը Էտինպըրկի մէջ 3,4 °C է, Յուլիսինը՝ 14,4 °C, տարեկան տեղումները՝ 700 (արեւելքի մէջ)-2000 (արեւմուտքի մէջ) մմ։ Ունի գետերու խիտ ցանց մը, հարուստ է լիճերով՝ Լոխ Լոմոնտ (Լoch lomond), Լոխ Նես եւ այլն։

Սկովտիա 
Լոխ Լոմոնտ լիճ
Սկովտիա 
Լոխ Նես լիճ

Բնակչութիւն

Սքոթլանտայի բնակիչները սքոթլանտացիներ են։

Լեզու եւ Դաւանանք

Պետական լեզուն անգլերէնն է, դաւանանքը՝ բողոքականութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Սկովտիա ՊատմութիւնՍկովտիա Աշխարհագրութիւն եւ բնութիւնՍկովտիա ԲնակչութիւնՍկովտիա ԾանօթագրութիւններՍկովտիաԱնգլերէնԱնգլիա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԽաչքարՆաթրիոնՀաղբատի ՎանքՀրազդան գետՔանատաԿենաց ԾառըԱնանիա ՇիրակացիԷմմա ՈւաթսընԱնդրանիկ ՕզանեանԿաթոլիկ եկեղեցիԳրիգոր Մագիստրոս ՊահլաւունիԱնուշքա ՇարմաՔամանչաԳլաձորի համալսարանՎենետիկԱրտեմիս (աստուածուհի)ՃարտարապետութիւնՇուշիի Ազատագրումը (1992)ՎարազդատՔարլես ՓուճտեմոնՊաղլեղածին (էլիւմինիըմ)8 ՅունուարԿարագՍինկափուրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին7 ՅունիսՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնԼիթուանիաՊարսելոնա ՈԱՀայաստանի Պարի Պետական ՀամոյթըՍեւ ԾովՖրանց ՎերֆելՀայկական ԴիցաբանութիւնՍ. Ղազար կղզիԿարօ Գէորգեան14 Ապրիլ1918Գէորգ ԷմինՀէրի Փոթըրը եւ Փիլիսոփայի Քարը (ֆիլմ)Ռոպէր ԿէտիկեանԿոմիտաս ՎարդապետԵղունգՌուսիաԼեւոն Բ.Երկիր11 ՀոկտեմբերՍ. Գէորգ զօրավարՏանիէլ Ռատքլիֆ302 (թիւ)ԼուսնթագՄեքսիքաԿոստան ԶարեանՈւղեղՎէպՈղբերգութիւն (թատրոնի ժանր)ԱղեքսանտրիաՀայոց ՑեղասպանութիւնԻսիտոր ՍեւիլիացիՓղոսկրՖեռնան ՔոնթանտէնԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմԱքքայի Պաշարում (1799)Ալպերթ ԽաչատուրովՍելանիկ1882 թուականՆիւ ԵորքԿուրՕձերՈւքրանիա19 ՍեպտեմբերՆիտըրլենտԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)🡆 More