Քաապա

Քաապայի տաճար (արաբերէն՝ الكعبة‎), խորանարդաձեւ կառոյց Մեքքայի կեդրոնը, իսլամներու գլխաւոր սրբավայրը։ Վաղ ժամանակներէն սկսեալ ողջ աշխարհի իսլամները աղօթելու ատեն կ'ուղղուին դէպի Քաապա։ Ըստ իսլամներու՝ Քաապան Ալլահին առաջին տունն է, որ կը խորհրդանշէ իսլամներու միասնութիւնը.

իսլամները դէպի Մեքքա կ'ուղղեն իրենց սիրտերն ու մարմինները։

Քաապա
Քաապայի յատակագիծը

Ի սկզբանէ եղած է հեթանոսական տաճար, ուր գոյութիւն ունեցած են արաբական տարբեր կուռքեր։ Մուհամմէտ մարգարէին՝ Մեքքայէն Մատինա (Եասրիպ) փախուստի ժամանակաշրջանին՝ 622, իսլամները աղօթելու ատեն կ'ուղղուէին Երուսաղէմ, իսկ Մեքքայի ազատագրումէն ետք՝ Քաապա։

Պատմութիւն

Ըստ Աւանդութեան՝ երբ կը ծնի Աբրահամի եւ Հաժարի որդի Իսմայիլը, Աբրահամի միւս կինը՝ Սառան, կը նախանձի ու ու Աբրահամէն կը խնդրէ, որ զիրենք հեռու տեղ մը ուղարկէ։ Այն ատեն ամենազօր Ալլահ (Աստուած) կը լուսաւորէ Աբրահամի միտքը (արաբերէն՝ Իպրահիմ), որ ան զիրենք տանի Մեքքա, ուր մերթ ընդ մերթ կ'այցելէր զիրենք։

Օր մը, Աբրահամ կը տեսնէ, թէ Իսմայիլ նետեր կ'արձակէր Զամզամ աղբիւրին մօտակայքը։ Ան կ'ըսէ, թէ Ալլահ հրամայած է, որ հոն տուն մը կառուցուի։

Այսպիսով՝ Աբրահամ եւ Իսմայիլ կը կառուցեն Ալլահին Տան պատերը։

Մէկ այլ աւանդութեան համաձայն՝ Քաապան կառուցած էր Ադամը, իսկ Աբրահամն ու Իսմայիլը միայն վերակառուցած են զայն։ Կը պատմուի նաեւ, որ քարերը ուղարկուած են դրախտէն եւ անոնց գոյնը ձիւնի պէս սպիտակ եղած է, սակայն մարդոց մեղքերը զանոնք սեւցուցած են:

Ծանօթագրութիւն

Tags:

ԱրաբերէնՄեքքա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՔիշնեւԻրանՆաւՊզուկՍոնա ՍէֆէրեանԱնիՀայկական Յաւերժութեան ՆշանՌուբէն (անձնանուն)Վազգէն ԱնդրէասեանԽարբերդՌոպըրթ Տը ՆիրօԵւրատեսիլ Երգի Մրցոյթ 2016Անժելիք ՔիժօՀանրային Սեփականութեան ՕրԵՈՒՆԵՍՔՕԱրմէն ճամբար («Քամփ Արմէն», Պոլիս)Գէորգ Դ․ ԿոստանդնուպոլսեցիՔաթալոնիայի անկախութեան հռչակագիր (2017)Լեւոն ԱզարեանՋերմուկ (քաղաք)ՄամուլՍասանեան ՊարսկաստանՈւքրանիաՀայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն ՎարժարանՀեմպըրկըր (Hamburger)ԻնքնաթիռՔութպ ՄինարՔիքլատեսՔոֆի ԱնանԹորոս ՌոսլինՅոնիական կղզիներՉինական աւանդական բժշկութիւնԵրեւանՊանքոքՄառնէուլիՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Սիմէոն ՍիւնակեացԳիտութիւնԹարթառ գետԼինուքսՆոր ՏարիՇերոքի լեզուՇարճաԱյնճար10 ԴեկտեմբերՄայրերու ՕրՈտնագնդակ (Ֆութպոլ)Գրիգոր (անձնանուն)ՈրսորդութիւնՍելանիկՎիգէն ԶաքարեանԼոռի (մարզ)Քրիստափոր ՄիքայէլեանՀայրերու ՕրԱֆիոնքարահիսարի հայերըԱմառՔոքինիաՅովհաննԷս ՄասեհեանՇուշմայ8 ՆոյեմբերՀրազդան գետԶենոբ ԳլակՍեւ ԾովԵփրատ գետՀայերէնՏենիզ ՊիելմանՅարութիւն ՍելիմեանՎանական ՎարդապետՆեմրութՎիեննաՔինկսլի ՔոմէնԼեւոն ԿիւրեղեանՎազգէն Մուղալեան🡆 More