Համ

Համ, այն զգայութիւնը կամ տպաւորութիւնն է երբ կ'ունենանք ճաշելու ընթացքին: Համի զգայնութիւնը կը ստանանք հիմանակ լեզուի, աւելի նուազ չափով՝ քիմքի, կոկորդի եւ խռչափողի շնորհիւ:

Համ

Համի Զգայութիւն

Մարդ արարածը ունի համի չորս տարբեր զգայութիւններ՝ կծու, թթու, աղի եւ քաղցր: Համի զգայութիւնը գոյութիւն ունի լեզուի մակերեսին վրայ գտնուող պտկիկներու (papillae) շնորհիւ:

Լեզուն ունի չորս տարբեր լեզուապտկիկներ, որոնք են՝

  1. Սնկապտկիկներ (fungiform papillae). այս պտկիկները լեզուի առջեւի մասին վրայ կը գտնուին, եւ լեզուի 2/3 մակերեսը կը գրաւեն:
  2. Թերթապտկիկներ (foliate papillae). այս պտկիկներ կը գտնուին լեզուի յետսմասի երկու ծայրամասերուն վրայ.
  3. Շրջեզերեայ պտկիկներ (circumvallete papillae). այս պտկիկներ 8-12 հատ են եւ կը գտնուին լեզուի յետսմասի մէջտեղի մակերեսին վրայ.
  4. Թելապտիկներ (filform papillae). այս պտկիկներ կը տարաղուին ամբողջ լեզուի մակերեսին վրայ:

Վերոյիշեալ առաջին երեք խմբաւորումները իրենց մջ բազմաթիւ մանրապտկիկներ (buds) ունին, ինչ որ կը բացակայի թելապտկիկներու մէջ: Այս լեզուապտկիկները կը գրգռուին կերակուրներու մէջ գտնուող քիմիական հիւթերով եւ համի չորս զգայութիւններ կը փոխանցուին կարգ մը փջիջներու միջոցով դէպի ուղեղի համի զգայութեան կեդրոնը: Երբ լեզուապտկիկները յաճախ կը գրգռուին՝ համի չորս զգայութիւնները կը նուազին: Համի զգայութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ մարմինի սննդառութեան մէջ. անոր միջոցով անհատը կ՛ունենայ իր նախասիրած համով եւ անհամ ուտելիքները:

Պատկեր:IMG 2234.JPG
Լեզուն Բերանը բաց վիճակի մէջ

Համի Զգայութեան Խանգարում

Առողջ անձ մը, բնական պայմաններուշջ, իրարմէ կը զատորոշէ համի չորս զգայութիւնները. սակայն որոշ պատճառներով համի զգայութիւնը կը խանգարուի, կը տկարանայ եւ նոյնիսկ ամբողջովին կ'անհետանայ:

Պատճառներ

  1. Տեղայնական պատճառներ. լեզուի բորբոքումները եւ լեզուի զօրաւոր գրգռութիւնները կը վնասեն լեզուապտկիկները եւ այս պատճառով համի զգայութեան խանգարում կը յառաջանայ: Ծխախոտի երկարատեւ գործածութինը համի զգայութեան վնաս կրնայ յառաջացնել:
  2. Արտաքին պատճառներ. արտաքին պատճառներ կը համարուին օրինակ դէմքի անդամալուծութիւն (facial paralysis), լսողական ջիղի ուռեր (acoustic neuroma), լուսնոտութիւն (epilepsy), հոգեբանական որոշ հիւանդութիւններ, վահանագեղձի (thyroid gland) դանդաղ աշխատանք, շաքարախտ, հակախլիրդային դեղերու եւ Ք.ճառագայթի գործածութիւն: Այս պարագաներուն, հիւանդին համի զգայութիւնը կրնայ նուազիլ եւ խանգարուիլ: Հիւանդը կրնայ նաեւ ունենալ լեզուի ցաւ, այրուածք, բերնի չորութիւն եւ մետաղեայ համի զգայութիւն: Այս վերջին ախտանշանները առաւելաբար կը տեսնուին այն հիւանդներուն մօտ, որոնք զօրաւոր հականեխիչ հեղուկներ կը գործածեն բերնի եւ լինտի մաքրութեան համար, ինչպէս նաեւ խոռոչատապէ, քիթի եւ կոկորդի տարբեր բորբոքումներէ տառապողները:

Դարմանում

Համի զգայութեան խանգարումի ախտապատճառը գիտնալէ ետք դարմանումը կը դիւրանայ, սակայն կան պարագաներ երբ ախտապատճառը անկարելի կ'ըլլայ տգիտնալ եւ այս կացութեան մէջ դարմանումը կը դժուարանայ:

Բնական համի զգայութիւնը կախեալ է հոտառութենէն: Երբ հոտառութիւնը տկար է, այս պարագային համի զգայութիւնը դարձեալ կը տկարանայ: Այս երկու զգայարանքները միասին կը գործեն, եւ զգայութիւնները կը փոխանցեն ուղեղին՝ մեկնաբանելու համար:

Աղբիւր

Tags:

Համ ի ԶգայութիւնՀամ ի Զգայութեան ԽանգարումՀամ ԴարմանումՀամ ԱղբիւրՀամ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայկական Հզօր ԽմբակՎազգէն Սարգսեան Փողոց (Երեւան)ԱպրիլՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՌոպերթ ՓաուըլHarry Potter and The Goblet of FireԵրեւանԱղթամար կղզի1951 թուականՌիատԳէորգ Քհնյ. ՏօնաթոսեանՍիերա ԼէոնԿարտեսական Կասկած14 ՄայիսԵթովպիաԼիբանանԻսթանպուլՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր (Մոնթեպելլօ)ԷրզրումՊզուկԳուրգէն Մէլիքեան1943 թուականՈւքրանիաԱւստրալիաԱնթուան ՔեհեայեանՆոյ1934 թուականՎատիկան1848 թուականԾխախոտՉինական ՎարդՏիգրան ՉուհաճեանԱֆղանիստանՄեռեալ ԾովՎահան Տէրեան2001Կիրակոս Գանձակեցի9 ՄայիսԶապէլ ԱսատուրՍթիւ ՃոպզԻտալական խոհանոցԲաղէշՄեքքաՆաւՄարին ԼութերԲաբելոնԳինիՌուբէն (անձնանուն)1904 թուականԱկաթա ՔրիսթիԱզրպէյճանՔաթմանտուԱւստրիա1915 թուականԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՓինք Ֆլոիտ12 ՄարտՄարք Շակալ13 Մարտ1954 թուական1944 թուականԿէորկի ՔինքլաձէԹել ԱւիւԲեմագրութիւն1967 թուականԾաղկազարդԳոլեստան (Սաատի)Աբաս Ա. ԲագրատունիՌուսիոյ դրօշԻնթըրփօլ1922 թուականՍիֆնոսԼեզուաբանութիւնՎենետիկ🡆 More