Եւրոպական Խորհուրդ

Եւրոպական խորհուրդ, կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան 28 անդամ-երկիրներու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն ղեկավարը նախագահն է: Նիստերը կը գումարուին տարեկան չորս անգամ, որոնցմէ երկուքը՝ Յուլիսին, երկուքը՝ Դեկտեմբերին՝ Նախարարներու խորհուրդի իւրաքանչիւր փոխուող նախագահութեան վերջը: Վեհաժողովներուն նպատակը ԵՄ քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններու սահմանումն է արտաքին քաղաքականոութեան բնագաւառին մէջ: 2009-ին, երբ Լիզպոնի պայմանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ, Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական խորհուրդին փոխարէն հաշուետու կը դառնայ խորհրդարանին:

Եւրոպական Խորհուրդ
Եւրոպական Խորհուրդ
Եւրոպական Խորհուրդ
Տեսակ Միջազգային պետական կազմակերպութիւն
Երկիր Եւրոպական Խորհուրդ Ֆրանսա
Յապաւում CdE եւ CoE
Հիմնադրուած 5 Մայիս 1949[1]
Գլխադասային գրասենեակ Palace of Europe, Սթրասպուրկ
Պաշտ. լեզու(ներ) անգլերէն եւ Ֆրանսերէն
Կամաւորներ 46 երկիր
Կայքէջ coe.int

Պատմութիւն

Ծագում

1959-61 թուականներուն Ֆրանսայի նախագահ Շարլ տը Կոլ կը փափաքէր կրկին կիրարկել Եւրոպական տնտեսական համայնքին ազգային կառավարման ձեւը՝ կառուցուածքը աւելի ներխորհրդարանականի ձեւափոխելով: Առաջարկը շատ քիչ երկիրներու հաւանութեան կ'արժանանայ:

1961-ի վեհաժողովներ

10-11 Փետրուար 1961-ին, 6 անդամ-երկիրներու մասնակցութեամբ վեհաժողով մը կը գումարուի, որուն նպատակն էր աւելի ամուր քաղաքական համագործակցութեան ձեւի մը կիրարկման յստակեցումը: Ֆրանսայի առաջարկը քուէարկութեան կը դրուի: Իտալացիները կ'առաջարկեն Ֆուշէի կոմիտէ մը ստեղծել, որ անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումներուն համար առաջարկներ նախապատրաստէր: Երկրորդ վեհաժողովը կը գումարուի նոյն տարուան 19 Յուլիսին Պոնի մէջ: Ըստ արդիւնքներուն՝ անդամ-երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն ղեկավարները կ'որոշեն քաղաքական միութիւն մը հիմնել եւ այդ նպատակով պարբերաբար ժողովներ գումարել՝ միտքերու փոխանակման ու իրենց քաղաքականութիւններուն կարգաւորման նպատակով: Այս վեհաժողովէն ետք կը հիմնուի Ֆուշէի կոմիտէն:

Ֆուշէի կոմիտէին նախագիծերը

2 Նոյեմբեր 1961-ին կը ներկայացուի առաջին նախագիծը, ըստ որուն՝ անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններու ղեկավարներուն կ'առաջարկուի քաղաքական միութիւն մը ստեղծել, որուն շնորհիւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան, մշակութային, գիտական, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն ու հիմնարար ազատութիւններուն վերաբերեալ կը համագործակցէին իրարու հետ: Խորհուրդը պէտք էր տարեկան 4 անգամ նիստ գումարէր, իսկ լրացուցիչ նիստ պէտք էր գումարուէր մէկ անդամ-պետութեան պահանջով: Որոշումները պէտք էր ընդունուէին միաձայնութեամբ: 18 Յունուար 1962-ին կը ներկայացուի երկրորդ նախագիծը, որ կը ներառէր միջ-պետական քաղաքական միութեան նախագիծին մէջ եւրոպական միացման տնտեսական տեսակէտերը:

Պելճիքա, Իտալիա, Լիւքսամպուրկ ու Հոլանտա կը մերժեն այս առաջարկները՝ պատճառաբանելով, որ անոնք կը վատթարացնէին Համայնքներուն անդրազգային բնոյթը: 2 օր ետք, Ֆրանսայի հինգ գործընկերները կ'առաջարկեն նոր պայմանագիրի մը նախագիծը, ըստ որուն՝ Խորհուրդը պէտք էր ձեւաւորուէր անդամ-երկիրներու ներկայացուցիչներէ, իսկ որոշումները պէտք էր ընդունուէին միաձայնութեամբ:

1969-ի Հաագայի եւ 1972-ի Փարիզի վեհաժողովները

Յուլիս 1969-ին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Մորիս Շումանն համաժողով մը կազմակերպելու առաջարկով հանդէս կու գայ, որուն ընթացքին անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններուն ղեկավարները պէտք էր քննարկէին Համայնքներու ընդլայման վերաբերող խորացումը: Նոյն տարուան 12 Փետրուարին յանձնաժողովին հրապարակած յուշագիրին մէջ կը սահմանուէր, որ 1 եւ 2 Դեկտեմբերին Հաագայի մէջ Նախարարներու խորհուրդը պէտք էր աշխատէր տնտեսական ու նիւթական միութեան նախագիծի մը ուղղութեամբ: 19-էն 21 Հոկտեմբեր 1972 Եւրոպական խորհրդարանին նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմպիտուի աջակցութեամբ Փարիզի վեհաժողովը կը գումարուի:

1973-ի Քոփենհակընի վեհաժողով

2 Նոյեմբեր 1973-ին Դանիայի վարչապետ Անկեր Եորգենսեն, Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմպիտուէն նամակ ստանալէն ետք, վեհաժողով մը կը գումարէ: Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդին հանդիպման ընթացքին կը համաձայնին, որ անհրաժեշտ քաղաքական ազդակ տրուի՝ համայնքային կառոյցներուն խրթին հարցերուն վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու համար: Միակ որոշումն այն էր, որ անդամ-երկիրներուն կամ կառավարութիւններուն ղեկավարները պէտք էր աւելի յաճախ հանդիպէին:

Եւրոպական խորհուրդի հռչակում

1974-ին Եւրոպական խորհուրդի նիստերուն նոր անդամ-երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ կը մասնակցին, յատկապէս՝ Վալերի Ժիսկար-դ՛Էստեն եւ Հելմուտ Շմիդտ: Վերջիններս կը համարէին, որ Եւրոպական խորացած միաւորումը կարիք ունէր նիւթական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ ամուր քաղաքական յանձնառութեան: 9-10 Դեկտեմբեր 1974 տեւած Փարիզեան վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք՝ անդամ-երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումները յաճախակի կը դառնան: Տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուէր, որ եւրոպացի ղեկավարները կը փափաքէին սահմանափակել փորձագէտներու ազդեցութիւնը որոշումներու ընդունման ընթացակարգին մէջ՝ ընդհանուր նպատակներ սահմանելով եւ Եւրոպական հաստատութիւններուն բաւականաչափ հնարաւորութիւններ տալով: Այս վեհաժողովով կը ձեւաւորուի Եւրոպական խորհուրդը:

Եւրոպական Խորհուրդ
Պելճիքայի վարչապետ Վիլֆրիտ Մարտենսի ու Գերմանիոյ Հելմուտ Քոլի համատեղ նախագահութեամբ Եւրոպական խորհրդաժողով՝ Յունիս, 1987:

Լիզպոնեան պայմանագիրէն ի վեր

Լիզպոնեան պայմանագիրով Եւրոպական խորհուրդին կը տրուի Եւրոպական միութեան հաստատութեան կարգավիճակ: Մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2009՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահութիւնը կը ստանձնէր իւրաքանչիւր անդամ-պետութեան գործադիր մարմինը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին հետ համատեղ եւ վեցամսեայ հերթափոխուող նախագահութեամբ (իւրաքանչիւր տարուան 1 Յունուարին եւ 1 Յուլիսին): Սակայն, Լիզպոնեան պայմանագիրով կը սահմանուի Եւրոպական խորհուրդին նախագահութեան յստակ կարգավիճակը: Առաջին նախագահը կը դառնայ Հերման Վան Ռոմպէյ՝ 1 Յունուար 2010-ին:

Եւրոպական Խորհուրդ
Եւրոպական խորհուրդի առաջին նախագահ Հերման Վան Ռոմպէյ

Ծանօթագրութիւններ

-1'> Gabel M. J. Encyclopædia Britannica

Tags:

Եւրոպական Խորհուրդ ՊատմութիւնԵւրոպական Խորհուրդ ԾանօթագրութիւններԵւրոպական Խորհուրդ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Կուկըլ ՔրոմՀամակարգիչԻգնա ՍարըասլանՀայաստանի Պատմական Մայրաքաղաքներ1989 թուականՎինսընթ Վան ԿոկԱստղագիտութիւնԱրեւմտեան ՀայաստանՊաշշար ԱսատԳրիգոր ՆարեկացիԹուփաք ՇաքուրՍկովտիական Ուիսքի1793 թուական1769 թուականՍիմոն ԶաւարեանԵգիպտոսՅունաստանՈսկիՀայ Ազգային ՔոնկրեսԷլէն ՍեկարաՃափոնԼուովԼիոնել ՄեսսիԱրա ՇիրազՈտնագնդակ (Ֆութպոլ)ՄնջախաղՀարշատ թիւերՅունարէնԵրիկամՄագաղաթՕրբելի ԵղբայրներՎահէ ՕշականԷս-400 հրթիռային համակարգՍերկէյ ՌախմանինովԽոր ՎիրապՃափոնի ԾովԲենիամին ԹաշեանՄարթին Լուտըր ՔինկԱրաբական ԳարունՍուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի (Ֆրեզնօ)Փոքրիկ իշխանըԲնափիլիսոփայութիւնԽամսայի ՄելիքութիւններըԲենջամն ՖրանկլինՀնդկաստանԱլպերթ ԱյնշթայնԱւետիս ԱհարոնեանԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաԲժշկութիւնԱրհեստական ԲանականութիւնԳետառ (գետ)Լեւոն Բ.Սեբաստիա1990 թուականԳեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք1789 թուականՏուտուկՆոր ԶելանտաԴանիէլ ՎարուժանԿոստան ԶարեանՔրիսթիանօ ՌոնալտօԹորոս ՌոսլինՆեմեսիսի ԳործողութիւնՎատուց10 ՄարտԱմանոր, Կաղանդ120 (թիւ)ԵություպԹրենց ԳուրգէնՊուտափեսթԲժշկական գործիքներԺագ ՏանիէլզՉարլզ ԲիքֆորտԹութքՄիլանոյի Արհեստից ՀամալսարանըԼոս ԱնճելըսԿցական բարդութիւն🡆 More