Մարդաբանութիւն

Մարդաբանութիւն, մարդ արարածը ուսումնասիրող գիտակարգ։ Բառին լայն իմաստով, մինչեւ 19-րդ կէսերը, նիւթ առած է գլխաւորաբար մարդ արարածի ֆիզիքական կազմութիւնը։ Ընկերաբանութեան, տնտեսագիտութեան եւ կենդանաբանութեան զարգացումով, մարդաբանութիւնը կը կորսնցնէ իր ուսումնասիրութեան ասպարէզները, իսկ 20-րդ դարու ծինաբանական գիտութիւններու զարգացումէն ետք, նաեւ կը կորսնցնէ ֆիզիքական կազմութեան ուսումնասիրութեան խնդիրը։ Մարդաբանութեան բուն նպատակն է, հասկնալ թէ որո՞նք են մարդ արարածին բնորոշ յատկանիշները։

Մարդաբանութեան խնդիրներէն է հասկնալ թէ ինչպէս իրարմէ կը տարբերին մարդկային խմբաւորումները։ Օրինակ, բոլոր մարդիկ պէտք ունին ուտելու, սակայն մարդիկ իրարմէ տարբեր ձեւերով կը գոհացնեն այս մարդկային կարիքը։ Ուրեմն մարդաբանները կ՚ուսումնասիրեն թէ ինչպէս զանազան մարդկային խմբաւորումներ կը գտնեն, կը պատրաստեն եւ կը բաժնեկցին իրենց ուտելիքը։

Արդի մարդաբանութեան ենթա-գիտակարգերը կը նկատուին մշակութային մարդաբանութիւնը, հնագիտութիւնը, կենսաբանական մարդաբանութիւնը եւ լեզուաբանութիւնը։ Կան նաեւ աւելի փոքր ենթա-գիտակարգեր, օրինակ արուեստի մարդաբանութիւն, հետախուզական մարդաբանութիւն, տեսողական մարդաբանութիւն, բժշկագիտական մարդաբանութիւն, եւ շատ աւելի այլ տեսակներ։

Մշակութային մարդաբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ մարդ արարածին զանազան մշակութային երեսակները, եւ ընդհանրապէս մարդկային մշակոյթի զանազանութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, մարդաբանութիւնը թէ՛ կ՚ուսումնասիրէ նախնական ընկերութիւնները եւ անոնց անհատները եւ թէ՛ զարգացած ընկերութիւնները եւ անոնց անհատները։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

1864 թուականՊաղտատՈւրֆայի ՀերոսամարտԳրիգոր (անձնանուն)ԱսորիքՓարիզՕտրի ՀեփպըրնԱտրպատականԹանապուրԱրտակ արք. ՄանուկեանԽանասորի ԱրշաւանքԵպիսկոպոսՀայկական ՄուֆլոնՊասթիլ բանտ-ամրոցը17 ՅունուարՀանրի ՎերնէօյԶենոբ ԳլակԱկրիճենթօՊարաք ՕպամաՎազգէն ՓափազեանԽաչքարԿուտինաՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնԱրծաթՉինաստանՀայկական ՌուբլիԱնժելա Սարաֆեան10 ՄարտԱնգլիաՖրանց Վերֆել1974 թուականՊօղոս ԱպաճեանՄեր ՀայրենիքՔանատաԳետնամուշկՔալիֆորնիաԴերասանՁիՄեծ Իշխանասար (Իշխանասար լեռ)Մհեր ՄկրտչեանՎիեննական Սրճարան1999 թուական1833 թուականԲժշկական գործիքներԿարօ Քահքէճեան11 ԱպրիլԱստուածաշունչՄագաղաթԱրամ ԵրկանեանՈւղղաձեւ ութանիստԿենաց ԾառըԴեղագործական Քիմիագիտութիւնը Հայաստանի ՄէջԿորուսեալ ԹռչուններըՔաթարԹորոս ՌոսլինՄարի ՊէյլերեանՄեհմեթ Թալէաթ փաշա1 ՕգոստոսԱլ-Ուլա (Սէուտական Արաբիա)Յակոբոս ԱռաքեալԽամսայի ՄելիքութիւններըԱկանջԱրա ՇիրազՈւիքիմետիա ՀիմնադրամԴամասկոսԱւստրալիաԱնդրանիկ ՕզանեանԽորէն ԱշըգեանՅակոբ ՕշականՌուբէն (անձնանուն)Նոր ՆախիջեւանԲեւեռափայլՄիքի ՄաուսՔաղաքավարութեան ՎնասներըԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԽօսնակ (ամսագիր)🡆 More