Գլուխ Սոխ

Սոխ (լատ.՝ Allium cepa), ամէնատարածուած, արժէքաւոր եւ հնագոյն բանջարեղէններէն է, կը մշակուի կլիմայական բոլոր գոտիներուն եւ կ'օգտագործուէ գրեթէ բոլոր կերակուրներու մէջ։ Նաեւ կ'օգտագործուէ թարմ վիճակով, որպէս աղցանային բանջար։

Գլուխ Սոխ
Գլուխ Սոխ
Գլուխ Սոխ
Գլուխ Սոխ

Սոխին սննդարար յատկութիւնները կը բնորոշուեն ատոր մէջն եղած շաքարներով (6-10%), պրոթէիններով (2%-ին մօտ) եւ հանքային աղերով (0.6 - 1.12%)։

Սոխի քալորիականութիւնը մոտ 400 է, ատկէ զատ, սոխը տակաւին հին ժամանակներէն յայտնի է որպէս ուժեղ բակտերիասպան եւ բուժիչ յատկութիւններով բուսատեսակ։ Պարզուած է, որ սոխի հիւթին մէջ մի քանի վայրկեանին կրնան ոչնչանալ թիֆի, տիզէնթերիայի, տիֆթերիայի եւ այլ հիւանդաբեր բակտերիւմներ։

Նկարագրութիւն

Գլուխ Սոխ 
Սոխի ծաղկաբոյլը

Սոխը երկամեայ բոյս է, ներկայիս տեսակներու ցողունները կը հասնեն 15-էն 45 սմ բարձրութեան: Տերեւներուն գոյները դեղնաւունէն մինչեւ կապտա-կանաչաւուն են եւ կ'աճեն հովհարաձեւ: Ատոնք գլանաձեւ եւ մսեղ են: Մինչեւ բարձրութեան քառորդը հաստ են եւ ապա կը դառնան սրածայր: Հասունանալիս, սնունդի պաշարները կը հաւքուեն ցողունին հիմքին քովը եւ արմատը կը սկսէ ուռչիլ: Աշնանը ցողունները կը թառամեն, սոխուկի դուրսի թեփուկները կը դառնան չոր եւ փխրուն եւ արդէն կարելի կ'ըլլայ բերքը հաւքել: Հողին մէջ ձմեռուան թողնելու պարագային գարնանը գլուխի միջուկը կը սկսէ զարգանալ:

Արցունքաբերութիւնը

Գլուխ Սոխ 
Կտրատած սոխը յառաջ կը բերեն արցունք:

Թարմ կտրատած սոխը կ'արձակէ ցնդող syn-propanethial-S-oxide կազ եւ յաճախ շրջապատի մարդոց աչքերը վառուելու զգացմունք եւ յաճախ անկառաւարելի արցունք կ'յառաջացնէ: Աչքերու արցունքոտուելէն կարելի է խուսափել սոխը հոսող ջուրին տակ կամ ջուրով լեցուն ամանի մէջ կտրտելով: Մեկ այլ միջոց մըն է կտրատելուն ատենը բերնին մէջ ջուր առնելը: Ծծումբի միացութիւններ պարունակող հիմնական մասը արմատին քովն է, եւ այն ձգելը նոյնպէս պիտի նուազեցնի արցունքաբերութիւնը:
2008-ին Նոր Զելանտային մէջ ստեղծուեցաւ անարցունք սոխ:

Քիմիական Բաղադրութիւնը

Բոյսը կը պարունակէ մօտ 10 տոկոս շաքարներ, 1,5-2 տոկոս սպիտակուցներ, բջջանիւթ, եթերային իւղեր, պեկտին, լորձ, ֆերմենտներ, եոտ, ծծումբ, կիտրոնի եւ խնձորի թթուներ եւ շաքարային տիապեթի պարագային՝ օգտակար գլիկոզիդներ։ Քաղկիոնի (31 մկ), քաղիոնի (175), լուսաբերի (58) եւ մակնէզիումի (14 մկ) փոխհարաբերակցութիւնը ճերմակ կճեպով սոխին մէջ շատ բարենպաստ է կաղկիոնի իւրացման համար։ Կանաչ սոխը կը պարունակէ 2 մկ պեթա-կարոտին, 30 մկ ասկորբինաթթու, 0.3 մկ նիկոտինաթթու, 0,9 մկկ բիոտին, 18 մկկ ֆոլացին, 1 մկ E կենսամին։ Գլուխ սոխը կը պարունակէ 10 մկ ասկորբինաթթու, 1,2 մկ նիկոտինաթթու, 0,9 մկկ բիոտին, 9 մկկ ֆոլացին, 0,2 մկ E։ Բոյսը կը պարունակէ նաեւ B1, B2, B5, B6 վիթամիններ։

Արտադրութիւն

Սոխի արտադրումը 2014-ին
Երկիր (մլն.թօն)
Գլուխ Սոխ  Չինաստան Չինաստան 22.5
Գլուխ Սոխ  Հնդկաստան Հնդկաստան 19.4
Գլուխ Սոխ  ԱՄՆ ԱՄՆ 3.2
Գլուխ Սոխ  Եգիպտոս Եգիպտոս 2.5
Գլուխ Սոխ  Իրան Իրան 2.1
Գլուխ Սոխ  Ռուսաստան Ռուսիա 2.0
Գլուխ Սոխ  Թուրքիա Թուրքիա 1.8
Կաղապար:Country data Պակիստան Փաքիստան 1.7
Գլուխ Սոխ  Բրազիլիա Պրազիլ 1.6
Աշխարհ
88.5
Աղբիւր՝ ՄԱԿ-ի Պարենի եւ Գիւղտնտեսութեան Կազմակերպութիւն

2014-ին չոր սոխի արտադրութիւնը եղած է 88.5 միլիոն թօն, որուն առաջատարներ Չինաստանը եւ Հնդկաստանը արտադրած են ամբողջի 25%-ը եւ 22%-ը:

Տես նաեւ՝

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Գլուխ Սոխ ՆկարագրութիւնԳլուխ Սոխ Քիմիական ԲաղադրութիւնըԳլուխ Սոխ ԱրտադրութիւնԳլուխ Սոխ Տես նաեւ՝Գլուխ Սոխ ԾանօթագրութիւններԳլուխ ՍոխԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Պատմական Հայաստանի ԹագաւորութիւններըԵոհան Սեպասթիան ՊախՄոնաքոյի Ինքնաշարժներու ՄրցաշարքԹատրերգութիւնԱլեքսանդր Սպեդիարեանի Անուան Օփերայի Եւ Պալէթի Ազգային Ակադեմական Թատրոն372 (թիւ)Արամ ՄանուկեանԵբրայերէն25 ՄարտՄանասէ ԹագաւորԱբիսողոմ աղաՄոզիլլա ՖայրֆոքսԴիմ ՏանգընՅունիսԵրիկամԷտիթ ՓիաֆՀերմէսԵություպԵրկիրԿոստան ԶարեանՀոգեբանութիւնՏիգրան ԹահթաԱւստրալիա10 ՄարտԺահրԿարէն ՔալանթարՍթոքհոլմՀացԴանիաԵկեղեցական զգեստՄարտիրոս ՍարեանՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՍխտորՀայկական ճարտարապետութիւնն ուսեւմնասիրող հիմնադրամԱնիԱնանիա ՇիրակացիՀայաստանի ԶինանշանՀոգեկան առողջութիւնԿայուն ԶարգացումՌիօ տը ԺաներօԹուզՃափոնԹեսեւսի նաւՔրոնոսԹուրքիաԶարեհ ԽրախունիԾովափի բազկաթոռ (Strandkorb)Փինք ՖլոիտՀնդկընկոյզԱնահիտ ԳասպարեանՄաֆին1925 թուականԶակազիկՄեծ ՍէրայՈսկան (անձնանուն)1 ԱպրիլՔարլես ՓուճտեմոնՈւղղաձեւ քսանանիստԱտոմ Ա. Քհնյ. ՔէհեայեանՀայերՓայծաղՅունաստանԹիֆլիսՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակՅունարէնՅովհաննէս Ե. ԴրասխտանակերտցիՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Բարդ բառեր1790 թուական9 ՀոկտեմբերԶարթօնքի շարժումԿաղնիԵգիպտոսԶաքինդոսՀանրագիտարանԵրկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ🡆 More