Տալայ Լամա

Տալայ Լամա, (թիպեթերէն՝ཏཱ་ལའི་བླ་མ་: ta la’i bla ma): Թիպեթի Կելուկպա դպրոցի (հիմնադրուած 1391-ին) հոգեւոր առաջնորդ։ ԺԷ.

դարու սկիզբէն մինչեւ 1959, Տալայ Լամայի`Թիպեթի աստուածապետական կառավարիչին, նստավայրը եղած է Թիպեթի մայրաքաղաքը՝ Լհասան։ Տալայ Լամային կը դիմեն «Նորին Սրբութիւն» կոչելով։ Շատ հաճախ Տալայ Լաման կը համարեն Կելուկպա դպրոցին (հիմնադրուած 1391-ին) տնօրէն, սակայն անոր տնօրէնը Կանտեն Տրիպան է։

Տալայ Լամա
Տալայ Լամա
Կրօնք Թիպեթական Պուտտայականութիւն
Կայքէջ dalailama.com

«Տալայ» մոնկոլերէն կը նշանակէ «ովկիանոս»՝ հսկայի իմաստով, «լամա» համարժէք է սանսկրիտերէն «կուրու» բառին եւ կը նշանակէ «ուսուցիչ»։ Տալայ Լամայի մահէն ետք, վանականները կը սկսին յաջորդ Տալայ Լամայի մարմնաւորման` երեխայի, որոնումներուն. ան պէտք է ունենայ որոշակի յատկանիշններքննութիւն յանձնէ։ Այս գործընթացը սովորաբար կը տեւէ քանի մը տարի։ Այնուհետեւ երեխան կ'ուղարկուի Լհասա, ուր ան կրթութիւն կը ստանայ ամէնէն փորձառու լամաներու հսկողութեան ներքոյ։ Տալայ Լաման եւ Պանչեն Լաման իրարու հետ կապուած են ինչպէս ուսուցիչ եւ աշակերտ. ան, որ աւելի ծեր է՝ ուսուցիչն է, իսկ երիտասարդը` աշակերտը։ Տալայ Լաման նաեւ կ'անուանեն Թիպեթի առաջնորդ։

14-րդ Տալայ Լաման

14-րդ Տալայ Լաման, որուն իսկական անունը Լհամօ Տհոնտրուպ է, ծնած է 6 Յուլիս 1935-ին, Թիպեթի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Թակցեր գիւղին մէջ: Ան 1937-ին ճանչցուած է իր նախորդնի վերամարմնաւորումն ու 1940-ին՝ ստանձնած է պաշտօնը։ Տալայ Լաման 15 տարեկանին արդէն ռազմական առաջնորդ էր: 1959-ին Թիպեթի՝ Չինաստանի կազմին մէջ ներառուելէն ետք, Տալայ Լաման փախած է Հնդկաստան եւ այժմ անոր նստավայրը Հիմալաեան Տհարամշալա քաղաքին մէջ է։

Տալայ լամայի դէմքին կնճիռներու փոխարէն ժպիտ կայ։

Ան կը համարուի բոլոր պուտտաներու կարեկցանքի մարմնացումը։ 14-րդ Տալայ Լաման 1989-ին արժանացած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի` տարբեր երկիրներու մէջ կրթական գործունէութեան եւ խաղաղարար ջանքերուն համար: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է կրթութեան զարգացման ու ժամանակակից գիտութեան հետ պուտտիզմի փոխազդեցութեան։

Տալայ Լամա 14-րդի տեսութիւններէն

Տալայ Լամա  Պէտք է հասկնալ, եթէ մեր միտքը անհանգիստ է տարբեր յոյզերու պատճառով, ապա այդ կ'ազդէ նաեւ մեր ֆիզիքական վիճակին վրայ․ կը բարձրանայ մեր արեան ճնշումը, չենք կրնար հանգիստ քնանալ եւ այդպէս շարունակ։ Հանգիստ քունը առողջ մարմին ունենալու հիմնական գործօնն է: Տալայ Լամա 


  • Ամէն օր 10-էն 30 վայրկեան քալեցէք։ Երբ կը քալէք, ժպտացէք։
  • Նուազագոյնը 10 վայրկեան անցուցէք լռութեան մէջ։
  • Նուազագոյնը 7 ժամ քնացէք։
  • Խաղեր շատ խաղացէ՛ք։
  • Գիրքեր շատ կարդացէ՛ք։
  • Ժամանակ յատկացուցէ՛ք եոկայի, մտախոհութեան (Meditation), աղօթքի համար, քանի որ անոնք կը վերականգնեն եռանդը։
  • Ժամանակ անցուցէ՛ք 70-էն բարձր եւ 6 տարեկանէն վար մարդոց հետ։
  • Շատ երազեցէ՛ք։
  • Աւելի շատ կերէ՛ք այն սնունդները, որոնք կ'աճին ծառերու վրայ եւ աւելի քիչ՝ գործարաններու մէջ արտադրուածները։
  • Շատ ջուր խմեցէ՛ք։
  • Օրական նուազագոյնը երեք հոգիի ստիպեցէք, որ ժպտան։
  • Ձեր թանկագին եռանդը մի՛ ծախսէք բամբասանքի վրայ։
  • Մոռցէ՛ք անցեալի խնդիրները։
  • Հարազատներուն եւ ընկերներուն մի՛ յիշեցնէք անցեալի վէճերը. այդ կը խանգարէ ձեր ներկայ երջանկութիւնը։
  • Ձեզմէ դուրս նետեցէ՛ք բացասական միտքերը եւ նայեցէ՛ք միայն դրական կողմերուն։
  • Հասկցէ՛ք վերջապէս, որ կեանքը դպրոց է, եւ դուք եկած էք, որ սորվիք։
  • Խնդիրները դպրոցական ծրագիրի մէկ մասն են։ Անոնք կ'աւարտին, ինչպէս ուսողութեան դասաժամը, իսկ ձեռք բերած գիտելիքները կը մնան յաւերժ։
  • Կեանքը շատ կարճ է, որպէսզի ծախսէք ատելութեան վրայ։
  • Մի՛ ատէք։
  • Ձեր անձը շատ լուրջ մի՛ ընդունիք։ Ոչ ոք ձեզ լուրջ կ'ընդունի։
  • Բոլոր վէճերու մէջ յաղթելու կարիք չկայ։ Սորվեցէ՛ք ընդունիլ, որ դուք սխալ էք։
  • Հաշտուեցէ՛ք ձեր անցեալին հետ, որպէսզի ձեր ներկան չփճանայ։
  • Մի՛ համեմատէք ձեր կեանքը ուրիշներու հետ։ Դուք ոչինչ գիտէք անոր մասին։
  • Ձեր սիրելին մի՛ համեմատէք ուրիշ անձի մը հետ։
  • Ոչ ոք, բացի ձեզմէ, չի հոգար ձեր երջանկութեան մասին։
  • Ներել սորվեցէ՛ք։
  • Թէ ինչ կը մտածեն ուրիշները ձեր մասին, ձեր գործը չէ։
  • Յիշեցէ՛ք՝ իրավիճակը որքան ալ լաւ կամ վատ ըլլայ, պիտի փոխուի։
  • Ձեր աշխատանքը ձեր մասին չի հոգար, եթէ դուք հիւանդանաք։
  • Մի՛ կորսուիք։
  • Ազատուեցէ՛ք այն բոլորէն, որոնք անօգուտ են, տգեղ կամ չեն ուրախացներ։
  • Նախանձը ժամանակի վատնում է։
  • Մէկ է, դուք արդէն ունիք այն ամէնը, որ ձեզի պէտք է, մնացածն ալ ժամանակի ընթացքին կ'ունենաք։
  • Լաւագոյնը դեռ գալիքին մէջ է։
  • Կարեւոր չէ, թէ ինչպէս կը զգաք․ արթնցէ՛ք, հագուեցէ՛ք եւ շփուեցէ՛ք մարդոց հետ։
  • Ճիշդ վարուեցէ՛ք։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Տալայ Լամա 

Tags:

Տալայ Լամա 14-րդ նՏալայ Լամա 14-րդի տեսութիւններէնՏալայ Լամա ԾանօթագրութիւններՏալայ Լամա Արտաքին յղումներՏալայ Լամա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԴրօՖրիկ (բանաստեղծ)ՇաքարախտԶանգուածային Սպանութիւն Օռլանտոյի Մէջ (2016)Պոսնիա եւ ՀերցեկովինաՍամսունկՖինլանտաՈդիսական911 Աղամեմնոն աստղակերպ6 ՀոկտեմբերՄսաշոթՁիթողցոնց տուն-թանգարանՍերժ ԱւետիքեանՔլէոփաթրաԱլեքսիս ՍանչեզՈրդան ԿարմիրՍարդարապատի յուշահամալիրըԱխթալայի ՎանքԳետառ (գետ)Սիլվի ՎարդանԱլասքա (նահանգ)Թոմաս ՃեֆըրսընՍուզանաւԻգնա ՍարըասլանՏղմուտ (գետ)Ատանայի ԿոտորածՕդակայանԱռած եւ ԱսացուածքԻնտոնեզիաՍանատրուկՔալիֆորնիաՀինտուիզմՀրայր ԴժոխքՏուրմՆահապետ ՔուչակԶակազիկԽոդեդան98 (թիւ)ԳիւմրիՀայկական ՉամանԶստաջիղի Ցաւ Կամ ԶստաջղատապԿուր27 ԱպրիլԼազարեան Ճեմարան (Մոսկուա)Վահրամ (անձնանուն)Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչՎարդգէս ՍուրէնեանցՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԴեղին (գոյն)1771 թուական1736 թուականԿցական բարդութիւնՕԹԱՆԹութք372 (թիւ)2001Ծովից ծով ՀայաստանՊարաք ՕպամաՃափոնի ԾովԾխախոտԿովՀենրի Այըն Քուսիք1709 թուականԳորշուկՀայկական ԴրամՄհերի ԴուռԿոբաղդՔէյթի ՓերրիՄնջախաղ102 (թիւ)Վահէ ՕշականՌոզեթայի ՔարՆախնադար🡆 More