Սամսունկ կրուփ (քորէայերէն՝ 삼성그룹), Հարաւային Քորէական կազմակերպութիւն մը, որ հիմնադրուած է 1938 թուականին։ Համաշխարհային շուկային մէջ յայտնի է որպէս բարձրակարգ ելեքտրոնային բաղադրամասերու, հեռահաղորդակցման սարքաւորումներու արտադրող։ Կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Սէուլի մէջ։ Apple–ի գլխաւոր մրցակիցն է։
Սամսունկ | |
---|---|
| |
Տեսակ | Չեբոլ? |
Իրավաբանական ձեւ | մասնավոր ընկերություն? եւ հանրային ընկերութիւն |
Հիմնադրուած է | 1938 |
Հիմնադիր | Լի Բյոն Չհոլ? |
Վայր | Samsung Town, Seocho District, Սեուլ, Հարաւային Քորէա |
Երկիր | Հարաւային Քորէա[1] |
Արդիւնաբերութիւն | կոնգլոմերատ? |
Հասոյթ | ▼ $ 295.8 մլր (2014) |
Գործառնական շահոյթ | 6 700 000 000 ԱՄՆ դոլար (2020) |
Զուտ շահոյթ | ▼ $ 31.926 մլր (2014) |
Աշխատողներու թիւ | 489 000 (2014) |
Կարգախօս | Turn on tomorrow Ապագային ընդառաջ |
Կայք | samsung.com |
Բորսա | Korean Stock Exchange? |
«Սամսունկ» բառը քորէերէն կը նշանակէ «երեք աստղ»: Կրնայ ըլլալ, որ անիկա կապուած է Սամսունկի հիմնադիր Լի Պեոն-չիւլին (이병철) երեք որդիներուն հետ, որոնցմէ կրտսերը Լի Քուն-հին (이건희) ընկերութիւնը ղեկավարած է 1967-ին, խախտելով արեւելեան ժառանգականութեան կանոնները, ըստ որու ընտանիքին ունեցուածքին մէծ մասը կը ժառանգէ աւագ որդին:
1938-ին Լի Պեոն-չիւն (1910-1987), որ Ըյրեոնի մէծ հողատէր ընտանիքէն էր, տեղափոխուեցաւ Տէկու քաղաքը եւ հիմնադրեց Samsung Sanghoe: Սամսունկը իր գործունէութիւնը սկսաւ որպէս Սու Տօնին (ներկայիս՝ Ինկէօյ Տօն) մէջ տեղաւորուած քառասուն աշխատողներով պզտիկ առեւտրական ընկերութիւն մը: Ան կը զբաղէր բրինձի ալիւրի արտադրութեամբ եւ խմորեղէնի վաճառքով: Ընկերութիւնը կը զբաղէր նաեւ բրինձի, շաքարի եւ չորցած ձուկի առաքումներով դէպի Չինաստան եւ Մանճուրիա: Ան սկսաւ բարգաւաճիլ եւ 1947-ին գլխաւոր գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Սէուլ: ՔորԷական պատերազմը երբ սկսաւ, ան ստիպուած եղաւ հեռանալ Սէուլէն: Ան Պուսանի մէջ սկսաւ շաքարի զտման գործը Cheil Jedang անունով: 1954-ին Լին հիմնեց Cheil Mojik-ը եւ կառուցեց գործարան մը Չիմսան-տօնին մէջ (Տէկու): Ատիկա ամէնէն մէծ ջրաղացն էր ամբողջ երկրին մէջ:
Սամսունկը իր գործունէութիւնը կը տարածէր տարբեր բնագաւառներու մէջ: Լին կը ձգտէր Samsung-ը դնել որպէս արդիւնաբերութեան լայն ցանկի ճիւղերու առաջատար: Samsung-ը փոխադրուեցաւ գործարարութեան այնպիսի ճիւղերու մէջ, ինչպիսին էին ապահովագրութիւնը, արժեթղթերը եւ մանրածախ առեւտուրը:
Յետպատերազմեան տարիներուն, երկրին նախագահ Փաք Չոն Հին մեծ նշանակութիւն կու տար արդիւնաբերութեան: Ան կեդրոնացուցած էր իր տնտեսական զարգացման մարտավարութիւնը քանի մը խոշոր հայրենական կուտակաքարերուն վրայ, պաշտպանելով զանոնք մրցակցութենէ, տրամադրելով պետական պատուէրներ եւ ցուցաբերելով ֆինանսական օգնութիւն:
Ստեղծուեցան 30 խոշոր ընկերութիւններ՝ («չէպոլներ»՝ «փողոտ ընտանիքներ»), որոնց շարքին էին Daewoo-ն, Hyundai-ը, Goldstar-ը (LG) եւ այլք: «Փողոտ ընտանիքներէն իւրաքանչիւրն ունէր իր ուղղութիւնը՝ Daewoo-ն կ'արտադրեր ինքնաշարժներ, Goldstar-ը՝ կենցաղային սարքեր, Samsung-ը ելեքտրոնիք, Hyundai-ը կ'ընէր շինարարութիւն: 1947-ին Չո Հոն-ճաի Hyosung group-ին հիմնադիրը, Լի Պեոն-չիւին հետ համատեղ ներդրում ըրաւ նոր ընկերութիւն մը, որ կը կոչուէր Samsung Mulsan Gongsa կամ՝ Սամսունկ Առեւտրային համընկերութիւն: Առեւտրական ընկերութիւնը աճեցաւ մինչեւ մեր օրուան Samsung C&T Corporation: Քանի մը տարիներ ետք Չոն եւ Լին բաժնուէցան կառավարումի իրենց տարակարծութիւններուն պատճառաւ: Չուն կը պահանջէր 30 մասնաբաժին: Samsung Group-ը բաժնուեցաւ Samsung Group-ին, Hyosung Group, Hankook Tire եւ այլ ձեռնարկութիւններու:
1960-ականներու վերջը Samsung Group-ը մուտք գործեց ելեքտրոնիք արդիւնաբերութեան դաշտ: Ան ձեւաւորեց ելեքտրոնիքի հետ կապ ունեցող քանի մը բաժիններ եւ ստեղծեց ձեռնարկութիւն մը Սուվոնի մէջ: Անոր առաջին արտադրանքը սեւ-սպիտակ հեռուստացոյց մը եղած է:
1980-ին Samsung-ը ձեռք բերաւ Gumi-ին վրայ հիմնուած Hanguk Jeonja Tongsin-ը եւ մուտք գործեց հեռահաղորդակցութեան սարքաւորումներու արտադրութեան դաշտ: Անոր առաջին արտադրանքը հեռակառավարման վահանակները եղած են: Ձեռնարկութիւնը վերափոխուեցաւ հեռախօսներու եւ հեռատիպերու արտադրութեան համակարգի եւ դարձաւ Samsung-ի բջիջային հեռախօսներու արտադրութեան կեդրոն մը: Անոնք արտադրած են աւելի քան 800 միլիոն բջիջային հեռախօսներ: Ընկերութիւնը անոնց Samsung Electronics-ի ներքեւ համախմբուեցաւ 1980-ականներուն: Հիմնադիր Լիին մահէն ետք՝ 1987-ին Samsung Group-ը բաժնուեցաւ չորս գործարար խումբերու՝ Samsung Group, Shinsegae Group, en:CJ Group եւ Hansol Group. Shinsegae առեւտրական ցանցը Samsung Group-ին մաս կը կազմէր եւ անջատուած էր անկէ 1990-ականներուն CJ Group-էն (սնունդ/քիմիական/զուարճալիքներ/մատակարարումներ) եւ Hansol Group-էն (թուղթի արտադրութիւն/հեռահաղորդակցութիւն): Մեր օրերուն, այս առանձին խումբերը անկախ են եւ միաւորուած Samsung Group-ին մաս չեն կազմեր:
1980-ականներուն Samsung Electronics-ը սկսաւ եռանդով միջոցներ ներդնել հետազօտումներու եւ զարգացումներու համար: Ներդրումներ, որոնք շեշտակիօրէն մղեցին ընկերութիւնը համաշխարհային ելեքտրական գործիքներու արտադրութեան առաջին գիծ: 1982-ին ան կառուցեց հեռուստացոյցի մասերու հաւաքման գործարան մը Փորթուկալի մէջ, 1984-ին՝ գործարան մը Նիւ Եորքի, 1985-ին՝ Թոքիոյ մէջ: 1987-ին՝ Անգլիոյ մէջ ստեղծեցաւ ձեռնարկութիւն մը եւ 1996-ին այլ ձեռնարկութիւն մը Օսթին, Թեքսասի մէջ: 2012-ի դրութեամբ Սամսունկը 13 պիլիոն ամերիկեան տոլարէն աւելի ներդրած է Օսթինի ձեռնարկութեան, որ կը գործէ Samsung Austin Semiconductor անուան տակ: Ասիկա Օսթինը կը դարձնէ Թեքսասի ամէնէն մեծ ներդրումներով վայրը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն մեծ արտասահմանեան ներդրումներով վայրերէն մին:
2000-ին Սամսունկը Վարշաւիոյ մէջ, որ Լեհաստան կը գտնուի, կը բանայ համակարգչային ծրագրաւորման փորձարառական ձեռնարկութիւն մը: Անոր գործունէութիւնը սկսած էր set-top-box արհեստագիտութենէն մինչեւ թուային հեռուստատեսութեան եւ սմարթֆոներու բնագաւառ մտնելը: 2011-ի դրութեամբ Վարշաւիոյ հիմնարկը Եւրոպայի մէջ ամէնէն կարեւոր R&D կեդրոնն է եւ ըստ կանխատեսումներու, պիտի ներգրաւէ 400 նոր աշխատող մինչեւ 2013-ի վերջը:
2010-ին Samsung-ը յայտարարեց հինգ գործարարութիւններու շուրջ տասը տարուան զարգացման մարտավարութեան մը մասին, որոնցմէ մին կը հանդիսանար կենսադեղագործութիւնը, որուն համար ընկերութիւնը յատկացուց 2,1 թրիլիոն ₩ (քորեական Ուոն):
2012-ին առաջին քառորդին Samsung Electronics-ը դարձաւ աշխարհի խոշորագոյն բջիջային հեռախօսներ արտադրողը, առաջ անցնելով Նոքիայէն, որ 1998-էն շուկայի առաջատարը կը համարուէր: Austin American-Statesman Օգոստոս 21-ի խմբագրականին մէջ Samsung-ը կը հաստատէ աւելի եկամտաբեր չիփերու արտադրութեան համար, Օսթինին չիփերուն արտադրութեան կէսը վերափոխելուն համար երեքէն չորս պիլիոն ծախս ընելու մտադրութիւնը: Վերափոխումը սկսաւ 2013-ի սկիզբը եւ առաջին արտադրանքը տուաւ տարւոյն վերջը: 2013 մարտ 4-ը Samsung-ը ներկայացուց Կելըքսի S4-ը
2012 Օգոստոս 24-ին ատենակալները վճռեցին, որ Samsung-ը պարտաւոր է Apple-ին վճարել $1.05 պիլիոն, իր հասցուցած վնասներուն դիմաց, անոր սմարթֆոններու արհեստագիտական վեց արտօնագիրները խախտելուն համար: Վճարի չափը Apple-ին պահանջած $2.5 պիլիոնէն պակաս եղած էր: Վճիռը նաեւ կարգադրած էր, որ Apple-ը չէ խախտած Samsung-ի նշած հինգ արտօնագիրները: Սամսունկը դէմ եղած էր այս որոշումին, հիմնաւորելով որ ատիկա կը վնասէ բնագաւառին նորարարութիւններուն: Անոր նաեւ հետեւեցաւ Հարաւային Քորէայի որոշումը, թէ մտաւոր սեփականութեան խախտումներ եղած են երկու կողմերէն: Վճիռէն ետք կայացած առաջին վաճառքին Քոսփիի դասիչը ունեցաւ 7.7% անկում, որ ամէնամեծը եղած էր 2008 Հոկտեմբեր 21-էն ի վեր: Apple-ը այնուհետեւ կը ջանար արգիլել Samsung-ը Միացեալ Նահանգներէն ներս վաճառել ութ հեռախօսներ (Galaxy S 4G, Galaxy S2 AT&T, Galaxy S2 Skyrocket, Galaxy S2 T-Mobile, Galaxy S2 Epic 4G, Galaxy S Showcase, Droid Charge եւ Galaxy Prevail), ինչ որ մերժուեցաւ դատարանին կողմէ:
Ծանր արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ կ'աշխատէին ընկերութեան երկու բաժանմունքները՝
Կը բերեն եկամուտին մօտ 10 %-ը:
Կը կատարեն անվտանգութեան կառուցուածքային աշխատանքներ, սպառազինութեան նոր տեսակներու մշակում ու նաեւ՝ քարիւղի եւ կազամուղներու, թանգերու շինարարութիւն: Խոշոր նախագիծերէն մին բազմանպատակային ուսումնական KTX2 օդանաւին, К9 ինքնագնաց հաուպիցին մշակումն է, աշխարհի ամէնէն մեծ հեղուկացրած կազի թանգերը եւ Xin Los Angeles տարողափոխադրողը պատրաստելը:
Շինարարութիւն կ'ընէ քոնսեռնին պատկանող մէկ ընկերութիւն՝
Կարգ մը նշանաւոր երկնաքեռներու, որոնցմէ ամէնայայտնիները՝ աշխարհի ամէնէն բարձր շէնքի՝ Պուրճ Խալիֆային, Փեթրոնաս զոյգ եւ Թայպէյ 101 երկնաքեռներու կառուցումն է:
Սամսունկին գլխաւոր գնորդներէն են՝
Shell-ը յայտարարած է աշխարհի առաջին լողացող հեղուկացուած կազի հարթակի կառուցման ծրագիրը: 2012 Հոկտեմբերին Samsung Heavy Industries-ին Հարաւային Քորէայի Կէօճէ կղզիի նաւաշինական գործարանին մէջ սկսած է նաւի մը շինարարութիւնը, որուն աւարտէն եւ ամբողջովին ներբեռնումէն ետք պիտի կշռէ 600.000 թոն եւ դառնայ աշխարհի ամէնամեծ «նաւը»: Ատիկա վեց անգամ մեծ կ'ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ օդանաւակիրէն:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Սամսունկ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.