Արկագունդ Վոլիպոլ

Վոլիպոլը (Արկագունդ), գնդակի մարզախաղ մը, որ կ'ունենայ երկու մրցակից խումբեր, վեցական մարզիկներէ կազմուած։

Արկագունդ Վոլիպոլ
Ալճերիա եւ Ճափոն, աղջկանց ազգային հաւաքականի մրցաշարք, Ողիմպիական խաղեր, 2012

Պատմական Ակնարկ

Սկիզբ առած է 1890-ական թուականներուն՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Հետագային անցած  է Ճափոն, Չինաստան եւ Ֆիլիփին։ Հոլոքէյ, Մասաչուսեցի մէջ, մարզանքի ուսուցիչ Ուիլիըմ  Կ. Մորկըն հնարած է այս խաղը, որովհետեւ ան կողովագնդակի խաղը շատ վայրագ նկատած է:

Սկզբնական շրջանին,  Մորկըն այս խաղը «Mintonette» կոչած է, զորս փակ սրահներու մէջ, իբրեւ ժամանց կը խաղցուէր, սակայն մասնակցող մարզիկներուն թիւը յաճախ կը փոխուէր:

Խաղին սկզբունքները առնուած էին Կողովագնդակէն եւ Թենիսէն:

Արկագունդ Վոլիպոլ 
Ուիլիըմ Մորկըն

Խաղին Օրէնքները

  • Խաղին  բուն օրէնքները գրի կ'առնուին Մորկընի կողմէ, որոնք կը տպուին 1897-ին:
  • Այս խաղին հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն արական թէ իգական սեռերու մարզիկներ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերէն մարզիկներ:
  • 1916-ին խաղին օրէնքները որոշ չափով փոփոխութեան կ'ենթարկուին:
  • 1922-ին ազգային առաջին մրցաշարքը տեղի կ'ունենայ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
  • 1928-ին կը հիմնուի ԱՄՆ-ի արկագունդի առաջին խումբը:
  • Բացի 1944 եւ 1945 տարիներէն, մինչեւ 1949, արկագունդի մրցումները տեղի կ'ունենան միայն տղոց միջեւ:
  • 1949-ին կը սկսին իգական սեռի մրցաշարքերը, իսկ 30 տարիքը բոլորած աղջիկներունը՝ 1977-ին:
  • Համաշխարհային Ա. պատերազմին, շնորհիւ ամերիկացի զինուորներուն, խաղը մուտք կը գործէ Եւրոպական երկիրներ:
  • 1947-ին Արկագունդի յանձնախումբը կը կազմուի Փարիզի մէջ, ապա կը հաստատուի Զուիցերիոյ մէջ՝ 1984-ին:
  • Միջազգային արկագունդի մրցաշարքերը սկիզբ կ'առնեն 1913-ին, Մանիլայի մէջ:
  • 1900-ի սկիզբէն մինչեւ յետ համաշխարհային երկրորդ պատերազմ, Ասիոյ մէջ, արկագունդի խաղերը տեղի կ'ունենան ներկայ դաշտերէն աւելի ընդարձակ դաշտերու մէջ, բայց աւելի ցած ցանցով եւ իւրաքանչիւր խումբէ՝ ինն մարզիկ:
  • Արկագունդի յանձնախումբը կը կազմակերպէ բազմաթիւ մրցաշարքեր (1949-ին միայն տղոց, 1952-ին՝ աղջիկները եւս մասնակցելու իրաւունք կը ստանան):
  • 1964-ին խաղը կը ներառուի Ողիմպիական խաղերուն մէջ, Թոքիօ:

Ծանօթագրութիւններ

[[Ստորոգութիւն:Մարզաձեւեր] Կաղապար:Stub

Tags:

Գնդակ (մարզական)

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Արա Շիրազ193013 ՄարտՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնՅունաբան ԴպրոցԱրմին ՎեգնըրՀամբիկ ՍասունեանՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Օրբելի ԵղբայրներՇուշիի Ազատագրումը (1992)Վահէ ՀայկԵրեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանՍանահինի ՎանքԽանասորի ԱրշաւանքԻտալերէնՀայկական ՏոմարԴանիէլ ՎարուժանԱղթամար կղզիՀայկական ԴրամՏղմուտ (գետ)Աշոտ Բ․ Երկաթ1994 թուականՄիշիկընՀարոլտ ՓինթըրՏիգրիս (գետ)Հրատ մոլորակ (Մարս)Հաղբատի ՎանքՄեռեալ Ծով11 Ապրիլ300 (թիւ)ՀամաստեղԱրամ Ա.Վիեննական ՍրճարանՍայաթ ՆովաՍփիւռքահայ ԵրաժշտութիւնԽօսնակ (ամսագիր)Լեւոն ՇանթՄոլորակներՇուէտՎանայ լիճԱտրպետ ԱտրպետեանԼենկ-ԹիմուրՀռոմկլաՆոր ԶելանտաՄումթազ ՄահալՎահան Տէրեան15 ՄարտՂրիմՏիգրան ԳէորգեանՄեծ ՄասիսՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՆշենիՄումպայԽաչքարՍպի (ֆիլմ, 2014)ՍանատրուկՄուշեղ ԻշխանՐաֆֆիՔաթարԱսորիքԵոկաՁմերուկԳլխաւոր ԷջՄիջերկրական ԾովՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԱզատուհի Սիմոնեան ԳալայճեանՍեւրի ԴաշնագիրՈսկի1875 թուականԼեւոն (անձնանուն)Սեն ՓեթերսպուրկՔրիստոսի տասներկու առաքեալները🡆 More