Անագ

Անագ` քիմիական տարր է, քիմիական նշանը՝ Sn (լատ.՝ Stannum-էն), կարգահամարը՝ 50, ատոմական զանգվածը՝ 118.69։

Պատմութիւն

Ստոյգ յայտնի չէ, թէ մարդն առաջին անգամ երբ ծանոթցած է անագին։ Անագը եւ ատոր համաձուլուածքները յայտնի են մարդկութեանը հնագոյն ժամանակներէն։ Անագի մասին կը յիշատակուէ Հին Կտակարանին մէջ։ Անագը պղինձի հետ միասին եղած է պրոնզի բաղադրիչ, որը կ'ենթադրուէ, որ օգտագործուած է մեր թւարկութիւնէն աւելի քան 4000 տարի առաջ։ Իսկ հենց անագ մետաղի հետ մարդը ծանոթցած է շատ աւելի ուշ՝ մեր թվարկութեան 800-ականներուն։ Մաքուր անագէն հնին կը պատրաստէին սպասք եւ զարդեր, լայն կիրառություն ունէին պրոնզե իրերը։

Պրոնզը դեղին էր, շատ ամուր եւ գեղեցիկ։ Ատկէ կը ձուլէին արձանիկներ, կը կռէին սուրեր, կը պատրաստէին աշխատանքային գործիքներ ու ամանեղէն, կը հատէին դրամ։ Մարդկութեան պատմութեան մի ամբողջ դարաշրջան ստացած է «Պրոնզի դար» անունը

Բնութեան Մէջ

Անագ 
Քասիտերիթ բիւրեղը անագի ստացման հիմնական հանքանիւթն է

Բնութեան մէջ կը հանդիպի միացութիւններու ձեւով, որոնցմէ կարեւորը անագաքարն է (քասիտերիտ)՝ ՏոO2։ Անագի հիմնական հանքանիւթը քասիտերիտն է՝ SnO2, որ կը պարունակէ մինչեւ 78.8% անագ։ Աւելի հազւադեպ բնութեան մեջ կը հանդիպէ ստանինը (անագե հրաքար)՝ Cu2FeSnS4 (27.5% Sn)։

Անագը քիչ տարածուած մետաղ է։ Երկրակեղեւին տարածուածութեամբ ան կը զբաղեցնէ 47րդ տեղը: Պարունակութիւնը երկրակեղեւին մէջ կը կազմէ 4.10-3% (ըստ զանգուածի)։ Բնութեան մէջ անագը կը հանդիպէ միացութիւններու ձեւով, որոնցմէ կարեւորներն են անագաքարը (քասիտերիթ) եւ անագակրակաքարը (սթանին)։ Անագը գոյութիւն ունի 3 բիւրեղական ձեւերով։ Ամէնակայունը սպիտակ կամ b-անագն է. 13, 2օC-ից ցածր ջերմաստիճաններին այն կը փոխակերպուէ մոխրագոյն փոշիի կամ I-անագի։ Որքան ցածր է ջերմաստիճանը, այնքան մեծ է այդ փոխարկման (յայտնի է «անագի ժանտախտ» անունով) արագութիւնը։ 161օC-էն բարձր ջերմաստիճաններուն անագը կը փոխարկուէ փխրուն կամ g-անագի։

Բնագիտական Յատկութիւններ

Անագի համաշխարհային պաշարները
(թօն, 2011)
Երկիր Պաշարներ
Անագ  Չինաստան Չինաստան 1 500 000
Կաղապար:Country data Մալազիա Մալայզիա 250 000
Կաղապար:Country data Պերու Փերու 310 000
Կաղապար:Country data Ինդոնեզիա Ինտոնեզիա 800 000
Անագ  Բրազիլիա Պրազիլ 590, 000
Կաղապար:Country data Բոլիվիա Պոլիվիա 400 000
Անագ  Ռուսաստան Ռուսիոյ դաշնութիւն 350 000
Կաղապար:Country data Ավստրալիա Աւստրալիա 180 000
Կաղապար:Country data Թաիլանդ Թայլանտ 170 000
  Այլ 180 000
  Ընդհանուր 4 800 000

Անագը սպիտակ, արծաթափայլ, կռելի, փափուկ արծաթափայլ մետաղ մըն է։ Հալման ջերմաստիճանը՝ 231, 9 °C, եռմանը՝ 2362 °C։ Յայտնի են անագի α (խտութիւնը՝ 5846.6 քկ/մ3) եւ β (խտութիւնը՝ 7298.4 քկ/մ3) ալոտրոպային ձեւափոխութիւնները։ 13.2 °C-էն ցածր ջերմաստիճաններին β անագը կը փոխակերպուէ մոխրագոյն փոշիի, որը կիսահաղորդչային յատկութիւններ ունեցող α անագն է։

Անագը սովորական պայմաններին քիմիապէս կայուն Է, օդին մէջ դանդաղ կը խամրէ օքսիտի բարակ թաղանթով պատուելու պատճառաւ։ Քիմիական միացութիւններուն մէջ անագը կ'ըլլայ քառարժէք եւ երկարժէք։ Երկարժէք անագը դիւրութեամբ կ'օքսիտանայ՝ վերածուելով քառարժէք անագի։

Անագին յատկանիշներն են՝

  • Խտութիւնը 20 °С պինդ վիճակին՝ 7.3 կ/սմ³, հեղուկ վիճակին՝ 6.98 կ/սմ³,
  • Հալման ջերմաստիճանը՝ 231.9 °С, եռմանը՝ 2600 °С,
  • Ջերմունակությունը՝ հեղուկ վիճակին՝ 20°С - 226 Ճ/(քկ•К)
  • Ջերմահաղորդականութւնը 20 °С-ին՝ 65, 8 Վտ/(մ•К);

Քիմիական յատկութիւններ

Տարրերու պարբերական համակարգի 4րդ խումբի քիմիական տարր է: Արտաքին ելեկտրոնային մակերեւոյթի համաձեւութիւնն է 5s²5p²։ Միացութիւններուն մէջ անագը կը դրսեւորէ +2 եւ +4 օքսիտացման աստիճաններ (արժէքականութիւները համապատասխանաբար՝ II եւ IV)։ Փոլինկի սանդղակով անագի էլեկտրաբացասականութիւնը կը կազմէ 1.96, այսինքն ան կը գտնուէ մետաղներու եւ ոչ մետաղներու միջեւ պայմանական սահմանին։ Վերջինս β-ճառագայթող է, կիսատրոհման պարբերութիւնը շատ մեծ է՝ T1/2 = 1016•1017 տարի։ Անագը սպիտակ, արծաթափայլ, կռելի, փափուկ մետաղ մըն է։

Կիրառութիւն

Անագ 
60 % անագէն եւ 40 % կապարէն բաղկացած զոդանիւթի լար:
  • Անագը կ'օգտագործէ պահածոյի երկաթեայ տուփերու անագապատման, զոդանւթեր, համաձուլուածքներ ստանալու համար։ Սա մետաղին հակաքորոզիական յատկութեամբ է պայմանաւորուած առարկաներու, ամանեղէնի, ժապաւեններու, մետաղալարերու պատումն անագի բարակ շերտով։ Իւրաքանչիւր ռատիոգծապատկերին մէջ տեսնել կարելի է հարիւրաւոր հպակներ, որոնք անագե զոդանիւթի փոքրիկ սառած կաթիլներ են եւ իրար կը միացնեն մանրամասերը եւ հոսանքի լաւ հաղորդիչներ են։
  • Կ'օգտագործուեն որպէս պոլիվինիլքլորիտի կայունացուցիչներ, քաուչուքներու հակաօքսիտներ եւ խթանիչներ՝ պոլիուրէթաններու ստացման համար, ինչպէս նաեւ թուղթի արդիւնաբերութեան եւ անասնաբուժութեան մէջ։

Ծանoթագրութիւններ

Tags:

Անագ ՊատմութիւնԱնագ Բնութեան ՄէջԱնագ Բնագիտական ՅատկութիւններԱնագ Քիմիական յատկութիւններԱնագ ԿիրառութիւնԱնագ ԾանoթագրութիւններԱնագԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Շարպէլ ՄախլութՎլատիմիր ԼենինՈւտիքԱնանիա ՇիրակացիՀռոմկլաՅուշարձան4 ՄարտՃատրակՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԳնունիքԿորնթոսի ՋրանցքըՀրաբուխԵրգիծանքՅովհաննէս Շիրազ1934 թուականԽաչքարՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՁայնալարեր2 ՄայիսՀրայր ԴժոխքԳաբրիէլ (անձնանուն)Խանասորի ԱրշաւանքԱզատուհի Սիմոնեան ԳալայճեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԱրտաքին Գործերու Նախարարութիւն (Շուէտ)Միսաք ԹորլաքեանԻսթանպուլՕգոստոսՓանոս Ճերանեան3 ՄայիսԲիւթանիա28 ՄայիսՀաճընԳրիգորիս ԱղուանեանՍան Սթեֆանոյի ՊայմանագիրՆիկողայոս ԱդոնցԱծանցաւոր բառերԽոտաբուժումՄանուէլ ՄենենկիչեանԳրիգոր ՆարեկացիԵղիշէ Առաքեալի վանքը20198 ՅունիսԳրիգոր Մագիստրոս ՊահլաւունիԼեւոն ԱրոնեանԱրամ Ա.Մատթէոս ԾարեցիԼուսինՈւրբաթագիրքԿիպրոսի Հայերը12 Մայիս1964 թուականԱրաքս (գետ)ԹիֆլիսԱշտարակԵրկրորդ Ղարաբաղեան Պատերազմ (2020)Ուիլիըմ ՇէյքսփիրՊուէնոս ԱյրէսՉինաստանՈսկիՀայաստանի Զինուած ՈւժերՔաղկեդոնի ԺողովՍիփան106 (թիւ)1922 թուականՀայկական ՀարցԱւստրալիաԼեւոն (անձնանուն)Գրիգոր Շղթայակիր ՊատրիարքԷյմի ՈւայնհաուսՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՄետաղՈստանիկ🡆 More