Առիւծ

Առիւծ (լատիներէն՝ Panthera leo, հայերէն անուան ստուգաբանութիւնը տես՝)՝, կատուազգիներու ընտանիքի վայրի կաթնասուն կենդանի մըն է։ Տարածուած է Ափրիկէի եւ Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ մէջ։

Առիւծ

Ներկայիս առիւծները գրեթէ ամբողջապէս ոչնչացած են։ Պահպանուած են միայն Կեդրոնական Ափրիկէի մի շարք շրջաններու եւ արգելոցներու մէջ, շատ քիչ քանակով՝ Հնդկաստանի մէջ։ Կը բնակին սաւաննաներու, կիսաանապատներու եւ անապատներու մէջ։

Ներկայիս գոյութիւն ունեցող կատուազգիներուն մէջ երկրորդն է իր մեծութեամբ (միայն վագրին կը զիջէ), որոշ առիւծներու կշիռքը կրնայ ըլլալ 250 քկ։

Վերարտադրութիւնը

Էգ առիւծն ընդունակ է բազմանալու չորս տարեկանէ։ Հղութիւնը կը տեւէ միջինը 110 օր։ Առիւծին նորածին ձագերը՝ կորիւնները, որոնք սովորաբար երեքը կ'ըլլան, շատ փոքր են (մօտաւորապէս 30 սմ, քաշը՝ 1.2-2.1 քկ) ու խայտաբղէտ, անոնք մեծնալով կը դառնան միագոյն։ Կորիւնները կը ծնուին կոյր եւ անօգնական։ Աչքերը կը բացուին ծնելէ մէկ շաբաթ անց։

Սովամահ ըլլալէն բացի, կորիւններու համար վտանգ կը ներկայացնէն նաեւ այլեւայլ գիշատիչներ՝ բորենիները, շնագայլերը, յովազները, արծիւները եւ օձերը։ Նոյնիսկ գոմէշները, կորիւններու հոտն զգալով կը վազեն անոնց թաքստոցին մօտ եւ ամեն կերպ կը ցանկանան ոտնատակ ընել անոնց, քանի դեռ մայր առիւծը որսի գացած է։ Եթէ խումբի գլխավոր առիւծին դուրս կը մղէ մէկ ուրիշը, ան կը սպաննէ յաղթուածի կորիւնները։

Ընդհանուր առմամբ, առիւծներու 80%-ը կը սատկէն են մինչեւ երկու տարեկան դառնալը։

Առիւծ 
Առիւծ 
Առիւծ 

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

ԱսիաԱփրիկէԼատիներէնՀայերէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ինչու է Աղմկում ԳետըՎահրամ ՓափազեանԾով1824 թուականՅիսուսի ճշմարիտ ԵկեղեցինՏարածութիւնԳեղարդի վանք1695 թուականՍինկափուրՖրիկ (բանաստեղծ)Ռուբէն ՍեւակԻնքնաթիռ8 ՅունուարGoogle PlayHarry Potter and The Philosopher's StoneԼուսաւոր Հայաստան ԿուսակցութիւնՓետրուարԴափնիի ՏերեւԳործելու ՄեքանիզմԱմպՀրայր ԴժոխքԽոնաւ Ցամաքային ԿլիմայԳրական ՍեռերՆեղոս գետԴեկտեմբերԱրժանթինԳործիական հոլովԿարագԳէորգ ԷմինՔանյէ ՈւեսթՎանԳրիգոր (անձնանուն)14 Ապրիլ1941 թուական6 ՀոկտեմբերԹատրերգութիւնԲիւզանդական Կայսրութիւն31 Դեկտեմբեր1914 թուականՈւրուկուէյՍ. Նիկողայոս ԶմիւռնիացիՍանթուրՊաղտասար ԴպիրԵրեքշաբթիՍեդրակ ԱռաքելեանՀամաշխարհային Մաքրութեան ՕրՄայամիԽոզուկ կամ ունկնախտ (մանկական վարակ)ԲաբելոնՎահէ ՊէրպէրեանՀայկական ԼեռնաշխարհԼեզուաբանութիւնԱկրիճենթօԿաթոլիկ եկեղեցիԱհմատ ՇամլուՊասուց ՏոլմաMercedes-BenzԵրգիծանքԴանիէլ ՎարուժանՏոհմածառԿոմիտաս ՎարդապետՆաթրիոն1 ԱպրիլԱզրպէյճանՍ. Գէորգ զօրավարՔարլես ՓուճտեմոնՔլէոփաթրաԵություպՍերօ Խանզադեանի Տուն-Թանգարան320 (թիւ)Անթանթ1990 թուական🡆 More