Քոսութիւն

Քոսութիւնը (scabies) մորթային զօրաւոր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շատ ուժգին քերուըտուքով: Տիզ կոչուած մակաբոյծի մը վարակումով կը յառաջանայ քոսոտութիւնը:

Քոսութիւն
Sarcoptes scabiei
Քոսութիւն
ՀՄԴ-9 133.0
ՀՄԴ-10 B86
MedlinePlus 000830
MeSHID D012532

Տիզ մակաբոյծի յատկութիւնները

Տիզ մակաբոյծը ունի հետեւեալ յատկութիւնները.

  1. Տիզը անտեսանելի է պարզ աչքով: Ան կը նշմարուի միայն մանրադիտակով:
  2. Տիզը ունի մօտաւորապէս 0.33 մմ երկարութիւն եւ 8 պզտիկ ոտքեր` հակառակ այն բոլոր մակաբոյծներուն, որոնք բոլորն ալ ունին 6 ոտքեր:
  3. Էգ տիզը աւելի երկար է, քան` առու տիզը, որուն հասակը մօտաւորապէս էգ տիզին կէս չափն է:
  4. Տիզերը խումբով կը տեղաւորուին եղունգներուն, պորտին եւ մորթի ծալքերուն մէջ:
  5. Առու եւ էգ տիզերը կը մխրճուին մորթին մէջ եւ կը յառաջացնեն ուժգին քերուըտուք, որ աւելի կը զօրանայ գիշերները:
  6. Էգ տիզն է, որ կը վարակէ եւ բոյն կը շինէ մարդու մորթին մէջ:
  7. Տիզը կ՛ապրի հիւրընկալ մորթին վրայ միայն 24-36 ժամ:
  8. Տիզը միայն կը քալէ: Ան չի կրնար թռչիլ եւ կամ ցատկել:
  9. Կ՛ապրի անշարժ եւ երկար ժամանակ 20 սանթիկրատ ջերմաստիճանէն վար միջավայրի մէջ:

Շուներ եւ կատուներ կը վարակուին քոսութեամբ, բայց` տարբեր տեսակ տիզ-մակաբոյծներով: Հետեւաբար շուներու եւ կատուներու քոսութիւնը փոխանցիկ չէ մարդոց:

Տիզը կը մխրճուի մորթին մէջ եւ հոն կը տեղաւորէ իր հաւկիթները, որոնք վարակուող անհատին մօտ կը զարգացնեն զգայունացում մակաբոյծի սպիտակուցներուն դէմ: Այս զգայունացումը կը յառաջացնէ քերուըտուք: Քոսութեան թխսաւորումը կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ:

Քոսութեան ախտանշանները

Քոսութեան ախտանշանները ի յայտ կու գան վարակումէն 1-2 ամիս ետք: Այս ժամանակամիջոցին, հակառակ որ ախտանշաններ չեն տեսնուիր, վարակուած անձը կրնայ վարակել ուրիշ անձ մը:

Քոսոտութեան առաջին ախտանշանը զօրաւոր եւ մնայուն քերուըտուքն է, որ կը սկսի անյայտօրէն եւ առանց ազդանշանի, մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ: Հիւանդը կը հակազդէ քերուըտուքի զգացումին` քերելով մորթին որոշ մէկ բաժինը:

Քերուըտուքին հետ կամ քանի մը օրեր ետք մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ կը յայտնուին կարմրագոյն կամ սրճագոյն պզտիկ թելանման բշտիկաւոր բարձրութիւններ` 2-6 մմ երկարութեամբ, որոնք յաճախ շատ դժուարութեամբ կը նշմարուին: Այս վէրքերը նախ կը յայտնուին մատներու միջեւ եւ ետքը` դաստակին եւ անութներուն վրայ, արմուկին ետեւը, ծունկին վրայ, ոտքին ետեւը եւ կողմերը, փորի ամբողջ շրջապատը, պորտին շուրջը, կրծքապտուկներուն վրայ եւ շուրջը, արտաքին սեռային օրկաններու շուրջը եւ յետոյքին վրայ:

Վարակուած անձին ամբողջ մարմնին վրայ ընդհանրապէս միայն 10-15 տիզ կ՛ապրին, որոնք կը յառաջացնեն հազարաւոր բշտիկներ:

Քոսութեան տիզը անձէ անձ կը փոխանցուի ուղղակի դպչելով. այսինքն վարակումը կը յառաջանայ, երբ քոսոտ անձի մը մարմինը հպի առողջ մարդու մը մարմնին: Վարակուած անձի մը մորթին տիզերը կը փոխանցուին առողջ անձին, եւ կը պատահի վարակումը: Տեսնուած է, որ վարակուած անհատի մը անկողինը կրնայ փոխանցման միջոց ծառայել: Սակայն սեռային յարաբերութիւնը նկատուած է քոսութեան փոխանցման հիմնական պատճառներէն մէկը: Վարակուած անձը կրնայ փոխանցել հիւանդութիւնը առողջ անհատի մը, մինչեւ այն ատեն որ ինք չէ դարմանուած եւ մինչեւ 24 ժամ իր դարմանումէն ետք:

Քոսութիւնը տարածուած հիւանդութիւն մըն է բոլոր երկիրներուն մէջ: Անիկա շուտով կրնայ համաշխարհային համաճարակ մը դառնալ: Քոսութիւնը համաճարակի ձեւով կը յայտնուի խիտ հաւաքականութիւններու մէջ, օրինակ` մանկամսուրներու, դպրոցներու, բանտերու, բանակի, ծերանոցներու եւ անտուններու կեդրոններուն մէջ:

Քոսութիւնը կը պատահի հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ եւ առանց խտրութեան` գոյնի, տարիքի եւ ժողովուրդներու ընկերատնտեսական կացութեան: Ամէն տարի ամբողջ աշխարհի մէջ կը տեսնուին մօտաւորապէս 300 միլիոն քոսութեան պարագաներ: Մանուկներու մօտ միայն գլխու քոսոտութիւնն է, որ կը պատահի:

Քոսութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի ընդհանրապէս մորթաբուժի (dermatologist) պարզ քննութեամբ` տեսնելով մորթին վրայ քոսութեան իւրայատուկ ախտանշան բշտիկները: Սակայն մորթաբուժը երբեմն կը հարկադրուի յայտնաբերել տիզը մանրադիտակային քննութեամբ:

Քոսութեան դարմանումը

Քոսութեան դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ գործընթացով.

  1. Ծածկել ամբողջ մարմինը, գլուխէն մինչեւ ներբանները, ներառեալ` սեռական արտաքին օրկանները եւ յետոյքը յատուկ հակաքոսութեան օծանով մը:
  2. Պահել օծանը մարմնին վրայ լրիւ 12 ժամ:
  3. Լոգնալ գաղջ ջուրով եւ օճառով:
  4. Կրկնել վերոյիշեալ երեք կէտերը 10 օր ետք:
  5. Քերուըտուքի դէմ կարելի է գործածել հակաքերուըտուքի եւ հակագերզգայնութեան յատուկ դեղեր:
  6. Դարմանել նաեւ հիւանդին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցողները, անոր ընկերները եւ ընտանիքի միւս անդամները, նոյնիսկ եթէ անոնք ախտանշաններ չունին:
  7. Տաք ջուրով եւ օճառով լուալ հիւանդին անկողինի ծածկոցը, բարձի երեսը, անձեռոցը եւ հագուստները:

Շատ քիչ պարագաներուն դարմանումէն ետք, մինչեւ երեք շաբաթ թերուըտուքը կրնայ շարունակուիլ, հակառակ որ բոլոր տիզերը մեռած կ՛ըլլան:

Քոսութենէ տառապող անձը կրնայ ունենալ մորթային երկրորդական վէրքեր եւ բորբոքումներ, եթէ ան շարունակ քերէ քոսութեան վէրքերը: Այս պարագային հակաբորբոքումի դեղեր պարտադիր կը դառնան:

Գոյութիւն ունի յատուկ քոսութեան տեսակ մը, որ կը կոչուի Նորվեկեան քոսութիւն: Անիկա կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք շատ տկար դիմադրողականութիւն կ՛ունենան հետեւեալ պատճառներով` տարեցութիւն, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշ (AIDS), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) եւ աւշագեղձային ուռ (lymphoma): Անհատը կը վարակուի հազարաւոր տիզերով` հակառակ պարզ քոսութեան, ուր միայն 10-15 տիզերով կը պատահի վարակումը:

Տե՛ս նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • Ազդակ օրաթերթ, Յոդուածներ, Առողջապահական-բժշկագիտական, Տքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 31 Յունուար 2013:

Tags:

Քոսութիւն Տիզ մակաբոյծի յատկութիւններըՔոսութիւն Քոսութեան ախտանշաններըՔոսութիւն Քոսութեան դարմանումըՔոսութիւն Տե՛ս նաեւՔոսութիւն ԾանօթագրութիւններՔոսութիւն ԱղբիւրներՔոսութիւնՀիւանդութիւնՔերուըտուք

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԵւրոպաԾովից ծով ՀայաստանՄԱԿԼեւոն (անձնանուն)ԱրագածԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԸնդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)ՄուշԾաղիկՕրբելի ԵղբայրներՄեռեալ ԾովՌաս Ուլ ԱյնՎահրամ Մավեան3 ՆոյեմբերԹաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի (ժապաւէն)ԵգիպտոսՔարլես ՓուճտեմոնԱրշակ ՖեթվաճեանՍկովտիական ՈւիսքիՄեհեանՃիմի ՈւէյլզԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)Հացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Բարդ բառերՎարդան ԱյգեկցիՈրսորդութիւնԱսիաԿուկըլ ՔրոմՀնդկաստանՄարտիրոս ՍարեանՊոսթընՔարահունջՎազգէն Ա.Քերքիրա (կղզի)ԹիֆլիսԿաթողիկէութիւնԿապոյտ (գոյն)Մանկական ԱնդամալուծութիւնՄուհամմատ ՔուճճահԹաւրիզՎահրամ ՓափազեանՊաալպէքԱնդրանիկ ՕզանեանՈդիսեւսՄոնթէ ՄելքոնեանԱշոտ Գ. ՈղորմածՄիլանՎահան (անձնանուն)Ցխինվալիի ՀայերըՌաքքա Նահանգ11 ԱպրիլԱնանիա ՇիրակացիԱրաքս (գետ)Ինքնիշխան պետութիւնՆաթալի ՂուսելՉարլզ ՊիքֆորտՈւէյն ՌունիՃոան ՌոուլինկՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԵություպThe Diary of a Young GirlԱրշիլ ԿորքիՃոն ՔենետիԹթուածինՖրիտիոֆ Նանսեն1914 թուականՇահան ՇահնուրՆիկոլ ԱղբալեանՎատիկան🡆 More