Եղունգ

Եղունգը կը ծածկէ ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասի ոսկրիկները (phalanx): Անոր կազմաւորումը շարունակական է մինչեւ անհատին մահը: Եղունգը իր կազմաւորման եւ աճման հետեւանքով որոշ չափով կ'երկարի եւ կը ստանայ ձեւ ու տեսք:

Եղունգ
Ձեռքի եղունգներ

Ձեռքի մատներու եղունգները աւելի արագ կ'աճին քան ոտքի մատներու եղունգները: Եղունգի աճը պայմանաւորուած է անհատի տարիքէն, սեռէն, տարուան եղանակէն, սնունդէն, մարզանքէն եւ ժառանգականութենէն: Եղունգներու աճը կ'աշխուժանայ ամրան եղանակին եւ առաւելաբար անչափահասներու մօտ: Ան կ'աճի մօտաւորապէս 3 մմ. ամէն ամիս: Մատի եղունգի ամբողջական աճը կը տեւէ 3-6 ամիս, իսկ ոտքի մատներունը՝ 12-18 ամիս:

Բաժիններ

Եղունգը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն.

Եղունգի արմատ՝ եղնգաբուն

Եղնգաբունը (nail root, matrix) կամ եղունգի արմատը եղջերային կազմուածքով (keratogenic) թաղանթ մըն է, որ կը գտնուի մատի մորթին վերջաւորութեան տակը: Անկէ կը ծնին եղջերանիւթէ (keratin) կազմուած եղնգամարմինի բջիջները: Այս բջիջները կը քալեն դէպի առջեւ՝ կազմելու համար եղնգամարմինը: Եղնգաբունին մեծ մասը անտեսանելի է: Անոր յառաջամասի պզտիկ մէկ բաժինը միայն տեսանելի է, որ կը յայտնուի ճերմակ կէս լուսնի ձեւով եւ կը կոչուի լուսնակ: Բոլոր մատներուն եղունգները կը յայտնուին լուսնակով, բացի ճկոյտ մատի եղունգէն: Բթամատի եղունգին լուսնակը ամէնէն խոշորն է: Եղնգաբունը կ'ապրի այնքա'ն ատեն որ անիկա սնունդ կը ստանայ եւ կը մնայ առողջ վիճակի մէջ:

Եղնգամարմին՝ բուն եղունգ

Եղնգամարմինը (nail body, plate) կազմուած է եղջերանիւթէ եւ եղունգի տեսանելի բաժինն է: Անիկա կը հանգչի եղնգամահիճին վրայ, ուր կը գտնուի մատի մորթին ծայրամասը: Ուրեմն մահիճը կազմուած է մորթի երկու խաւերէն՝ ենթամորթ (dermis) եւ վերնամորթ (epidermis): Ենթամորթը բակած է մատի վերջին ոսկրիկին եւ հարուստ է ջղաթելերով (nerve endings), աւշաթելանօթներով (lymph vessels) ու արեան թելանօթներով (capillaries), որոնք եղնգամարմինին կու տան վարդագոյն տեսք:

Եղնգամարմինը կարծր եւ ողորկ է: Անիկա կրնայ ըլլալ տափակ, կոր-կամարաձեւ (convex) կամ փոսաւոր (concave) զանազան հիւանդութիւններու պատճառով: Անոր հաստութիւնը եւ լայնքը կախեալ է եղնգաբունի չափէն, այսինքն՝ մեծութենէն եւ հաստութենէն:

Ենդաբաժիններ

  • Եղնգամահիճ (nail bed)
  • Եղունգի լուսնակ (nail lunula)

Դերակատարութիւններ

Եղունգը ունի կարգ մը դերակատարութիւններ.

  • Կը պաշտպանէ մատներու ծայրամասի ոսկրիկները.
  • Կը գործածուի որպէս գործիք՝ բռնելու համար մանր առարկաներ.
  • Կը ծառայէ մարմինի մակերեսը-մորթը քերելու.
Եղունգ 
Ոտքերու եղունգներ
  • Կու տայ վայելչութիւն ոտքի եւ ձեռքի մատներուն.

Առողջութիւն

Եղունգի առողջութիւնը որոշ չափով կը ցոլացնէ անհատին առողջութիւնը: Բոլորս մեծ ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերենք մեր եղունգներու առողջութեան:

Եղունգները առողջ կը մնան՝

  • Առողջ սննդականոնի հետեւելով. բնասպիտները (protein), երկաթը եւ կիրը խիստ կարեւոր են.
  • Պէտք եղած հիմնական կենսանիւթերը գործածելով, մանաւանդ՝ A, D եւ B-12 կենսանիւթերը.
  • Հանգիստ կօշիկ եւ մաքուր գուլպայ հագնելով.
  • Շաքարախտէ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ զերծ մնալով.
  • Եղունգը հարուածներէ եւ վնասներէ պաշտպանելով.
  • Ոտքի եւ ձեռքի մատներու առողջութեան հետեւելով.

Հիւանդութիւններ

Ախտանշաններ

Եղունգը յաճախ կը կորսնցնէ իր առողջ վիճակը եւ կը յայտնուի զանազան հիւանդութիւններով ու անբնական երեւոյթներով, որոնք կը յայտնուին եղնգային զանազան ախտանշաններով.

  • Գոյնի ախտանշաններ՝ ճերմակ բիծեր, տժգնութիւն, կապտութիւն, կարմրութիւն, դեղնութիւն.
  • Հիւսուածքի եւ տեսքի ախտանշաններ՝ հաստութիւն, բարակութիւն, կոշտութիւն, կարծրութիւն, կակուղութիւն, դիւրաբեկութիւն, ակօսութիւն, ճեղք.
  • Ձեւի ախտանշաններ՝ գնդակաձեւ (clubbing), կոր, փոսիկանման, դգալանման (spoon shaped).
  • Բորբոքում
  • Թարախակոյտ (abscess)
  • Արիւնակոյտ (hematoma)
Եղունգ 
Կապիկի ձեռքի եղունգներ

Տեսակներ

Եղունգի հիւանդութիւններն ու անբնական երեւոյթներն են՝

Այլանդակ եւ տձեւ երեւոյթներ (deformities)

Այս այլանդակ երեւոյթները կը յառաջանան հետեւեալ պատճառներով.

  • Ծինային (genetic) անբնական կազմաւորում.

Այս պարագային այլանդակ երեւոյթը կը յայտնուի ի ծնէ եւ կ'ըլլայ ընդոծին (congenital).

  • Հարուած-վնաս (trauma).

Մատներու եղունգները կրնան վնասուիլ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածով: Ծանր առարկայի մը իյնալը ոտքին վրայ, եղունգին ուղղակի վնաս կը հասցնէ: Նեղ կօշիկ հագնելով՝ անուղղակի հարուած կը հասցնենք եղունգին: Եղունգի հարուած-վնասը կը յառաջացնէ եղունգի զանազան անբնական երեւոյթներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ճերմակ կէտաւորում, կապտութիւն, եղունգի ճեղք եւ կոտրտուք, աւելորդ նոր եղունգի աճ, շրջա-եղնգային եւ ենթա-եղնգային արիւնահոսութիւն եւ բորբոքում: Ենթա-եղնգային արիւնահոսութեամբ, անհատը կ'ունենայ ուժգին ցաւ, որ կ'անհետանայ ծակելով եղունգը եւ կուտակուած արիւնը արտահանելով: Կուտակուած արիւնը չարտահանելու պարագային, եղունգը կը մահանայ ու կ'իյնայ:

  • Սնկային (fungal) հիւանդութիւններ.
  • Մորթային հիւանդութիւններ.
  • Մարմնական հիւանդութիւններ, օրինակի համար՝ շաքարախտ եւ սրտանօթային (cardiovascular) հիւանդութիւններ, որոնց պատճառով մատներու եւ եղունգներու արեան շրջագայութիւնը կը նուազի եւ տեղի կ'ունենան զանազան անբնական երեւոյթներ.
  • Կարգ մը դեղերու գործածութիւնը, ինչպէս օրինակ Tetyracycline-ի գործածութեամբ, եղունգի մարմինը կրնայ բաժնուիլ իր մահիճէն.
  • Տարեցութիւն, որուն հետեւանքով, եղունգին վրայ կը յայտնուին հորիզոնական խորունկ ակօսներ.
  • Յոռի սննդառութիւն, մասնաւորապէս՝ բնասպիտի, կիրի եւ երկաթի նուազ սպառում: Բնասպիտի անբաւարարութեամբ, եղունգը կ'ունենայ ճերմակ բիծեր, իսկ երկաթի պարագային՝ եղունգը կ'ունենայ մակերեսային դգալանման փոսիկ:
  • A, D եւ B-12 կենսանիւթերու անբաւարարութիւն.

A եւ D կենսանիւթերու անբաւարարութեամբ տեղի կ'ունենայ եղունգի չորութիւն եւ ճեղքռտուք. իսկ B-12 սննդանիւթի պարագային՝ եղունգը կը դառնայ թուխ եւ չոր:


Բորբոքումներ

Եղունգի բորբոքումներուն մեծամասնութիւնը սնկային են (fungal), սակայն կրնան տեսնուիլ նաեւ ցպկային (bacterial) եւ ժահրային (viral) բորբոքումներ: Եղունգի սնկաքարութիւնը (onychomycosis) սնկային բորբոքում մըն է, որ կը յառաջանայ մարմնական սնկային բորբոքումներու եւ տարեցութեան պատճառով: Ժողովուրդին 10 առ հարիւրը կ'ունենայ այս բորբոքումը: Ան առաւելաբար կը պատահի տղամարդոց մօտ, ոտքի մատներու եղունգներուն վրայ։ Եղունգի սնկաքարութեան կարեւոր ախտանիշ է եղունգի ճերմկութիւնը կամ դեղնութիւնը: Այս բորբոքումը կանխարգիլելի է, պարզապէս՝ ուշադրութիւն դարձնելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

  • Եղունգները կարճ բայց չափաւոր կտրել.
  • Ոտքի մատները լաւ չորցնել լոգանքէ ետք եւ հակասնկային փոշի գործածել մատներուն միջեւ.
  • Հին եւ նեղ կօշիկ չհագնիլ, որովհետեւ նեղ կօշիկներուն մէջ սունկերու բեղմնիկները (spores) բոյն դրած կրնան ըլլալ.

Եղունգի շրջաբորբ (paronychia)

Ասիկա եղունգի շուրջը պատահած սուր եւ ցպկային բորբոքում է: Եղունգի շրջաբորբը կը պատահի ընդհանրապէս՝

  • Այն անձերուն մօտ, որոնք կը կրծեն իրենց ձեռքերու մատները եւ եղունգները.


  • Ոտքի մատներու եղունգի մխրճում (ingrowing toe-nail) ունեցողներու մօտ.
  • Շաքարախտէ տառապողներու մօտ.
  • Ծայրամասային զարկերակային խցում (peripheral vascular obstruction) ունեցողներու մօտ.
  • Նեղ կօշիկներով երկարատեւ մարզանք ընողներու մօտ.

Շրջաբորբը շուտով կրնայ վերածուիլ թարախակոյտի. եղունգի շրջաբորբի դարմանումը տեղի կ'ունենայ հակացպկային դեղերով, թարախակոյտը բանալով եւ թարախը արտահանելով:

Մխրճուած եղունգ

Մխրճուած եղունգի ախտապատճառներն են՝

  • Նեղ եւ անհանգիստ կօշիկի գործածութիւն.
  • Ընդոծին անբնական եղունգի գոյութիւն.
  • Տարեցութիւն, անշարժութիւն եւ նստակեաց կեանք.
  • Յղութեան շրջանին ոտքի մատներու ուռեցք.
  • Մարմնական ընդհանուր ջրուռեցք (edema).
  • Եղունգի մնայուն-երկարատեւ բորբոքում.

Այս հիւանդութեան պարագային, եղունգը կը մխրճուի շրջապատի մորթին եւ մկաններուն մէջ, ու կը յառաջանայ բորբոքում եւ նոյնիսկ՝ թարախակոյտ: Անհատը կ'ունենայ հետեւեալ ախտանշանները՝ զօրաւոր ցաւ, կարմրութիւն, ուռեցք եւ ջերմութիւն: Մխրճուած եղունգը կը դարմանուի հակացպկային դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութեամբ:

Եղունգներու անբնական գունաւորում

Այս մէկը կը յառաջանայ՝

  • Կարգ մը դեղերու գործածութեամբ եւ դարմանական միջոցներով, օրինակ՝ հակամալարիայի դեղերով, Tetracycline-ով եւ քաղցկեղի քիմիական դարմանումով (chemotherapy).
  • Մարմնական զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով.
  1. Արեան կարմիր գնդիկներու բազմացում (polycythemia), որուն հետեւանքով եղունգը կ'ունենայ կապտախտի (cyanosis) երեւոյթ:
  1. Սրտանօթային հիւանդութիւններ, երբ տեղի կ'ունենայ արեան ծայրամասային շրջանառութիւն եւ արեան նուազում: Այս բոլորին հետեւանքով, եղունգները կը ստանան մանիշակագոյն կամ կապոյտ գոյն:
  • Սնկաքարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ կամ դեղին գոյն.
  • Եղունգին ուղղակի կամ անուղղակի վնաս-հարուածը, որ կը յառաջացնէ կապտութիւն եւ ճերմակ կէտաւորում.
  • Սնունդին մէջ բնասպիտի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ բիծեր.
  • B-12 կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ թուխ գոյն:

Տե'ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 13 Յունուար, 2012:

Tags:

Եղունգ ԲաժիններԵղունգ ԴերակատարութիւններԵղունգ ԱռողջութիւնԵղունգ ՀիւանդութիւններԵղունգ Տես ՆաեւԵղունգ ԾանօթագրութիւններԵղունգ ԱղբիւրներԵղունգՄահ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՍուէզՄսաշոթԱփրիկէՈւղղաձեւ քսանանիստԱղձնիքՏաղԿուկըլ ՔրոմՇուշիի Ազատագրումը (1992)Էնիկմա ՄեքենանApple WatchԳուրգէն ՄահարիՆԱՍԱ2003Նիքիթա ԽրուշչովՍաղմոսավանքԴիադին1874 թուական1965 թուականԽաչիկ ՄուրատեանՄատթէոս ԾարեցիԻսրայէլ Օրի1964 թուականՀամաշխարհային ժառանգութիւնԳառնիի Հեթանոսական Տաճար3 ՄայիսԹրքերէնՍուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)Հատած տասներկուսանիստԱնդրանիկ ՕզանեանՅուշարձանՊիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնըԱրեւմտահայերէն Ուիքիփետիա1 ՅունիսGoogle Playxk16zՔանատա11 ՅուլիսՐաֆֆիԽոյր1976 թուականԱշոտ ՂուլեանԱշտարակՍոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան ԿուսակցութիւնԱրագած12 ՅունիսԽոսրովանուշԱքիհիթօ1989 թուականԿորնթոսի ՋրանցքըՀրանտ ՄաթեւոսեանԹորոս ԱզատեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկՀայկական ԴիցաբանութիւնՍողոմոն ԹեհլիրեանՃիմի ՈւէյլզԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԽորէն ՍինանեանՊէյրութի Ամերիկեան ՀամալսարանԽաչվառՆահապետ ՌուսինեանՄակդիրԼեւոն ԱրոնեանՀնդկաստանՈւտիքՌանչպարների Կանչը1774 թուականՏարածութիւնՎազգէն Ա.Հրայր ԴժոխքՀայ Գիրերու ԳիւտՄուշեղ Ս. Արք. ՄարտիրոսեանԿիպրոսի ՀայերըՄանուէլ ՄենենկիչեանԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցի🡆 More