Շնչարգելք

Շնչարգելքը (asthma) զանազան պատճառներով յառաջացած եւ պարբերաբար կրկնուող շնչահեղձութիւն (dyspnea) է: Յաճախ անիկա կը կոչուի ծանրաշունչ եւ ազմ:

Շնչարգելք

Շնչարգելքը երկարատեւ եւ անհակակշռելի (irriversible) թոքային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շնչահեղձութեամբ եւ շնչասլոցով (wheeze):

Երկու թոքերը կ'ախտահարուին եւ անոնց ցնցուղներուն (bronchi) եւ ցնցղիկներուն (bronchioles) կծկումով կը յառաջանայ շնչարգելքը: Անիկա կը պատահի ընդհանրապէս որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս հազուադէպ է մանուկներու մօտ: Անիկա առաւելաբար կը յայտնուի քաղաքներու մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ:

Շնչարգելքը համատարած հիւանդութիւն մըն է բոլոր երկիրներու տարածքին։ Տարուէ տարի շնչարգելքէ տառապող հիւանդներուն թիւը կը բազմապատկուի: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն, ամբողջ աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս եօթը առ հարիւրը կը տառապի շնչարգելքէ:

Ախտապատճառներ

Շնչարգելքը ունի հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներ:

Հիմնական ախտապատճառները

  • Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն (general allergy),
  • Դեղերու եւ սննդանիւթերու գերզգայնութիւն,
  • Ծխախոտի ծուխ (Ծխողը անմիջականօրէն եւ առաւելաբար ինք կը վնասուի ծխախոտի պարունակած թունաւոր նիւթերէն, իսկ իր շուրջը գտնուողները նոյնպէս կը վնասուին, բայց աւելի նուազ տարողութեամբ եւ երկրորդական ձեւով):
  • Զանազան տեսակի թունաւոր կազերու, քիմիական նիւթերու եւ ներկերու ներշնչում,
  • Փոշիով եւ բեղմնափոշիով (pollen) ապականած միջավայրի օդի ներշնչում,
  • Ժառանգական-ծինային հակամէտութիւն (genetic disposition): Այն անձերը, որոնք շնչարգելքի ծինային հակամէտութիւն ունին, դիւրաւ կ'ախտահարուին շնչարգելքով, երբ ենթարկուին վերոյիշեալ ախտապատճառներուն:
  • Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux): Նշմարուած է, որ այս հիւանդութիւնը ունեցող անհատներուն մեծամասնութիւնը կը տառապի շնչարգելութենէ:

Երկրորդական ախտապատճառները

  • Ֆիզիքական գերյոգնութիւն եւ մարմնամարզ,
  • Խոնաւ եւ պաղ կամ տաք մթնոլորտ, մշուշ,
  • Հոտաւէտ նիւթեր՝ անուշահոտ, օճառ,
  • Զգացական-հոգեբանական խանգարումներ,
  • Դաշտանի եւ յղութեան շրջանին տեղի ունեցող ճնշուածութիւն եւ հոգեկան վերիվայրումներ:

Երկրորդական ախտապատճառները առանձնաբար՝ հիմնական ախտապատճառներու բացակայութեան, չեն կրնար շնչարգելք յառաջացնել: Սակայն անոնք կը զօրակցին հիմնական ախտապատճառներուն կամ կը գրգռեն զանոնք ու կը պատճառեն կանխահաս շնչարգելք:

Ախտանշաններ

Շնչարգելքի յատկանշական ախտանշանները հետեւեալներն են.

  • Չոր հազ, որ աւելի զգալի կ'ըլլայ գիշերը եւ քունի ընթացքին,
  • Շնչասլոց ներշնչումի եւ արտաշնչումի ընթացքին,
  • Կարճատեւ ներշնչում եւ արտաշնչում ու արագ շնչառութիւն,
  • Կրծքավանդակի (chest wall) ճնշում-նեղութիւն:

Այս ախտանշանները՝ բոլորը նոյն ձեւով եւ նոյն ուժգնութեամբ չեն պատահիր շնչարգելքէ տառապող անհատներուն: Բազմաթիւ հիւանդներ, որոշ ժամանակաշրջան մը, առանց որեւէ մէկ ախտանշանի կ'ապրին, սակայն յանկարծ որոշ գրգռիչ պատճառով մը կը սկսին մնայուն շնչարգելքի ուժգին ախտանշանները յայտնուիլ: Ուրիշներ ամէնօրեայ ախտանշաններով կ'ապրին, բայց մնայուն տառապանքով: Յաճախ ախտանշանները երեւան կու գան մարմնամարզանքի ընթացքին եւ կամ ժահրային շնչառական պարզ հիւանդութեամբ մը եւ նոյնիսկ պարզ հարբուխի հետ միասին:

Շնչարգելքէ տառապող անհատներուն մեծամասնութիւնը դեղադարմանումներով կ'ապրի եւ կը գործէ գրեթէ բնական պայմաններու մէջ։ Սակայն անակնկալ որոշ գրգռիչ ազդակներու յայտնաբերումով անոնցմէ շատերը կ'ունենան շնչարգելքի ուժգին նոպա-ախտաժամ (asthmatic attack) եւ կը մատնուին ամբողջական անգործութեան: Շնչարգելքի ուժգին նոպայի ախտաբանական պատճառները հետեւեալներն են.

  • անակնկալ եւ արտառոց զօրութեամբ ցնցուղներու կծկում-նեղացում,
  • ցնցուղներու ներքին մակերեսի ջրուռեցք, եւ առատ թանձր խուխի արտադրութիւն:

Վերոնշեալները կը յառաջացնեն ուժգին նոպայական շնչարգելքը իր ախտանշաններով.

  • ներշնչումի եւ արտաշնչումի բարձր շնչասլոց,
  • թանձր խուխով հազ,
  • կրծքավանդակի սուր ճնշումաւոր ցաւ,
  • վիզի մկաններու պրկում,
  • խօսելու դժուարութիւն,
  • առատ քրտինք,
  • անհանդարտութիւն,
  • կապտախտ (cyanosis)՝ կապոյտ շրթունքներ եւ մատներու եղունգներ, եւ մթագնութիւն: Այս ուժգին նոպայական շնչարգելքը երբեմն վատ զարգացումներով, անգիտակցութեամբ եւ մահաքունով (coma), կը վերածուի լուրջ եւ մտահոգիչ կացութեան մը, որ կը կարօտի շտապ բժշկական հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ միջոցառումներու: Այս հանգրուանին հիւանդին կը կիրարկուի թթուածին՝ արուեստական շնչառական սարքերու (artificial respirator) միջոցով:

Զատորոշում

Շնչարգելքը պէտք է զատորոշուի կարգ մը այլ հիւանդութիւններէ.

Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագայ

  • Քիթի եւ խոռոչային (sinus) գերզգայնութենէ,
  • Օտար մարմիններու թոքային ներշնչումէ,
  • Խռչափողային (larynx) ընդոծին թաղանթէ (congenital web),
  • Խռչափողի աճառային թուլացումէ (laryngomalacia),
  • Շնչափողային (tracheal) եւ ցնցուղներու ուռերէ,
  • Ժահրային ցնցղատապէ (bronchitis):

Չափահասներու պարագայ

  • Մնայուն ցնցղատապէ,
  • Փքռոյցէ (emphysema),
  • Սիրտի կաթուածէ (myocardial infarction) եւ սիրտի աշխատանքի վատթարացումէ (heart failure),
  • Թոքային խլիրդէ,
  • Ձայնալարային հիւանդութիւններէ:

Յաճախ շնչարգելքին կ'ուղեկցին վարի շնչառական համակարգին մանրէական բորբոքումները, որոնք կը յայտնուին ջերմով, դողով, քրտինքով եւ խուխով հարուստ հազով:

Շնչարգելքին ախտանշանները կը դիւրացնեն անոր ախտաճանաչումը: Բժիշկը կը կատարէ բժշկական մանրակրկիտ ընդհանուր քննութիւն մը, թոքերը կը լսէ ընկալուչով (stethoscope) եւ կը կատարէ թոքերու Ք (K) ճառագայթային նկարահանում:

Բուժում

Շնչարգելքը հիմնական դարմանում չունի: Սակայն անոր ախտանշանները եւ մանաւանդ շնչարգելութիւնը մեղմացնելու միտումով կը գործածուին կարգ մը դեղեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.

  • Ցնցուղները ընդլայնող դեղեր (bronchodilators), որոնք կը գործածուին ներշնչումով (inhalation),
  • Corticosteroid դեղեր՝ ներերակային կամ բերնի ճամբով,
  • Հակագերզգայնութեան դեղեր,
  • Թթուածինի ներարկում՝ բերնի կամ քիթի ներշնչումով, ինչպէս նաեւ արուեստական շնչառական սարքով,
  • Դիմադրողականութիւնը զօրացնող դեղեր,
  • Հակամանրէական դեղեր՝ բորբոքումի գոյութեան պարագային:

Այս դեղադարմանամիջոցներու կողքին պէտք է հակակշռել շնչարգելքի գրգռիչները:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ շնչարգելքէ տառապող տարեցներու եւ մանուկներու խնամքը յաւելեալ ուշադրութեան կը կարօտի:

Շնչարգելքը կանխարգիլելի է մեծ մասամբ, պարզապէս խուսափելով անոր ախտապատճառներէն, որոնց կարեւորագոյնը ծխախոտն է:

Տե'ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 8 Յունիս 2012:

Tags:

Շնչարգելք ԱխտապատճառներՇնչարգելք ԱխտանշաններՇնչարգելք ԶատորոշումՇնչարգելք ԲուժումՇնչարգելք Տես ՆաեւՇնչարգելք ԾանօթագրութիւններՇնչարգելք ԱղբիւրներՇնչարգելք

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ճան ԱբգարիոսԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաՄհերի ԴուռԱմուսնութիւնՍլովաքիաՌաքքա ՆահանգԿովԴանիաԳուրգէն (անձնանուն)Մարք ՉէնեանՄենուայի ջրանցքըԼուվրՄուրատ-Ռափայէլեան ՎարժարանՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնԶարթօնք (վէպ)Արարատ (Լեռ)Յուլիանոս ՈւրացողՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Սողոմոն ԹեհլիրեանԽամսայի ՄելիքութիւններըՀայկական ՄեկոնՄիրնա ՏուզճեանԱրեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի ԿառավարութիւնԵություպԱրմենակ ԽանփերեանցԱշոտ Գրիգորեան (ճարտարապետ)Փարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովԲերատԵւրոպաՄակար ԵկմալեանԿաղամբՄեքքաԹիֆլիսՆաֆթԱշոտ Ղուլեան1951Նիքոլա ԹեսլաՔլայբետաԲարսեղ ԿանաչեանԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարԵգիպտոսՊուքրէշՆեմեսիսի ԳործողութիւնՄազեր17 ՍեպտեմբերՄարիա ՃէյքըպսընՍպիտակ ԱրջԼատինական կայսրութիւնԲագին (գրական հանդէս)Նորվան Արք. ԶաքարեանՍեբաստիաՔաթարՊաալպէքՆիքոլօ ՄաքիավելլիՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՊղինձԲրինձՓայլակ ԱհարոնեանԾաղկաձոր1996 թուականԿապրիէլ Կարսիա ՄարքեզԱւստրիա🡆 More