Սուշի (ճափ.՝ 寿司 կամ 壽司, 鮨, 鮓, 寿し, すし), ճափոնական խոհանոցի աւանդական ուտելիք, որ կը պատրաստուի բրնիձէ եւ տարբեր ծովամթերքներէ, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ այլ բաղադրամասերէ։ 1980-ականներու սկիզբէն սուշիները շատ նշանաւոր դարձած են ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Սուշին յառաջացած է Հարաւային Ասիոյ մէջ, ուր խաշած բրինձը կ'օգտագործուէր ձկնեղէնի պատրաստութեան եւ պահածոյի համար։ Մաքրուած եւ ոչ մեծ կտորներով կտրտուած ձուկին վրայ աղ կը լեցուէր եւ կը խառնուէր բրինձի հետ։ Ձուկ ու բրինձ խառնուրդին վրայ կը դրուէր քարէ ծանրութիւն մը, որ քանի մը շաբաթ ետք կը փոխարինուէր կափարիչով։
Ձկան «թթուեցման» գործընթացը կը տեւէր քանի մը ամիս, որուն շնորհիւ ձուկը պիտանի կը մնար ամբողջ տարի մը։
Բրինձը, որ կը վերածուէր սոսնձանման զանգուածի մը, կ'ունենար ոչ այնքան հաճելի հոտ մը։ Զայն կամ կը թափէին, կամ ալ կ'օգտագործէին ձուկի նոր չափաբաժին պատրաստելու համար։
Մօտաւորապէս Է. դարուն, Չինաստանի եւ Թայլանտի վաճառականներուն միջոցով պատրաստման այս եղանակը տարածում կը ստանայ նաեւ Ճափոնի մէջ։ Սնունդի մէջ թթուած ձուկին օգտագործումը Հարաւային Ասիոյ երկիրներուն մէջ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը։
Սուշիի չինական գաղափարագիրը կը նշանակէ թթու դրուած ձուկ մը, սակայն պատրաստման աւանդական ձեւը ա՛լ չ'օգտագործուիր Չինաստանի մէջ։ Ճափոնի մէջ ներկայիս այս ձեւով կը պատրաստեն նարեձուսին։
ԺԷ. դարուն կը սկսի տարածուիլ բրինձի սուշին, որ կը ներառէր խաշած բրինձ, բրինձի ածիկ, ծովային մթերքներ եւ բանջարեղէն։ Շուտով կը սկսին պատրաստել բրինձի քացախ, զոր կ'աւելցնէին բրինձին մէջ՝ խմորման նպատակով, ինչ որ զգալիօրէն կը կրճատէր սուշիի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ ժամանակը։
Ամբողջ աշխարհին ժամանակակից տեսքով ծանօթ եւ մեծ պահանջարկ վայելող սուշին ԺԹ. դարուն ստեղծած է խոհարար Հանայա Եոհէյը՝ Թոքիոյի մէջ։ Ան կ'որոշէ ամբողջովին հրաժարիլ թթու դրուած ձուկ օգտագործելէ եւ զայն մատուցել հում վիճակով։ Այս նոր ձեւին շնորհիւ սուշիի պատրաստութիւնը կը դառնայ քանի մը վայրկեանուան գործ։
Աւանդական ճափոնական սուշիի բաղադրիչները՝ հում ձուկն ու բրինձը քիչ ճարպ կը պարունակեն, միաժամանակ հարուստ են սպիտակուցներով, ածխաջրածիններով, կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով։ Բանջարեղէնը, որոնց մէջ կը փաթթուի սուշին, նոյնպէս աղբիւր է տարբեր կենսանիւթերու եւ հանքանիւթերու:
Սուշիի որոշ բաղադրամասեր կրնան առողջութեան վտանգ սպառնալ։ Մեծ ծովային գիշատիչները կը պարունակեն methylsidic-ի մեծ պարունակութիւն, որ կրնայ յառաջացնել սնդիկային թունաւորում։
Սուշիի որոշ տեսակներու, առաւելապէս ֆուկու ձուկ պարունակող սուշիի ոչ ճիշդ պատրաստումը կրնայ թունաւորում պատճառել։ Ֆուկուի յատկապէս լեարդին մէջ կայ tetrodotoxin-ի մահացու չափաբաժինի պարունակութիւն եւ այդ ձկնատեսակով սուշին պէտք է պատրաստուի միայն յատուկ մասնագէտ խոհարարի մը կողմէ։ Խոհարարներու արտօնագրումը բաղկացած է ձուկը ճանչնալու, ինչպէս նաեւ զայն պատրաստելու եւ ուտելու քննութիւններէ։ Թեկնածու խոհարարներու միայն 35 տոկոսը կրնայ անցնիլ փորձ- քննութիւնները եւ ստանալ համապատասխան վկայական։ Ճափոնի կայսեր եւ անոր ընտանիքի անդամներուն արգիլուած է ֆուկու ուտելը՝ իրենց կեանքը վտանգի չենթարկելու համար։
Կայ սուշիի աւելի քան 20 տեսակ, որոնցմէ են.
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Սուշի, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.