Ասեղնաբուժութիւն

Ասեղնաբուժութիւն, չինական ժողովրդական բժշկութեան ձեւ է: Բժշկութեան ժամանակ կը կիրառուին յատուկ ասեղներ: Կան յատուկ կեդրոններ, ուր կը կիրառուի ասեղնաբուժութիւնը: Կ՛ենթադրուի, որ այդ կեդրոնները կը գտնուին միջակ դասակարգի մօտ, ուրկէ կը շրջէին Ցին («կենսական ուժ»ն է): Ձեւը կ'օգտագործուի ցաւազրկման եւ բուժման նպատակներով: Բուժումը ծնած է հին Չինաստանի մէջ եւ ունի մօտ 4 հազար տարուան պատմութիւն:

Ասեղնաբուժութիւն
Ասեղնաբուժութեան ժամանակ կիրառուող կեդրոններու պատկերը

Ասեղնաբուժութիւնը կը վերաբերի, այսպէս կոչուած, անդրադարձ բուժման, այսինքն` ասեղները մարմինի մակերեւոյթի կենսաբանօրէն աշխոյժ խիստ որոշակի կէտերու մէջ (անոնց թիւը մօտ 700 է) ներմուծելէն ետք գրգիռը կը փոխանցուի կեդրոնական ջղախտային համակարգ, որու միջոցով կը վերականգնի կամ կը զօրանայ գլխուղեղի եւ ողնուղեղի կարգաւորող ազդեցութիւնը հիւանդ մարմինի անդամի վրայ: Կենսաբանօրէն աշխուժ կէտերու զուգակցման ընտրութիւնը կը պահանջէ մեծ հմտութիւն եւ բժշկական յատուկ կրթութիւն: Այդ կէտերը կրնան համապատասխանել որոշակի անդամի, ինչպէս նաեւ ամբողջ օրկանիզմի որոշակի պաշտօնի զօրացման կամ տկարացման:

Պատմութիւն

Ասեղնաբուժութիւնը սկիզբ առած է Չինաստանի, Քորիայի, Ճափոնի հին ժողովրդական բժշկութենէն:

Առաջին գիրքը` «Խուան տի Նէի տինէ, ուր ամփոփուած է «չձեն-ցզիւէ բուժումի կիրառման փորձը», հրատարակուած է Չինաստանի մէջ թերեւս Ք.ա. 3-րդ դարուն, եւ բաղկացած է 18 հատորէ:

Ասեղնաբուժութիւնը 17-րդ դարուն հասաւ Եւրոպա, սակայն որոշ ժամանակ անց մոռցուեցաւ: Ասեղնաբուժութեան երկրորդ վերածնունդը եւ հետագայ զարգացումը կայացաւ Ֆրանսայի մէջ, դիւանագէտ Սօլիէ Տէ Մօրանտի միջոցով, երբ 1940 թուականին հրատարակեց չինական բժշկութեան մասին իր գիրքը ապա հոնկէ ալ տարածուեցաւ Իտալիա, Գերմանիա, Անգլիա, սոցիալիստական երկիրներ եւ Արժանթին:

Շատ երկիրներու մէջ, յատկապէս Չինաստանի, Քորիայի, Ճափոնի, Ռուսաստանի, Հայաստանի մէջ եւ այլուր, ասեղնաբուժութիւնը կը հետազօտուի եւ կը կիրառուի գործնական բժշկութեան մէջ:

Ասեղնաբուժութեան աւանդական տեսութիւնները

Ասեղնաբուժութիւն 
Ասեղնաբուժութիւն

Ըստ չինական բժշկութեան, անդամներու գործունէութեան համար անհրաժեշտ է այսպէս կոչուած «զի» կենսաուժի առկայութիւնը: Զի ուժի այն ուղիները, որոնք կը կապէին մաշկի վրայ գտնուող մասնակի կէտերը` մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն համապատասխան 12 գլխաւոր ներքին անդամ-համակարգերը, կոչուեցան կէտուղիներ կամ միջօրէականներ:

Գոյութիւն ունին «զի» ուժի 2 տեսակներ` ներքին եւ յատուկ:

Ներքին Ուժ

Ներքին ուժը երկու աղբիւրներու համագործակցութիւնն է` «տիեզերական» եւ «երկրային»: Սնունդը համապատասխան մշակումէն ետք օրկանիզմին մէջ կը վերածուի «երկրային»ի, իսկ թոքերուն մէջ օդը` «տիեզերական» ծագման ուժի: Եթէ օրկանիզմը կը գրկուի տուեալ սնունդներու որեւէ մէկէն, չստանալով ուժ, կը մահանայ: Ներքին ուժի շրջանառութիւնը կը կատարուի 12 անդամ-համակարգերու հետ կապուած հիմնական կէտուղիներով, մէկ կողմէ հաղորդուելով ներքին անդամներուն` կէտուղիներու ներքին ճիւղով, որոնք կէտեր չունին, իսկ միւս կողմէ` արտաքին միջավայրի հետ կէտուղիի արտաքին ճիւղի կէտերու միջոցով:

Յատուկ Ուժ

Ասեղնաբուժութիւն 
Ասեղնաբուժութեան ասեղներ

Յատուկ «բնածին» ուժը կ'առաջանայ երիկամէն, կը կազմէ երիկամային ուժի մէկ մասը, իսկ շրջանառութիւնը կը կատարէ երեք, այսպէս կոչուած, «հրաշալի» կէտուղիներով, որոնք են` «տու-մայ», «ռեն-մայ» եւ «զոնգ-մայ»: «Զի» ուժը կը համապատասխանէ արեւմտեան ջիղի կարողական ուժի տեսութեան եւ հնդկական «փրանային»: «Զի»ն զօրութենական ուժ է հաստատուն հոսքով:

Ասեղնաբուժութեան տեսակներ

Ասեղնաբուժութեան տարբերակ է ականջաբուժութիւնը, որու պարագային ասեղները կը մտնեն ականջախեցիի որոշակի կէտեր: Ականջաբուժութիւնը հիմնուած է այն պատկերացման վրայ, որ ականջախեցիի շրջանին կուտակուած են հիմնական անդամներու եւ ամբողջ օրկանիզմի պաշտօններուն համապատասխանող կենսաբանօրէն աշխուժ կէտեր: Անոնց վրայ կարելի է ազդել ոչ միայն ասեղներով, այլեւ ելեկտրական հոսանքով` փոքր մակերեսային ելեկտրասայրերու կամ մտցուած ասեղներու (ասեղնաելեկտրաբուժութիւն) օգնութեամբ, ինչպէս նաեւ մատներու սովորական սեղմումներով: Անդրադարձ բժշկութեան տարբերակներէն է «խարանումը», երբ մաշկի մակերեւոյթէն որոշակի հեռաւորութեան վրայ գտնուող թոյլ այրուող բարձունեակի գլանիկներէն արձակուող ջերմութեամբ կը տաքցնեն կենսաբանօրէն աշխոյժ կէտերը:

Ասեղնաբուժութեան եւ անդրադարձ բուժութեան միւս տարբերակները կը կիրառուին ջղային համակարգի եւ ներքին անդամներու, յօդերու ու մկաններու բուժման նպատակով: Անյայտ ծագման ուռուցքային, արեան հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ ցաւային համախտանիշերու եւ տենդային վիճակներու ժամանակ ասեղնաբուժութիւնը հակացուցուած է: Անհրաժեշտութեան դէպքին ձեւը կը զուգակցուի բուժման ընդունմամբ:

Բուժումը կը նշանակէ եւ կը կիրարկէ բժիշկը:

Ասեղնաբուժութեան ասեղներ

Ասեղնաբուժութեան ասեղները սովորաբար կը պատրաստուին չժանգոտուող պողպատէն, դարձնելով անոնց ճկուն, կանխելու անոնց ժանգոտելէն կամ ջարդուելէն: Ասեղները սովորաբար մէկ անգամ կը գործածուին: Նոր ասեղները երբեմն կ' օգտագործուին նաեւ ամլացնելէն ետք: Ասեղները ունին տարբեր երկարութիւններ` միջակը 13-էն 130 միլիմեթր (0,51-էն 5,12-ի), կարճ ասեղները կ'օգտագործուին դէմքի եւ ականջներու, եւ աւելի երկար ասեղները մարմնի համար: Ասեղներու տրամագիծերը տարբեր են` 0.16 մմ. (0.006) մինչեւ 0,46 մմ. (0.018-ը):

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • Անդրադարձ բուժութիւն. Դասական ասեղնաբուժութեան հիմունքներ
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Ասեղնաբուժութիւն 

Tags:

Ասեղնաբուժութիւն ՊատմութիւնԱսեղնաբուժութիւն Ասեղնաբուժութեան աւանդական տեսութիւններըԱսեղնաբուժութիւն Ասեղնաբուժութեան տեսակներԱսեղնաբուժութիւն Ասեղնաբուժութեան ասեղներԱսեղնաբուժութիւն ԾանօթագրութիւններԱսեղնաբուժութիւն ԱղբիւրներԱսեղնաբուժութիւնՉինաստան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ալպեան լեռներՏալաս11 ՅունուարՍեւրի ԴաշնագիրՎլատիմիր ՓութինՆշենիՄարի ՊէյլերեանԻսլամութիւնԱրամ Ա.Զարթօնք (օրաթերթ)ՔացախԱմասիա (անձնանուն)Քարէն ԵփփէՁիՍ. Ղազար կղզի1801 թուականՖրանսերէնՍեւ խոռոչՃորճ ԳազազեանՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՇահան ՇահնուրԿիպրոսԳերմաներէնԿարսԲրինձԻլան ՄասքՎլատիմիր ԼենինՎենետիկՎահէ ԱրծրունիՇուշիի Ազատագրումը (1992)Եղիշէ ՉարենցՔնար երգչախումբՊօղոս ԱպաճեանՀռոմկլաՀոգիներու ԱճուրդԵբրայերէնՊղինձԿոմիտաս ՎարդապետՔարահունջՆեղոս գետԺան Ռենօ19 ՅուլիսԱրմէն ԳարօԽօսնակ (ամսագիր)Արամ ՀայկազՓամփուշտ (ռազմական)Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան ՄատենադարանՄԱԿՍտեփանոս ՕրբելեանԲնութիւնԱրցախեան ԱզատամարտՄոլորակներՀամբիկ ՍասունեանՈւրֆայի ՀերոսամարտԱմառՄանուէլ ՄենենկիչեանԱրշակ ՎռամեանՇուէտԳուրգէն ՄահարիԱփրիկէՔանատաՆուռՈւքրաներէնԵղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանՄեծն ՏիգրանԹանապուրԱհեկան (գրական հանդէս)ԾառՇարլ ԱզնաւուրՈւրբաթագիրք1999 թուական1994 թուական300 (թիւ)🡆 More