Պան Քի Մուն (13 Յունիս 1944(1944-06-13), Eumseong County, Կորեան Ճապոնիայի տիրապետության տակ), Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար, յաջորդած է Քոֆի Անանը։ Անկէ առաջ, 2004-ի Յունուարէն մինչեւ 2006-ի Նոյեմբեր, եղած է ՄԱԿ-ի Հարաւային Քորէայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ։ 13 Հոկտեմբեր 2006-ին, ընտրուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար։ 1 Յունուար 2004-ին, յաջողութեամբ փոխարինած է Քոֆի Անանը։
반기문 Բան Քի Մուն քորէայերէն՝ 반기문 | |
---|---|
| |
Ծնած է | 13 Յունիս 1944 |
Ծննդավայր | Չհունճու Չհունչեոն նահանգ (Ճափոնական կայսրութիւն) Հարաւային Քորէա |
Քաղաքացիութիւն | Հարաւային Քորէա |
Մայրենի լեզու | կորեերեն? |
Կրօնք | Կոնֆուցիականություն? եւ Պուտտայականութիւն |
Ուսումնավայր | Սէուլի ազգային համալսարան Հարվըրտի համալսարան |
Կոչում | Q124728452? |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, գրագէտ |
Աշխատավայր | |
Վարած պաշտօններ | ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար, Հարավային Կորեայի արտաքին գործերի նախարար?, chairperson of the Ethics Commission of the International Olympic Committee? եւ ambassador of South Korea to Austria? |
Անդամութիւն | ABLF alumni network?[1] |
Կուսակցութիւն | անկախ քաղաքական գործիչ? |
Ստորագրութիւն |
Որպէս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար, Բան Քի Մունի առաջին կարեւոր գործողութիւնները դարձած են կլոպալ տաքացումին դիմակայելուն խնդիրը եւ Տարֆուրի ցեղասպանութեան խնդիրները: 21 յունիս 2011-ին Բան Քի Մուն ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղար նշանակուեցաւ երկրորդ անգամը:
2013-ին «Ֆօրպսը» աշխարհի ազդեցիկ մարդոց շարքին մէջ ան ճանչուած է 32-րդը՝ հարաւքորէացիներէն ամենէ բարձրը:: 2013-ին կոչուած է Հարաւային Քորէային երրորդ ազդեցիկ անձ՝ «Սամսունկի» նախագահ եւ փոխնախագահ, հայր եւ որդի Լի Գուն-հիէն եւ Լի-Ճէ-եոնէն ետք:
Իր մայրենի Քորէերէնէն բացի, Պանը կը խօսէ նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Հարցեր եղած են, սակայն, անոր ֆրանսերէն իմացութեան վերաբերեալ, որ կը համարուէ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան քարտուղարութեան երկու աշխատող լեզուներէն մին:
Բան Քի Մուն ծնած է Չհունչհեոն-Փուքդոյ նահանգի Ըմսօն պստիկ շրջանին մէջ, 1944-ին՝ Քորէային ճափոնական իշխանութեան վերջին: Բան Քի Մունի հայրը պահեստարաններու գործարարութիւնով կը զբաղէր: Սակայն, ան սնանկացաւ եւ ընտանիքը կորցրեցաւ միջին դասին իր դիրքը: Քիմունին վեց տարեկանը եղած ատենը ընտանիքը պատերազմին պատճառաւ փախած է դեպի երկիրին հեռաւոր, լեռնային շրջանները: Պատերազմին աւարտին ընտանիքը նօրէն վերադարձաւ: Սա ընթացքին ան հանդիպած էր ամերիկացի զինուորները:
Չհունճուի դպրոցը սովորելուն ատենը դարձած էր առաջաւոր, մասնաւորաբար՝ անգլերէնին լաւ իմացութեան շնորհիւ: 1962-ին շահեցաւ Միջազգային Կարմիր Խաչի հովանաւորած էսսեներու մրցոյթը եւ վաստակեցաւ ճամբորդութիւն դեպի Միացեալ նահանգներ, ուր քանի մը ամիսներ ապրեցաւ Սան Ֆրանքիսքօյին մէջ հիւրընկալ ընտանիքին քով: Որպէս ուղեւորութեան մաս մը, Պանը հանդիպեցաւ ՄՆ նախագահ Ճոն Քենըտիին: Երբ հանդիպումին ատենը լրագրող մը հարցրեցաւ Պանը, ինչ կ'ուզենայ դառնալ մեծնալէն, ան պատասխանեցաւ. «Կ'ուզիմ դառնալ դիւանագէտ:»
1975-ին Պան Քի Մուն Սեուլի ազգային համալսարանը ստացաւ միջազգային հարաբերութիւներու պաքալաւրի աստիճան եւ 1985-ին Հարվըրտի համալսարանի Ճոն Քենըտի կառաւարումի դպրոցէն՝ պետական կառաւարումի մակիսդրոսի կոչում: Հարվըրտին մէջ ան կ'ուսանէր Ճոզեֆ Նային (Joseph Nye) քովը, որ նշած է, որ Պանը ունեցած է «վերլուծական պարզութեան, խոնարհութեան եւ տոկնութեան հազւագիւտ համադրութիւն»:
Պանը իր մայրենի քորէերէնէն բացի, գիտեր նաեւ ճափոներէն եւ անգլերէն: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի թեկնածու եղած ատենը պաշտօնական կենսագրութեան մէջ կը նշուէր, թէ ան կը խօսէ ՄԱԿ-ին աշխատող երկու լեզուներով՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն, սակայն, նախընտրական արշաւի ժամանակ քանի մը անգամ դժուարացած է ֆրանսերէն պատասխանիլ լրագրողներու հարցերը: Պանը քանի մը անգամ խոստովանած էր ֆրանսերէնի թերի իմացութիւնը, սակայն, հաւաատցրած էր ֆրանսացի դիւանագէտներուն, որ ինք պիտի շարունակէ ան սորվիլ: Ես ֆրանսերէնի դասեր առած եմ վերջին քանի մը ամիսներուն: 11 յունուար 2007-ի մամուլի ասուլիսի ժամանակ Պանը նշեցաւ, «իմ ֆրանսերէնս հնարաւոր է, որ պիտի լաւացուի եւ ես պիտի շարունակեմ ան սորվիլ: Ես ֆրանսերէնի դասեր առած եմ վերջին քանի մը ամիսները:» "
Նախագահ Ռօ Մու-հիւնին օրոք 2004-ին Պանը փոխարինեցաւ Իւն Եոն Քուանին որպէս Հարաւային Քորէայի արտաքին գործերու նախարար: Սա պաշտօնը ստանձնելէն ետք Պանը հանդիպեցաւ երկու մեծ ճգնաժամերու՝ 2004-ի Յունիսին որպէս արաբերէնի թարգմանիչ աշխատող հարաւքորիացի Քըմ Սուն-իլը առեւանգուեցաւ եւ սպաննուեցաւ Իրաքի իսլամական ծայրահեղականներու կողմէ, իսկ 2004-ի Դեկտեմբերին տասնեակ քորէացիներ մահացան Հնդկական ովկիանոսի ցունամիէն: Պանը դիմակայեցաւ իրաւաբաններուն քննադատութեանը եւ վերականգնեցաւ իր հեղինակութիւնը Հիւսիսային Քորէային հետ բանակցութիւններ սկսելէն ետք:
Պանը սկսաւ յամառ աշխատանքներ տանիլ Հիւսիսային Քորէային հետ կապեր ստեղծելուն համար:
Որպէս արտգործնախարար, Պան Քի-մունը կը վերահսկէր Հարաւային Քորէային առեւտրական եւ քաղաքական կապերը: Սա աշխատանքը Պանին դրաւ առեւտրային պայմանագիրներ կնքելու դիրքը արտասահմանեան դիւանագիտական գործընկերներու հետ, որոնք հետագային պիտի ազդեցութիւն ունենային Գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան հարցին մէջ։ Օրինակ, Պանը առաջին հարաւքորէացի նախարարը եղած էր, որ 1960-ին անկախութենէ ետք առաջին ատենը մեկնեցաւ Քոնկօյի հանրապետութիւն:
Գլխաւոր քարտուղար դառնալով Պան Քի Մունը ընդհարուեցաւ կարգ մը խնդիրներու հետ՝ միջուկային զարգացումներ Իրանին եւ Հիւսիսային Քորէային մէջ, Տարֆուրին արնահոսող վէրքը, անվերջանալի հակամարտութիւնները Միջին Արեւելքին մէջ, էքոլոկիական աղետներու սպառնալիքը, միջազգային ահաբեկչութեան սաստկացումը, ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի տարածումը: Եւ նաեւ տեղային խնդիրները, ինչպես բարեփոխումները, որ պետք է արուէն կազմակերպութեան ներսը: Մինչեւ իր պարտականութիւնները անցնիլը, Քոֆի Անան տարածեցաւ առաջին Գլխաւոր քարտուղար Թրիւկուէ Լային (Trygve Lie) խօսքը, որ ասած էր իրեն յաջորդող Տակ Համմըրշեոլտը (Dag Hammarskjöld)՝ «Դուք կը պատրաստուիք վերցնիլ Ձեզ վրայ աշխարհին ամենէ անհնարին աշխատանքը»:
23 Յունուար 2007-ին Պանը առաւ գրասենեակը որպէս Միաւորուած Ազգերուն Գլխաւոր քարտուղար: Պանին առաջին ժամկետին պաշտօնավարումը սկսեցաւ միջադէպէն մը: Պաշտօնն ստանձնելէն ետք առաջին ասուլիսին ատենը 2007-ի Յունուար 2-ին Պան հրաժարուեցաւ դատապարտիլ Սատտամ Հուսէյնին մահապատիժը, որ նշանակած էր Իրաքին Բարձրագոյն Դատարանը, նշելով. «Մահապատիժին հարցը իւրաքանչիւր անդամ-երկիրին որոշէլիքն է»: Պանին հայտարարութիւնը կը հակասէր որպէս մարդու իրաւունքը մերժող մահապատիժը դիմակայելուն Միաւորուած Ազգերու երկարատեւ դիրքորոշումին Ան արագ կերպով մը պարզեցրեցաւ իր դիրքորոշումը Պարզան աթ-Թիքրիթին (Barzan al-Tikriti) եւ Աուատ ալ-Պանտարին (Awad al-Bandar) ՝ երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէպքին, որ մեղաւոր եղած են1980-ականները Իրաքին Տուճէյլ գիւղին մէջ 148 շիա մուսլիմներու մահուան: Իր մամուլի խօսնակին միջոցաւ Յունուար 6-ին արուած յայտարարութեան մէջը ըսուած էր, որ «ինք յամառորեն կը յորդորէ Իրաքին կառաւարութիւնը՝ տրամադրիլ տարկէտում անոնց համար, ումոնց մահապատիժը նշանակած է մօտ ժամանակները»: Աւելի մէծ իմաստով, ան 2007-ի Յունուար16-ին ըսաւ Ուաշինկթընին մէջ, որ ինք իմացած է եւ կը խրախուսէ «միջազգային հանրութեան մէջ, միջազգային իրաւունքին եւ ներքին քաղաքականութեան եւ գործողութիւններով մահապատիժէն աստիճանական հրաժարումին միտումները»
Քորէային արտգործնախարարութեան ներսը Պան Քի-մուն ունեցած էր «ուան ճուսայ» կոչական անունը, որ կը նշնակէր՝ «պիւրօքրաթ»: Ատոր մէջը կը մտցուէր թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական իմաստներ: Մի կողմէն ատորով կ'ընդգծուէր մանրուքներուն հանդէպ Պանին ուշադրութիւնը, անոր վարչարարական հմտութիւնները, միւս կողմէն ծառայակիցները կը ծաղրէին անոր բաւարար հմայքի եւ ղեկաւորութիւնը հաճոյանալուն ունակութեան բացակայութիւնը: Անհաճոյ հարցերէն խուսափելուն յատկութեան մը համար քորէական մամուլին ներսը անոր կը կոչէին «լպրծուն օձաձուկ»: Անոր պահուածքին ոճը նաեւ կը կոչէին «քոնֆուցիական»:
Լաւ յայտնի է Պանին վերաբերմունքը իր աշխատանքին: Իր իսկ խօսքերով, ինք կը քնանայ հինգ ժամ, իսկ գործէն երբէք կ'ուշանայ: Արտաքին գործերու նախարար եղած համարեայ երեք տարիներուն զինք թոյլ տուած մեն մի արձակուրդը դուստրին հարսանիքի առիթով եղած է:
Ուիքիպահեստ նախագիծի Պան Քի Մուն ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |
Կաղապար:ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարներ
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Պան Քի Մուն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.