Պաղղադիոն

Պաղղադիոն (լատ.՝ Palladium), քիմիական տարր է որուն նշանն է Pd, կարգահամարը՝ 46, հիւլէական զանգուածը՝ 106.4:

Պատմութիւն

Պաղղադիոնը յայտնաբերած է անգլիացի գիտնական Ուիլիըմ Ուոլըսթընը (անգլերէն՝ William Hyde Wollaston) 1803 թուականին, բնածին պղատինին մէջ։ Անուանուած է ի պատիւ ատկէ երկու ամիս առաջ յայտնաբերուած Փալլաս ասթերոիտի։

Ստացում

Պաղղադիոնի ստացման հիմնական հումքը պղատինային մետաղներու համակեդրոնացուածքն է, որը կը ստացուէ նիքէղի ելեկտրոլիզային ստացման անոտային խարամներէ։ Ան կը մշակեն արքայաջուրով:

Պաղղադիոնը եւ իրիդիոնը լուծոյթէն անջատուելէն ետք պաղղադիոնը կը նստցնեն [Pd(NH3)2Cl2] համալիր աղի ձեւով։ Ան կը մաքրեն ամոնիակի լուծոյթի ավելցուկին մէջ լուծելով։ Այնուհետեւ կը շիկացնեն (800-900 °C) եւ ստացուած սպունգաձեւ պաղղադիոնը մանրելէն ետք կը վերականգնեն ջրածինի հոսանքին մէջ։ Կը ստացուի պաղղադիոնի 99,8-99,9 % մաքրութեան փոշի։ Կը հալեն վաքուումին մէջ կամ իներտ միջավայրին մէջ (Ar, Ne)։

Յատկութիւնները

Պաղղադիոնը փափուկ եւ գեղեցիկ արծաթափայլ մետաղ մըն է, որ կը նմանի սպիտակ ոսկիի: Ան ունի աւելի փոքր խտութիւն եւ պղատինի խումբի մետաղներու շարքին ամենացածր հալման ջերմաստիճանը Սենեակի ջերմաստիճանին դիւրութեամբ կը հալէ արքայաջուրին մէջ: Սովորական ջերմաստիճանին չփոխազդեր թթուածինին հետ: 800 °C-ի պարագային կը ստացուի պաղղադիոնի օքսիտ (PdO). Ան թեթեւակի կ'աղոտուէ ծծումբ պարունակող օդին մէջ: [աղբիւրի կարիք ունի]

Հանքավայրեր

Կը հանդիպէ նիքէղի եւ պղինձի սուլֆիտային հանքերուն մէջ։ Կը հանդիպէ Ուրալին, Սիպիրիոյ, Հարաւային Ամերիկային, Քանատային, ԱՄՆ-ուն, Հարաւային Ափրիկէին մէջ։

Քիմիական Յատկութիւններ

Պարբերական համակարգի 5-րդ պարբերութեան 8րդ խումբի քիմիական տարր։ Ազնիւ մետաղ է, կը պատկանի պղատինային մետաղներու շարքին։ d տարր է։ Հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքն է 4s24p64d105s°։ К, L, М թաղանթները լրացուած են։ Պղատինային մետաղներէն ամէնաթեթեւն ու դիւրահալն է։

Բնութեան Մէջ

Պաղղադիոնը հազւագիւտ մետաղ մըն է, պարունակութիւնը երկրակեղեւին մէջ՝ 1,3․10−6 զանգուած % ։ Բնածին պաղղադիոնը կը հանդիպէ հազւադէպ՝ պղատինի եւ այլ մետաղներու համաձուլուածքներու ձեւով։ Յայտնի են անոր մօտ 13 միներալները (70-0,3 % Pd), որոնցմէ են՝ ալոպաղղադիոնը, պաղղադիոնական պղատինը (մինչեւ 37 % Pd)

Կիրառութեան Բնագաւառները

  • Ներքին այրման շարժիչներ
  • Ոսկերչութիւն (յատկապէս Արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ)
  • Ձեռքի ժամացոյցներու արտադրութիւն
  • Ոսկիի նման կարելի է անկէ քաշել 0.01 մկմ հաստութեան թաղանթ
  • Բժշկական գործիքներու արտադրութիւն
  • Ելեկտրոտներ վառելիքի տարրերու եւ կայծամոմիկներու համար
  • Մետաղադրամներ պատրաստելու
  • Գրչածայրեր պատրաստելու

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Պաղղադիոն ՊատմութիւնՊաղղադիոն ՍտացումՊաղղադիոն ՅատկութիւններըՊաղղադիոն ՀանքավայրերՊաղղադիոն Քիմիական ՅատկութիւններՊաղղադիոն Բնութեան ՄէջՊաղղադիոն Կիրառութեան ԲնագաւառներըՊաղղադիոն ԾանօթագրութիւններՊաղղադիոնԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԶուիցերիաԵպիսկոպոսՏրդատ Ա.ԱնգարաՓոլոնիաՕթիզմ (Առանձնայնութիւն)ՐաֆֆիՀայ Օգնութեան ՄիութիւնՏիգրիս (գետ)Երկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՔեպէգՍամուէլ (անձնանուն)Ս. ԶատիկԺանտախտ (Քոլերա)ԹանապուրԱփրիկէՁմերուկՀայկական Թուային ՀամակարգԳերմաներէնԱւարայրի ՃակատամարտՄալթաԷլվիս ՓրեսլիՃիմմի ՈւէյլզՇերամ (գուսան)Արայիկ ՅարութիւնեանԱստղային Պատերազմներ։ Բաժին Դ։ Նոր ՅոյսԱրուսեակ (մոլորակ)Եոհան Սեպասթիան ՊախՓորթուկալԼուտուիկ վան ՊեթհովէնՉինաստանՍթիվըն ՀոքինկMåneskinԿալկաթաՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՁիթողցոնց տուն-թանգարանՄոզիլլա ՖայրֆոքսՓիոթր ՏոսթոյեւսքիԵւրոպական ՄիութիւնՀրայր ԴժոխքՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՊղինձՀինտուիզմԱկսել ԲակունցՍ. Ղազար կղզի1810 թուականՍտեփանակերտՊետրոս ԴուրեանԼենկ-ԹիմուրՕսմանեան ԿայսրութիւնԳերմանիաԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՆիսՀռոմէական ԿայսրութիւնՆահապետ ՔուչակՀիւանդութիւնԱյբուբենՄոլտովաՈւղեղՈղիմպիական ԽաղերԱրա Շիրազ30 Ապրիլ1591 թուականՈւոլթ Տիզնի ԸնկերութիւնՄակդիրԲարբարոսա (ռազմական գործողութիւն)Հին ԵրեւանԼիմնոսԼինուքսԸնկեր ՓանջունիՄատրիտՎատիկանԱրագածՔալիֆորնիաՎերածնունդՍլովաքիա1693 թուական🡆 More