Շեմփանզէն

Շեմփանզէն մեծ մարդակապիկ է, կեդրոնական եւ արեւմտեան Ափրիկէի մէջ:

Շեմփանզէն
Շեմփանզէ մը, թուզ ուտելու պահուն:

Շեմփանզէներուն եւ պապուններուն (Baboon) Տի. Էն. Էյ.-ները նման են մարդոց Տի. Էն. Էյ.-ի 98,7 տոկոսին. բան մը, որ զիրենք կը դարձնէ մարդոց ամէնէն մօտ ապրող ազգականը: Մարդն ու շեմփանզէն թերեւս նոյն նախնիքը ունեցած են եօթնէն տասներեք միլիոն տարի առաջ:

Շեմփանզէն
Շեմփանզէներ, Ուկանտայի մէջ

Շեմփանզէները կը նկատուին մոլորակի ամէնէն խելացի արարածներէն, եթէ ոչ ամէնէն խելացիները, գոնէ`լաւագոյններէն մէկը:

Անոնք ի վիճակի են լուծելու բազմաթիւ բարդ խնդիրներ: Շեմփանզէներու ուղեղի այն հատուածը, որ պատասխանատու է սորվելու եւ զարգացման, երբեք չի դադրիր աճելէ, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք այդքան փայլուն են, եւ այս մէկը յար ու նման է մարդոց պարագային:

Շեմփանզէներուն ծիներուն 96 առ հարիւրը մարդ արարածի ծիներուն նման են:

Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, գիտնականները հասած են այն եզրակացութեան, որ շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը մարդոց խօսելու ձեւին շատ մօտ է: Այս շատ խելացի մարդակապիկները ունին շատ լաւ կազմուած հաղորդակցելու միջոց մը: Անոնք մարդոց նման բառեր չեն գործածեր, այլ ձեւերով` լեզուի տարբերակ մը: Անոնք իրենց ձեռքերով կ'ընեն շատ ճշգրիտ շարժումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի յատուկ նշանակութիւն մը. այս ձեւերը ուսումնասիրող գիտնականները հաշուած են յիսունութ ձեւ: Անոնք կը գործածեն նաեւ իրենց մարմինին կեցուածքը, դէմքին արտայայտութիւնները եւ ձայներ:

Շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը  ուսումնասիրելու համար անգլիացի գիտնականներ բազմաթիւ անգամներ դիտած են իրարու հետ հաղորդակցող կապիկներու վիտէօներ. ընդամէնը` երկու հազար: Գիտնականները նշմարած են անհաւատալի բան մը. վերը նշուած օրէնքները, որոնք վաւերական են աշխարհի բոլոր լեզուներուն համար, կը կիրարկուին նաեւ շեմփանզէներուն պարագային: Անոնց ամէնէն յաճախ գործածած բառերը ամէնէն կարճն են. եւ երբ շէմփանզէ մը կը գործածէ ձեւերու երկար շարք մը, անոնք ընդհանրապէս կարճ կ'ըլլան:

Մանուկները շեմփանզէներուն նման կը խնդան: Շեմփանզէները կը խնդան թէ՛ շնչած, թէ՛ ալ արտաշնչած ատեն, ասիկա կը նշանակէ, որ մանուկներուն խնդուքը շատ աւելի նոյնանման է կապիկներուն խնդուքին, քան` մարդոց խնդուքին:

4300 տարի առաջ խելացի շեմփանզէներ արդէն կը գործածէին քարէ «գործիքներ»` ընկոյզներու կեղեւները կտրելու համար: Անոնք տակաւին այսօր կը գործածեն այս նոյն հնարքը:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Ափրիկէ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Հայկական Յաւերժութեան ՆշանԽոսրովի ԱնտառՄարտիրոս Սարեան17 ՍեպտեմբերԱղեքսանտրիաԾաղիկԲարդ բառերՊարոյր Սեւակի տուն-թանգարանՀոկտեմբերՍայքս-Փիքոյի համաձայնագիր (1916)ՄերսինԱնգլիաՓետրուարՀայկական ՍփիւռքԼոնտոնՄեհեանՄինաս ՉերազՄանուէլ (անձնանուն)Խոջիվանքի Գերեզմանատուն1986 թուականԵւկենիա ՄետվետեւաWindows 10Զապէլ Եսայեան1989 թուականԻջեւանՄուշեղ Եպս. ՍերոբեանԱլճերիաԻրանը Եւ Արցախեան Ազատագրական ՊատերազմըՂեւոնդ ԱլիշանԾառՔոպայրի ՎանքՊորիս ԴաւիթեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ֆրեզնօ)Մաքս ՄաքսուտեանՄիհրՊարոյր ՍեւակԽարբերդՈդիսեւսԵություպԱւարայրի ՃակատամարտԼատինական կայսրութիւնՃիմի ՈւէյլզՀոգիներու ԱճուրդԱՄՆԱնիԼեւոն (անձնանուն)Սքիմնոս ՀիոսցինԴերասանՇինզոյ ԱպէԱմերիկաԷտիթ ՓիաֆԱրմենակ Խանփերեանց2015ՍքոթլանտաՎանԴրայտընդՄարիա ՃէյքըպսընԻնքնաթիռԴեղնախտՅունաբան ԴպրոցՆիքի Մինաժ1808 թուականՎահրամ ՓափազեանՔաղաքավարութեան ՎնասներըՄեհմեթ Թալէաթ փաշա🡆 More