Ֆիլմ Մոխրիկը

«Մոխրիկը» (անգլերէն՝ Cinderella), ամերիկեան, երաժշտական տեսաժապաւէն, ստեղծուած՝ Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան կողմէն, 1950- ին՝ Շառլ Փերոյի Մոխրիկը համանուն հեքիաթին հիման վրայ։ Տիզնի աշխատանոցը ժապաւէնին վրայ կը ծախսէ 2.5 միլիոն տոլար եւ 6 տարի՝ ժամանակ (1944-1950)։ Ժապաւէնին համար կը գրուին 6 երգ, որոնք կապուած են նիւթին հետ եւ կ'ընդգծեն առաւել կարեւոր տեսարանները։

Cinderella
Գրագէտ Շառլ Փերրօ
Արտադրող
ընկերութիւններ
Walt Disney Productions
Թողարկման
թուական
15 Փետրուար 1950
Տեւողութիւն
75
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու անգլերէն
Պիւտճէ 2.5 միլիոն
Շահոյթ 263.6 միլիոն

Նիւթ

Ժապաւէնին գլխաւոր կերպարը Մոխրիկ անունով աղջիկ մըն է, որ կ'ապրի իր իրական հօր, խորթ մօր եւ երկու խորթ քոյրերուն հետ։ Հօր մահէն յետոյ խորթ մայրը ցոյց կու տայ իր ողջ ատելութիւնը Մոխրիկին հանդէպ եւ զայն կը դարձնէ իրենց տան սպասուհին։ Օրէ օր Մոխրիկը աւելի կը գեղեցկանար եւ բացի անկէ՝ ան ունէր չափազանց բարի սիրտ եւ հոգի։ Ան ունէր շատ ընկերներ, որոնք անասուններ էին։ Օր մը թագաւորը հրաման կը տարածէ, որ թագաւորութեան բոլոր երիտասարդ աղջիկները պէտք է գան պալատ, որպէսզի իշխանը ընտրէ իր ապագայ կինը։ Մոխրիկը եւս կը ստանայ հրաւէր, բայց խորթ մայրը կ'ըսէ, որ ան կարող է մասանկցիլ պարահանդէսին միայն այն ժամանակ, երբ մաքրէ ամբողջ տունը եւ գտնէ իրեն համապատասխան զգեստ։ Զգեստի հարցը կը լուծեն մկնիկները՝ կարելով իրեն համար գեղեցիկ զգեստ մը։ Բայց քոյրերը տեսնելով այդ գեղեցիկ զգեստը կը պատռեն զայն եւ կը մեկնին պարահանդէսի իրենց մօր հետ։ Այդ ժամանակ կը յայտնուի Փերին եւ կու տայ մոխրիկին այն ամէնը, ինչ որ պէտք է պարահանդէսին համար։ Վերջացնելէն ետք Փերին կը զգուշացնէ, որ կէս գիշերէն յետոյ կախարդանքը կ'անհետանայ։ Պարահանդէսի ժամանակ, երբ իշխանը կը տեսնէ Մոխրիկը, անմիջապէս կը բռնէ իր ձեռքը եւ այլեւս բաց չի ձգեր։ Բայց շուտով կը մթննայ եւ կը դառնայ կէս գիշեր։ Մոխրիկը զարկերը լսելով կը փախչի աստիճաններուն վրայ ձգելով իր կօշիկը։ Արքան կը հրամայէ ամբողջ թագաւորութիւնով փնտռել անյայտ գեղեցկուհին կօշիկին միջոցով։ Յաջորդ առաւօտեան թագաւորութեան մէջ լուր կը տարածուի, թէ որու ոտքին կը յարմարի կօշիկը, ան կը դառնայ իշխանին հարսնցուն։ Խորթ մայրը կը հասկնայ, որ այդ գեղեցկուհին Մոխրիկն է եւ կը բանտարկէ զայն սենեակին մէջ։ Մինչ երկու աղջիկները կը փորձեն իրենց մեծ ոտքերուն յարմարցնել փոքրիկ կօշիկը, մկնիկները խորթ մօր գրպանէն կը հանեն սենեակին բանալին եւ կ'ազատեն Մոխրիկը։ Մոխրիկը կը մտնէ հիւրասենեակ, որպէսզի փորձէ կօշիկը, բայց խորթ մայրը կը կոտրէ զայն։ Բայց կը պարզուի, որ միւս ոտքի կօշիկը դեռ Մոխրիկի մօտ էր։ Ժապաւէնը կ'աւարտի հարսանիքի տեսարանով։

Դերերը հնչիւանւորեցին

  • Էյլին Վուտս - Մոխրիկ
  • Էլիանոր Օտլի - Լէյտի Տրեմէյն
  • Ճիմմի ՄաքՏոնալտ - Ժաք, Կաս, Պրունօ
  • Լուիս Վան Ռութըն - արքա, դուքս
  • Ուիլիամ Ֆիփս/Մայք Տուկլաս- իշխանը
  • Ռոտա Ուիլիամզ - Տրիզելլա Տրեմէյն
  • Լյուսիլ Պլիսս - Անաստասիա Տրեմէյն
  • Վերան Ֆելթոն - Փերի
  • Ճօն Ֆորէյ - Լիւսիֆըր
  • Տոն Պարկլայ - սպասաւոր
  • Պեթի Լու Ճերսոն - պատմող

Հետաքրքիր փաստեր

  • Մոխրիկի մասին պատմող հեքիաթներ կան բոլոր մշակոյթներուն մէջ։ Ամէնահին հեքիաթը չինականն է։ Տիզնիյի այս տեսաժապաւէնը ստեղծուած է ֆրանսական հեքիաթի հիման վրայ։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Ֆիլմ Մոխրիկը ՆիւթՖիլմ Մոխրիկը Դերերը հնչիւանւորեցինՖիլմ Մոխրիկը Հետաքրքիր փաստերՖիլմ Մոխրիկը ԾանօթագրութիւններՖիլմ Մոխրիկը Արտաքին յղումներՖիլմ Մոխրիկը1950ԱնգլերէնՈւոլթ Տիզնի Ընկերութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Ճամալ ԽաշըքճիՀայաստանեայց Առաքելական Ս. ԵկեղեցիԱլպեան լեռներՆոպէլեան ՄրցանակՆիւ ՏելհիՀրայր ՃէպէճեանԽաչիկ ՏէտէեանԷփըլԹիֆլիսՌիչըրտ ՖէյնմընՎարդան ՄամիկոնեանԵկեղեցական զգեստԼիմնոսՀնդկաստանԺընեւՍթիվըն ՀոքինկԼեւոն (անձնանուն)Կցական բարդութիւնԱնգարա1693 թուականՇարլ Ազնաւուր1996 թուականՀրայր ԴժոխքՄարկ ՆշանեանԵրկաթէ ԴարՓապլօ ՓիքասօՇնաձուկԳարեգին ՆժդեհՆիսԹրքերէնՄիքայէլ ՀրեշտակապետՊարոյր ՍեւակԵրկուորեակ (համաստեղութիւն)ԱստանաՃոն ՊոլթընԹաւրիզՊրէյլի ԱյբուբենըԻնսթակրամԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններԼեղուցՀայոց Ցեղասպանութիւն14 ՄարտՔաղցկեղՔոսթա ՌիքաԱկրաԼուտուիկ վան ՊեթհովէնԳիւմրիՆիքիթա ԽրուշչովԱնձնանունԴիմատետրՍեւ ԾովԱւագ ՇաբաթՆշենիABBAՔրիստոնէութիւնՄակդիրՄոզիլլա ՖայրֆոքսՈւքրանիաՎիքթոր ՕրպանԳերմանիաMåneskin1587 թուականՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնԹոքախտՔրիսթիանօ ՌոնալտօՀաւանաԿատովիցեԿաթոլիկ եկեղեցիՊելճիքաԱստղային Պատերազմներ։ Բաժին Դ։ Նոր ՅոյսՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնԱսեղնաբուժութիւնԿարինԱրթուր Աբրահամ🡆 More