Միւնիխ (գերմաներէն՝ München, աւանդական հայերէն ուղղագրութեամբ՝ Մյունխէն), Գերմանիոյ երրորդ քաղաքը Պերլինէն եւ Համպուրկէն ետք, Պաւարիոյ մայրաքաղաքը։ Ըստ Մայիս 2015-ին կայացած մարդահամարի տուեալներուն՝ Մյունիխ ունի շուրջ 1,5 միլիոն բնակիչ։ Պաշտօնապէս քաղաք հռչակուած է 1158-ին։ 1255-ին քաղաքը դարձած է բաւարական Հերցոգի նստավայր, 1328-ին՝ կայսերական աթոռանիստ, իսկ 1508-էն անկախ բաւարական մարզի կեդրոնն է։ Մյունիխի մէջ կը գտնուին պետական եւ միջազգային ներկայացուցչարաններ, կարեւորագոյն կրթական հաստատութիւններ, նշանակալից թանգարաններ եւ թատրոններ եւ հանրածանօթ շինութիւններ։ Հոս յաճախ կը կազմակերպուին միջազգային մարզական մրցոյթներ, ցուցահանդէսներ, համագումարներ, ինչպէս նաեւ բաւարական ազգային տօներէն մէկը՝ Օքթոբերֆեսթը։
Կը գտնուի Ալպեան նախալեռներուն, Լաութերախ շրջանին մէջ։ Քաղաքին ամէնէն բարձր կէտն է Զոլնի շրջանը, որ կը գտնուի Վարնպըրկ կոչուող շինութենէն շուրջ 600 մ դէպի հարաւ (579 մ բարձր ծովու մակերեսէն) եւ ծովու մակերեսէն 580,5 մ բարձր է։ Ամէնէն ցած կէտը քաղաքին հիւսիսային սահմանին մօտ՝ Ֆելտմոխինկ շրջանին մէջ՝ Շվարցհյոլց անտառային շրջանէն դէպի արեւմուտք է եւ ծովու մակերեսէն 480 մ բարձր է։ Հետեւաբար քաղաքին տեղամասերուն բարձրութիւններուն առաւելագոյն տարբերութիւնը 100,5 մ է։ Մյունիխի մէջէն կը հոսի Իզար գետը, որուն երկայնքը 13,7 քմ է։ Գետին վրայ կառուցուած է Վէրքկանալ կոչուող ջրանցքը։ Մյունիխ ունի ստորգետնեայ ջուրերու մեծ պաշար մը, իսկ քաղաքէն հիւսիս ստորգետնեայ ջուրերէն յառաջացած ճահճուտներ կան, որոնցմէ նշանաւոր են Տաչաուեր Մոոսը՝ հիւսիս-արեւմտեան կողմը եւ Էրտինկեռ Մոոսը՝ հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Քաղաքին մակերեսը կը կազմէ շուրջ 31,071,91 հա, որուն 44,1%֊ը կը կազմեն տարբեր տեսակի շինութիւններ, 17,2%֊ը՝ մայրուղի, 15,5 %ը՝ կանաչ բուսականութիւն, իսկ մնացեալ տարածութիւնները՝ հանգստեան գօտիներ։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Միւնիխ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.