Մանրատնտեսութիւնը, տնտեսագիտութեան ճիւղերէն մէկն է: Ան կը վերլուծէ անհատներու վարքագիծերը եւ անոնց փոխազդեցութիւնները տարբեր շուկայական գիներու վրայ, ուր կը փոխանակուին արտաբերութիւնն ու արտադրութեան ազդակները:
Գլխաւորաբար սպառիչները ընդունուած են ինչպէս գործ առաջարկող եւ վերջացած արտադրանք պահանջողներ:
Ձեռնարկները նկարագրուած են որպէս գործական աղբիւր պահանջող: Անոնք՝ ըստ իրենց գործելակերպին, վերջացած արտադրանքի հայթայթիչներ կամ ինչքի միջնորդներ են:
Մանրատնտեսութեան եւ համատնտեսութեան միջեւ տեսողութեան տարբերութիւն մը կայ: Համատնտեսութեան մէջ կը վերլուծուին համաշխարհային մեծութիւնները կամ տնտեսական ամբողջութիւնները (ազգային արտադրութիւն, ազգային եկամուտ, ազգային ծախք, աշխատողներու գումարը) եւ անոնց յարաբերութիւնները ազգային կամ միջազգային գետնի վրայ, որ տնտեսական եւ ընկերային մթնոլորտէն ներս առաւել-պակաս գործօն ձեւով միջամտելու հակամէտ պետութեան մը ներկայութեամբը հաւասարապէս նշուած է:
Articles
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Մանրատնտեսութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.