Սնդիկ

Սնդիկ (լատ.՝ Hydrargyrum), նշանը՝ քիմիական տարր է, որուն նշանն է Hg, կարգահամարը՝ 80, հիւլէական զանգուածը՝ 200.59։

Պատմութիւն

Սնդիկ 
Մերկուրի մոլորակի աստղագիտական խորհրդանիշը

Բնածին սնդիկը յայտնի է շատ վաղ ժամանակներէն (Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ, Հնդկաստան, Միջագետք, Չինաստան, Եգիպտոս)։ Ք.Ա. 15-րդ դարուն սնդիկը կը ստանային քինապարը (բնածին HgS) տաքցնելով։ Մեզի հասած է սնդիկ պարունակող անաւթ, որ կը վերագրուի Ք․Ա․ 16-15-րդ դարերուն։

Արաբ ալքիմիկոս Զապիր իպն Տայանը (Ը.-Թ. դարեր) մշակեց մետաղներու առաջացման ծծումբ-սնդիկային «տեսութիւնը», ըստ որու սնդիկը մետաղներուն կը հաղորդէ փայլ, կռելիութիւն, պնդութիւն եւ հալելու ունակութիւն։ Սնդիկը՝ ոսկին հաստատուն դարձնելու կարեւոր պայմանը կը համարուէր։

Անուան Ծագում

Նախկինին սնդիկը կը համարուէր հեղուկ արծաթ, (հին յուն․՝ ὕδωρ «ջուր» եւ հին յուն․՝ ἄργυρος «արծաթ»), ուրկէ կու գայ անոր լատիներէն անուանումը։ Սնդիկ բառին ծագումը հայերէնին մէջ ապացուցուած չէ, հաւանօրէն առաջացած է «ցնդիլ» բառէն, որուն առանձին չգործածուող «ցունդ» արմատը կը նշանակէ «սփռուիլ»։

Բնութեան Մէջ

Սնդիկը չափազանց հազուագիւտ եւ ցրուած տարր է, կը կազմէ երկրակեղեւի զանգուածի 4.5•10−6 %-ը (տարածուածութեամբ 66-րդն է)։ Սնդիկի հանքերուն մէջ կուտակուած է երկրակեղեւին պարունակած սնդիկին միայն 0.02%-ը։ Արդիւնաբերական նշանակութիւն ունին 0.02-1% սնդիկ պարունակող հանքանիւթերը։

Կը գտնուի հրաբխային լեռնային ապարներուն մէջ։ Յայտնի են անոր 35 միներալները, որոնցմէ կարեւորը քինովարն է։ Սնդիկը խիստ ցրուած է նաեւ կենսոլորտին մէջ՝ կը կուտակուի կաւերու, տիղմերու (մօտ 4•10−5 % ) եւ ծովաջուրին մէջ (3•10−9 %)։

Մարդու օրկանիզմին մէջ սնդիկի պարունակութիւնը մօտ 10−6 % է, արեան մէջ՝ 0.023 մք.կ./մլ, մէզին մէջ՝ 0.1–0.2 մք.կ./մլ։ Սնունդի հետ օրական կը ներմուծուի 0.02–0.05 մկ.։

Հանքավայրեր

Սնդիկը կը համարուի հազուագիւտ մետաղ։

Ամենախոշոր հանքավայրերը կը գտնուին Սպանիա (Ալմատեն)։ Սնդիկի հանքավայրեր կան նաեւ Կովկասի մէջ (Տաղստան, Հայաստան), Թաճիքստան, Սլովաքիա, Ղրղզստան, Ուքրաինա:

Ռուսիոյ դաշնութեան մէջ կը գտնուի սնդիկի 23 հանքավայր, արդիւնաբերական պաշարները կը կազմեն 15.6 հազար թոն (2002 թուականին)։

Շրջակայ Միջավայրին Մէջ

Սնդիկը եւ ատոր օրկանական միացութիւնները թունաւոր են եւ լուրջ վնաս կը հանդիսանան մարդու առողջութեան, վայրի բնութեան եւ էքոհամակարգերուն համար։ Շրջակայ միջավայր իյնալով, ան կը փոխանցուի օդային հոսանքներով, այնուհետեւ կրկին կը նստի հողին վրայ։ Սնդիկը հողէն կ'անցնի գետերու, լիճերու եւ ովկիանոսներու։ Կը տեղափոխուի նաեւ ովկիանոսի հոսանքներու եւ թափառող անասուններու միջոցով։

Սնդիկի մարդու օրկանիզմի ներթափանցումը յաճախ տեղի կ'ունենայ ատոր շոգիներու ներշնչման ժամանակ, որոնք հոտ չունին։ Սնդիկի նոյնիսկ փոքր քանակներու ազդեցութեան հետեւանքով, կրնան յառաջանալ առողջական խնդիրներ եւ ծանր թունաւորումներ։ Սնդիկը թունաւոր ազդեցութիւն կը թողու նեարդային, մարսողական եւ իմունային համակարգներու, թոքերու, երիկամներու, մաշկի եւ աչքերու վրայ։

Բնագիտական Յատկութիւններ

Սնդիկ 
~7.6 կ/սմ3 խտութիւնով մետաղադրամը սնդիկէն աւելի թեթեւ է

Սնդիկը ծանր, արծաթափայլ, սովորական պայմաններուն հեղուկ մետաղ է։

Սառելու ջերմաստիճանն է −38.83°C, եռալու՝ 356.73°C, երկուքն ալ ամենացածն են բոլոր մետաղներուն համար: Սառելու ատեն սնդիկի ծաւալը կը նուազի 3.59%-ով եւ հեղուկ վիճակի 13.69 կ/սմ3 խտութիւնը կ'աճի մինչեւ 14.184 կ/սմ3: Պինդ վիճակին սնդիկը փափուկ եւ կարելի է կտրել դանակով:

Քիմիական Յատկութիւններ

Տարրերու պարբերական համակարգի 6-րդ պարբերութեան, 2-րդ խումբի քիմիական տարր, d տարր է, կը պատկանի անցումային տարրերու շարքին, հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքն է 5s2 5p6 5d10 6s2, К, Լ, М, N թաղանթները լրացած են։

Կիրառութիւն

Սնդիկ 
Սնդիկը ջերմաչափին մէջ

Սնդիկը կ'օգտագործեն գիտական եւ չափող սարքեր (ջերմաչափ, ծանրաչափ, ճնշաչափ, վաքումային պոմպեր եւ այլն), սնդիկային լամբեր, ելեկտրական հոսանքի ուղղիչներ, անջատիչներ պատրաստելու, ոսկին եւ արծաթը ամալկամացնելու, պայթուցիկ նիւթեր, ալքալիներ եւ քղոր (որպէս ելեկտրոտ), քացախաթթու (որպէս քաթալիզատոր) ստանալու համար։

Միացութիւնները կ'օգտագործուին բժշկութեան եւ գիւղատնտեսութեան (սերմերը ախտահանելու համար որպէս բուսասպաններ) մէջ, նաեւ որպէս յաւելանիւթեր նաւերու իրանը ներկելու համար։

Սնդիկի ֆուլմինաթը՝ Hg(ONC)2, կ'օգտագործուի տեթոնացնող եւ բռնկող պատիճներուն մէջ։ Աստիճանաբար դուրս կը մղուի կապարի ազիտով եւ այլ աւելի արդիւնաւէտ պայթուցիկ նիւթերով։

Կենսաբանական Դեր

Սնդիկի կենսաբանական դերը վնասակար ուսումնասիրուած է։ Սնդիկը եւ անոր միացութիւնները թունաւոր են։ Սնդիկը օրկանիզմին մէջ կը կապուի ֆերմենթներու եւ հիւսուածքային սպիտակուցներու սուլֆհիտրիլային խումբերուն եւ կ'իջեցնէ անոնց աշխուժութիւնը, կ'ազդէ միքրոտարրերու (Cu, Zn, Cd, Se) իւրացման եւ փոխանակութեան գործընթացքներուն վրայ։

Յատկապէս վտանգաւոր են սնդիկի շոգիները, որոնք ներշնչելով կ'անցնին արեան մէջ եւ օրկանիզմին մէջ շրջանառելով, մասամբ կը կուտակուին երիկամներուն, լեարդին, փայծաղին եւ ուղեղային հիւսուածքներուն մէջ, խախտելով գլխուղեղի (յատկապէս հիփոթալամուսի) բնականոն աշխատանքը։

Տեւական թունաւորումը կ'իջեցնէ աշխատունակութիւնը, կը թուլցնէ հոտառութիւնը, կը յառաջացնէ գլխացաւ, ձեռքերու եւ գլխու դող եւլն։ Թունաւորման բնորոշ ախտանշաններն են՝ լնտեզրերու կապտասեւ գունաւորումը, լինտերու փխրունութիւնը եւ արնահոսումը։ Սնդիկի օրկանական միացութիւններով թունաւորումը կ'ախտահարէ կեդրոնական նեարդային եւ սիրտանոթային համակարգերը, ստամոքսը, լեարդը, երիկամները։

Վնասակարութիւն

Սնդիկի շոգին չափազանց թունաւոր է։

Պատահարներ

Պատմութեան մէջ սնդիկային ամենածանր աղտոտումը պատահած է 1956 թուականին ճափոնական Մինամաթա քաղաքին մէջ, որու արդիւնքին տուժած է աւելի քան երեք հազար մարդ, որոնք կամ մահացած են, կամ տուժած են Մինամաթայի հիւանդութենէն։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Սնդիկ ՊատմութիւնՍնդիկ Բնութեան ՄէջՍնդիկ Շրջակայ Միջավայրին ՄէջՍնդիկ Բնագիտական ՅատկութիւններՍնդիկ Քիմիական ՅատկութիւններՍնդիկ ԿիրառութիւնՍնդիկ Կենսաբանական ԴերՍնդիկ ԾանօթագրութիւններՍնդիկԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Արամ (անձնանուն)Շիրակի մարզԹուրքիաԱշոտ Բ․ ԵրկաթՂափամայԻսիսՄեծ ՍէրայԻսթանպուլՎլատիմիր ԼենինՎլատիմիր ՓութինՄիսաք ԹորլաքեանԱտոմ Ա. Քհնյ. ՔէհեայեանՆորավանք1780 թուականgtpmpՍ. Գէորգ զօրավարԱւստրիա1795 թուականՖրանսերէնը Քանատայի ՄէջՊսակաձեւ ԺահրԹատրոնի Համաշխարհային ՕրՍ. ԶատիկՊոսթընՊղինձԻնքնիշխան պետութիւնՆիքոլա ԹեսլաՃահուկ (Սիւնիք)Էս-400 հրթիռային համակարգԹութքGLAM2001ԱնքոնաՍարդարապատի յուշահամալիրըՅարութիւն ԶաքիեւՄակդիրԹուփաք ՇաքուրՔրիսթիանօ ՌոնալտօԴիմ ՏանգընԿանաչեղէններով հաց (Ժինգիալով հաց)Մարկրէթ ԹաչըրԴանիաՄաֆինԼիոնել ՄեսսիԿալկաթաՎոյնիչի ձեռագիրՖինլանտաՏանըլտ ԹրամփՆերսէս ԼամբրոնացիԹոքատապԱլեքսիս ՍանչեզՆոպէլեան ՄրցանակՈւոլթ ՏիզնիԶակազիկ1790 թուականՎարդան ՄամիկոնեանՄիհրՉեխիաԽամսայի ՄելիքութիւններըԱստղագիտութիւնՀարշատ թիւերՊան Քի ՄունԿաթողիկէութիւնՍարկասօ ծովըԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՎիժումՄարսէյլԻսրայէլ3 ՕգոստոսՖրանսաՀինտուիզմԷտիթ ՓիաֆԼաստիվերԱրմաւ🡆 More