Յովհաննէս Այվազովսկի (17 (29) Յուլիս 1817, Թէոդոսիա, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 19 Ապրիլ (2 Մայիս) 1900, Թէոդոսիա, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն), աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ։
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի ծնած է 17 Յուլիս 1817-ին Թէոդոսիա՝ Ռուսիա: Հայրը` Գէորգ Այվազ կամ Հայվազ Մոլտովիայէն Ղրիմ գաղթած փոքր առեւտրական մըն էր:Ուսումը ստացած է Թէոդոսիոյ հայկական վարժարանին մէջ, ապա 1830- 1833-ին` Սիմֆերոպոլի ռուսական քիմիագիտութեան դպրոցին մէջ: 1833-ին Ղրիմի նահանգապետ Կազնաչեւի եւ իշխանուհի Նաթալիա Նարիշկինայի բարեսիրտ միջնորդութեամբ Նիկոլա Ա. կայսրը կը համաձայնի Հովհաննէս Այվազովսկին ընդունիլ Փեթերսպուրկի գեղարուեստի կաճառ՝ որպէս պետական թոշակառու:Հոս բախտը կը ժպտայ պատանի Այվազովսկիին: Մասնագիտական նիւթերու ուսուցիչները կը դառնան անուանի ռուս նկարիչ Մաքսիմ Վորոբէովը (1787–1855) եւ մարտանկարչութեան ժանրի հմուտ վարպետ Ալեքսանդր Զաուերուէյտը (1782–1844): Յովհաննէս Այվազովսկին դեռ երիտասարդական տարիներուն գրաւած է ռուս ու եւրոպացի արուեստասէրներու ուշադրութիւնը: Աւելի ուշ ան կը համարուի իր բնագաւառի բացարձակ մեծութիւններէն մէկը: Ուսանողական տարիներուն կարգապահ Յովհաննէս ամբողջովին կը կլանուի ակադեմիական աշխատանքներ կատարելով, միաժամանակ ընդօրինակութիւններ կը կատարէ Էրմիթաժի մէջ։ Որոշ ժամանակ ալ կայսեր կարգադրութեամբ անոր կարողութիւնները կատարելագործելու նպատակով կ'ուղարկուի Փեթերսպուրկ գտնուող ֆրանսացի հանրածանօթ գեղանկարիչ Ֆիլիպ Տաների (1795–1873) քով:
Այվազովսկիի հասարակական–գեղագիտական հայեացքներու ձեւաւորման գործին մէջ նշանակալի դեր կ'ունենայ անոր ծանօթութիւնն ու շփումները ռուս յառաջադէմ գրողներու հետ` Ա. Փուշկին, Վ. Ժուկովսկի, Ի. Կռիլով, Վ. Փելինսկիի գրական խմբակը, ինչպէս նաեւ` նկարիչ Կ. Պրիւլովի եւ երգահան Մ. Գլինկայի հետ: Անփորձ երիտասարդի մը համար նման շփումները կեանքի ու ստեղծագործելու հիանալի դասեր էին: 1837-ին «Անդորր» կտաւին համար արժանացած է կաճառին առաջին կարգի ոսկեայ շքանշանին եւ երկու տարիով ուղարկուած է Ղրիմ` ուր նույն տարին իր նկարածներուն համար արժանացած է նկարիչի կոչումին: 1838–ին Այվազովսկի կը մեկնի Ղրիմ կաճառին հսկողութեամբ բնութենէն նկարելու ծովային տեսարաններ, յատկապէս Ռուսաստանի հարաւային մասերուն մէջ:
Վերադառնալով Փեթերսպուրկ՝ որպէս յառաջադէմ շրջանաւարտ 1840-ին կ'ուղարկուի արտասահման ուսումը կատարելագործելու համար գացած է Գերմանիա` Պեռլին, ապա Աւստրիա` Վիեննա, յետոյ Իտալիա (Ան առաջին հերթին կ'այցելէ Մխիթարեաններու Ս. Ղազար կղզին, ուր իր մեծ եղբայրը Գաբրիէլը հոգեւոր հայր էր, եւ որուն տասնչորս տարի չէր տեսած, Սպանիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, մասնակցած է շարք մը ցուցահանդէսներու: Փարիզի մէջ արժանացած է ոսկեայ շքանշանի, իսկ 1887 -ին` Պատուոյ շքանշանի: Երիտասարդ նկարիչին համար նշանակալից կ'ըլլայ Վենետիկը եւ յատկապէս Իտալիան:Հոս ան կը ծանօթանայ եւ բարեկամական կապեր կը հաստատէ ռուսական մշակոյթի մեծանուն գործիչներու` Ն. Կոկոլի, Ա. Իւանովի եւ Ֆ. Իորտանի հետ: Այնուհետեւ՝ այցելութիւն Ֆլորանս, Սորենթօ, Նափոլի, Հռոմ... Փաստօրէն, այդ տարիներուն որոշ չափով կը ձեւաւորուին Այվազովսկիի ստեղծագործական հմտութիւնները, եւ ան գիտելիքներու հարուստ պաշարով կը շարունակէ իր յաղթարշաւը եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ` Փարիզ, Լոնտոն, Լիզպոն,Մատրիտ, Ամսթըրտամ... Այստեղ կը ստեղծէ իր գլուխ գործոցներէն քանի մը հատը, որոնցմէ է նաեւ Քաոսը (1841, կտաւ, իւղաներկ, 106x73), որ կը նուիրէ Հռոմի Գրիգոր 16-րդ պապին: Վերջինս, ի պատասխան այդ վեհանձն քայլին, Այվազովսկին կը պարգեւատրէ Վատիկանի ոսկեայ մետալով. բացառիկ դէպք մը՝ աշխարհական մարդու մը համար, որ մեծ արձագանք կը ստանայ: Այդ առթիւ Կոկոլը երգիծանքով կ'արտայայտուի նկարիչին. «Եկար դու, փոքրիկ մարդ, Նեւայի ափերէն Հռոմ եւ անմիջապէս «Քաոս» առաջացուցիր Վատիկանի մէջ»:
Եւրոպայի մէջ ճամբորդութիւններու ժամանակ Այվազովսկի կը գտնուի Զուիցերիա, Հոլանտա, Անգլիա, Ֆրանսա՝ այնտեղ արժանանալով գեղարուեստի կաճառին ոսկեայ մետալին, ապա կը շարունակէ ճամբորդութիւնները դէպի Փորթուկալ, Սպանիա, Մալթա եւ այլն:
1844-ին Այվազովսկի կը վերադառնայ հայրենիք: Եւրոպայի մեծ հռչակ վայելող, քանի մը երկիրներու գեղարուեստի ակադեմիաներու ակադեմիկոսի կոչման արժանացած, 27 տարեկան հայորդին կը նշանակեն Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր շտապի գեղանկարիչը, ան կը դառնայ Փեթերսպուրկի գեղարուեստի կայսերական կաճառի անդամ: Եւրոպական չափանիշներով հանրածանօթ վարպետէն նկար ունենալը կը դառնայ ռուսական մայրաքաղաքի բարձր դասերու ներկայացուցիչներու, ներառեալ թագաւորական ու իշխանական ընտանիքներու անդամներու բաղձանքը: Պատուէրներ պատուէրներու ետեւէն, օր ու գիշեր աշխատանք:
1845-էն մշտական բնակութիւն կը հաստատէ Թէոդոսի մէջ եւ հոն կը կառուցէ իր արուեստանոցը:
Այվազովսկիի համար նշանակալից էր 1848-ին Մոսկուայի նկարչութեան եւ քանդակագործութեան ուսումնարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը: Այս Այվազովսկիի առաջին անհատականն էր Մոսկուայի: Ընդհանրապէս, անհատական ցուցահանդէսներու կազմակերպումը, զանազան ցուցադրութիւններուն մասնակցութիւնը Այվազովսկիի համար արժանապատուութեան նշանակութիւն ունեցած է, հպարտութեան զգացում:
1840–ականներու վերջերը Այվազովսկի կը ստեղծէ մարտանկարչական առաջին կտաւները. «Ծովամարտ Նաւարի մէջ, 2 Հոկտեմբեր, 1827», «Ծովամարտ Քիոսի մօտ, 14 Յուլիս, 1770», «Ծովամարտ Չեսմէնի մօտ, 26 Յուլիս, 1770» եւ այլն:
1848-ին Այվազովսկիի կեանքին մէջ կը կատարուի կարեւոր իրադարձութիւն մը. ան կ'ամուսնանայ ռուսական նաւատորմի շտապ բժիշկի դուստր՝ անգլուհի Եուլիա Գրեւսի հետ: Պսակի արարողութիւնը կը կատարուի հայոց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ` ազգային ընդունուած օրէնքներուն համաձայն: Այվազովսկի տիկ. Գրեւսէն կ'ունենայ չորս դուստր, եւ ոչ մէկ մանչ, զոր կ'երազէր հանճարեղ ծովանկարիչը:
1850-ին Այվազովսկին կը ստեղծէ իր գլուխ գործոց «Իններորդ ալիքը» (կտաւ,իւղաներկ, 221x332, Ռուսական պետական թանգարան, Ս. Փեթերսպուրկ). հանճարեղ գործ մը, ուր նկարիչին պայծառ երեւակայութիւնը, կատարման վարպետութիւնը,հոգեյոյզ ձեւերը կը հասնին կատարելութեան:
1853-ին կը սկսի «Ղրիմի» կոչուող ռուս–թրքական պատերազմը: Այվազովսկի ինքզինք կը դրսեւորէ որպէս նուիրեալ հայրենասէր` ցուցաբերելով ստեղծագործական գործօն վերաբերմունք՝ պատերազմի թեմաներով նկարելով քանի մը կտաւ:
Այվազովսկի գտնուած է Եւրոպայի, Մերձաւոր արեւելքի, Ափրիկէի մէջ, 1868 –ին գացած է Կովկաս, 1869-ին Թիֆլիսի մէջ ներկայացուցած է առաջին գեղարուեստական ցուցահանդէսը: Ան նիւթապէս օգնած է յոյներու եւ իտալացիներու ազգային ազատագրական պայքարին: Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին օգնած է հայկական ազգային կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ: Ապաստան տուած է եւ նիւթապէս օգնած կոտորածէն Ղրիմ գաղթած հայերուն: Եղած է Ղրիմի հայկական գաղթօճախի հովանաւորը: Այվազովսկի Թէոդոսիոյ մէջ բացած է Հնագիտական թանգարան մը, Գեղարուեստի դպրոց մը, գրադարան, համերգային դահլիճ, մասնակցած է երկաթուղիի եւ նաւահանգիստի կառուցման եւ այլն:
1874-ին Այվազովսկի Ֆլորանսի գեղարուեստի կաճառի անդամ դառնալով՝ կը ստանայ իր ինքնանկարի պատուէրը աշխարհահռչակ Ֆլորանսի Փիթթի գեղարուեստի թանգարանին պատկերասրահին համար:
Եւրոպա ուղեւորուելու այդ շրջանին ամենաուշագրաւ իրադարձութիւնը կրկին Հոլանտայի մէջ ըլլալն էր։ Հոլանտական գեղանկարչութիւնը, յատկապէս ծովանկարչութիւնը մեծ տպաւորութիւն կը ձգեն նկարիչին վրայ:
1881-ին Այվազովսկի կը նկարէ իր լաւագոյն կտաւներէն եւս մէկը` «Ծովը» (կտաւ, իւղաներկ, 149x208, Տրետեակովեան պատկերասրահ, Մոսկուա). Հետագային անիկա կը կոչուի «Սեւ ծովը». անասելի տպաւորիչ տեսարան, ծովային անեզր տարածութիւն` առանց ցամաքի ցուցադրման, ալիքներ, լարուած շարժում, գոյներու փոխկապուող խաղ...
1889-ին երեք կտաւով կը մասնակցի Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին:
Այվազովսկիի կեանքի վերջին տարիներուն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը 1890-ի Փարիզի Տիւրան–Ռուէլ (Durand–Ruel) պատկերասրահին մէջ քսանութ աշխատանքով կազմակերպուած անոր անհատական ցուցահանդէսն էր։ Անիկա մեծ յաջողութիւն մը ձեռք կը բերէ եւ լայն արձագանք կը գտնէ ֆրանսացի արուեստասէր հասարակութեան մէջ։ Ցուցահանդէս կ'այցելէ նաեւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը: Արձագանքելով ցուցահանդէսին՝ փարիզեան մամուլը կը նշէ, որ Արեւմուտքի մէջ այժմ չկայ եւ չէ եղած ծովանկարչութեան մէջ Այվազովսկիէն արժանի մրցակից մը:
Մեծ գումարով օգնած է Ռուսաստանի 1891-1892 թուականներուն անօթի եւ չքաւոր ուսանողներուն: 18 Մարտ 1900-ին, Ս. Փեթերսպուրկի գեղարուեստի կաճառը Այվազովսկիի անունով կրթանպաստ հաստատած է: Թէոդոսիոյ մէջ անոր անունով կոչուած են փողոց մը, զբօսայգի մը եւ մերձակայ բլուրներէն մէկը:
1897-ին Ս. Փեթերսպուրկի եւ ընդհանրապէս ռուս արուեստասէր հասարակութիւնը բարձրաստիճան շրջաններու մասնակցութեամբ հանդիսաւորութեամբ կը նշէ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 80–ամեակը:
19 Ապրիլ, 1900-իին Ապրիլի Թէոդոսիոյ իր առանձնատան մէջ հանճարեղ ծովանկարիչը յանկարծամահ կ'ըլլայ:
Աւելի քան 4 թոն կշռող պատուանդանի եւ հիմքի հետ միասին 3.5 մեթր բարձրութեամբ կիսանդրիի հեղինակը Ռուսաստանի ժողովրդական նկարիչ, ակադեմիկոս փրոֆ. Սալավատ Շերպաքովն է: Նկարիչի կիսանդրին տեղադրուած է Սիմֆերոփոլի օդակայանի ուղեւորատար բաժնին դիմաց: Սիմֆերոփոլի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է հայ մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը հեռարձակուած է «Խրիմ 24» հեռուստաալիքի եթերէն, Նոյեմբեր 2020-ին:
Այվազովսկի ստեղծագործած է շուրջ 6000 կտաւի վրայ նկարներ: Անոր աշխատանքներուն գերակշռող մասը ծովային թեմաներով է: Նկարած է ծովը տարուան տարբեր եղանակներուն, օրուան տարբեր ժամերուն, փոթորկոտ եւ խաղաղ, խորապէս զգացած եւ վերարտադրած է ծովային տարրերուն վեհութիւնը: Իր գործերէն են.
1868 –ին ստեղծած «Թիֆլիսի տեսարանը», որ հայ կենցաղային ժանրի առաջին գործերէն է: Ան առաջին անգամ գծած է Սեւանայ լիճը, Արարատն ու Արարատեան հովիտը: Այվազովսկիի գործերը պահուած են աշխարհի նշանաւոր թանգարաններուն մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին եւ Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարանին մէջ։ Իր մեծագոյն հաւաքածոն կը գտնուի Թէոդոսի Այվազովսկիի պատկերասրահին մէջ: Այդ պատկերասրահը ինք հիմնած է: Սկիզբը հոն եղած է իր տունը եւ արուեստանոցը, 1846-ին այդ վայրին մէջ Այվազովսկի ցուցահանդէս կազմակերպած է, իսկ 1880-ին զայն վերածած է հանրային պատկերասրահի:Ատիկա Ռուսաստանի ժողովուրդին մատչելի առաջին թանգարանը եղած է: 1941- ին պատկերասրահին հաւաքածոները եւ արխիւը պատերազմէն փրկուած եւ տեղափոխուած են Երեւան: 1942- ին Այվազովսկիի ծննդեան 125 ամեակին առիթով Երեւանի մէջ ցուցադրուած է Այվազովսկիի նկարներու հավաքածոն, որ 1944 –ին վերադարձուած են Թէոդոսիա: Այվազովսկի աշխարհի ամենահարուստ ժառանգութիւն ձգած նկարիչներէն է: Անոր որոշ գործերը ծախուած են մինչեւ 2 մլն. Ամերիկեան տոլարով եւ աւելի արժողութեամբ:
– Ուսումնարանին առաջին յարկը ջրաւազան մը կայ, գնա՛ եւ հոնկէ դոյլով ջուր բեր:
Պատանին կ'երթայ եւ կը տեսնէ, որ ջրաւազանը պատին վրայ նկար մըն է: Ան նկարին վրայ կ'աւելցնէ ջուրի մէջ խեղդուող շուն մը, առանց ջուրի կ'երթայ տնօրէնին քով եւ արդարանալով կ'ըսէ.. «Աւազանին մէջ շուն կար, ջուրը աղտոտ էր, չբերի»:
Տնօրէնը կ'երթայ եւ կը տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ հմտութեամբ Այվազովսկին գծած է շունը ու զինք կ'ընդունի իր ուսումնարանը:
Հայերը Ղրիմի մէջ յայտնուած են վաղ ժամանակներէն՝ առաւելապէս արաբական տիրապետութեան շրջանին, երբ քաղաքական ծանր վիճակը եւ մեծ հարկերը այլեւս անտանելի դարձած էին ժողովուրդի համար: Նոր գաղթը Ղրիմ սկիզբ առած է Ժա. դարու կէսերէն` պայմանաւորուած թուրք–սելճուքեան մահասփիւռ արշաւանքներու հետ: Մատենադարանին մէջ պահուող 1690-ի ճառընտիր ձեռագիրը կը նշէ, որ Ղրիմի հայերը մեծ մասամբ եկած են Անիէն: Ժա.–Ժդ. դարերուն այստեղ եռանդուն բնոյթ կը ստանայ հայ առեւտրականներու գործունէութիւնը՝ նաեւ պայմանաւորուած Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան հիմնադրման ու ամրապնդման հետ: Բուռն զարգացում կ'ապրին մշակոյթի բոլոր բնագաւառները, իսկ ձեռագիր մատեաններու ընդօրինակման ու նկարազարդման արուեստը այնպիսի քանակի կը հասնի, որ այսօր հայկական մանրանկարչութեան հետաքրքրական ու ուշագրաւ դպրոցներէն մէկը կը համարուի Ղրիմը: Բացի առեւտրական եւ գիւղատնտեսական գործունէութենէն՝ հայերը Ղրիմի մէջ մեծ աւանդ ունեցած են գրեթէ բոլոր արհեստներու զարգացման գործին մէջ։ Կարեւոր են Ղրիմի հայերու կատարած շինարարական աշխատանքները: Միայն Ժբ.–Ժդ. դարերուն Կաֆայի մէջ կառուցուած է շուրջ 30 եկեղեցի: Հոգեւոր կառոյցներ կանգնեցուած են Սուրխաթի, Ղարասուպազարի, Սուդակի, Արմեանսկի պազարի, Աքմեչիթի մէջ եւ այլուր: Ժդ. դարուն Կաֆայի հայ վաճառականներու միջոցներով կառուցուած է Լուվովի հայկական Մայր տաճարը: Ժե.–Ժթ. դարերուն քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով՝ հայաշատ վայրերէն Ղրիմ եկած են նոր գաղթականներ, նոյնիսկ հայաշատ բնակչութեան համար Ղրիմի հարաւ-արեւելեան հատուածը օտարերկրացիները անուանած են «Armenia maritima» (Ծովային Հայաստան): Ժա.–Ժբ. դարերուն Թէոդոսի մէջ կը ձեւաւորուի հայկական գաղութը. կը հիմնուի Ղրիմի մէջ հայկական ամենահին եկեղեցին՝ Ս. Սարգիսը: Թէոդոսիան կը դառնայ Ղրիմահայութեան մշակութային կեդրոնը: Թէոդոսիոյ հայերը ունեցած են վաճառատուներ, վարձակալական նաւեր, իջեւանատուներ, զբաղած են առեւտուրով: Ժդ.–Ժէ. դարերուն որոշ զարգացում կ'ապրի դպրութիւնը, ճարտարապետութիւնը, գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ մանրանկարչութիւնը:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Յովհաննէս Այվազովսկի, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.