Մրջիւններ

Մրջիւնները, կը պատկանին միջատներու ընտանիքին:

Մրջիւններ

Մրջիւնները աշխարհի վրայ յայտնուած են 120 միլիոն տարի առաջ:

Անոնք մարդոցմէ մէկ միլիոն անգամ աւելի փոքր են, ակայն անոնց թիւը մարդոց թիւէն շատ աւելի է:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի 1 միլիոն միլիառ մրջիւն: Անոնց հաւաքական ընդհանուր ծանրութիւնը շատ աւելին է, քան` ամբողջ մարդկութեան ծանրութիւնը:

Գոյութիւն ունին 14,095 մրջիւններու տարբեր տեսակներ: 10-ը մրջիւնէն 9-ը կը մնան բոյնին մէջ: Իսկ 10-էն 2-ը չեն աշխատիր:

Խումբեր

Շատ փոքր, խաղաղասէր եւ ջերմասէր են, տեսակներուն թիւն ու քանակը արեւադարձային երկիրներուն մէջ աւելի շատ է, քան բարեխառն գօտիին մէջ։

Աշխատող մրջիւններէն իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պաշտօնը ունի բոյնին մէջ:

Զինուորները կը հսկեն թրթուրներուն. իսկ «երեխայ» մրջիւններով կը զբաղին ստնտու մրջիւնները եւ թագուհին:

Հետախոյզ մրջիւնները ուտելիք կը փնտռեն. անոնք տերեւները կամ ծաղիկներուն թերթերը կը կտրտեն եւ սունկեր կը մշակեն:

Հնձողները այդ բոլոր ուտելիքները մրջնոց կը բերեն: Անոնք կրնան իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանրութիւն շալկել:

Թագուհին բոլոր մրջիւններուն մայրն է: Սակայն անոր պաշտօնը միայն հաւկիթները ածելն է: Մրջիւններուն մօտ պետ չկայ: Իւրաքանչիւրը գիտէ` ի՛նչ պէտք է ընէ իր քովի մրջիւնին նայելով:

Բոլոր մրջիւնները քոյր-եղբայր են եւ իրարու շատ կ'օգնեն:

Մրջիւնները գրեթէ իրենց գլխուն ետեւը կրնան տեսնել: Անոնց տեսողութեան անկիւնը կը հասնի մինչեւ 300 աստիճանի: Բայց, հակառակ ասոր, անոնց տեսողութիւնը տկար է: Անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ կ'ուղղուին իրենց մարմինին մէջ արտադրուած նիւթի մը շնորհիւ: Միւս մրջիւնները կրնան այդ նիւթին հոտը առնել իրենց շօշափուկներով:

Պատկերասրահ


Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Այհան ԸշըքԽամսայի ՄելիքութիւններըՍանահինի ՎանքԼեւոն ՇանթՎահրամ Փափազեան2005Աշխարհաբար1930Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Հայոց Ցեղասպանութիւն1674 թուականՏալաս21 ՅուլիսԱբիսողոմ աղաԴրօՄարկ ՆշանեանՍիամանթօՎիեննական ՍրճարանԻսկուհի ՊալճեանՄիկինեսՔեսապԹովմա ԱրծրունիՀամշէնցիներԲժշկական գործիքներԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաՀաղբատի ՎանքԳետնամուշկՆիկոլ ԴումանՋերմաջուրԵրկիրԱղթամար կղզիՆորա ԱրիսեանՀայաստանի Ազգային ՊատկերասրահՇարլ ԱզնաւուրՀայկական ԴիցաբանութիւնՄեսրոպ ՄաշտոցՄարիա ՃէյքըպսընՄանոս ԽածիտաքիսԱրցախի ՀանրապետութիւնԿարսի ՊայմանագիրՀայկական ՉամանԽոտաբուժումԵլեկտրականութիւնՏանըլտ ԹրամփՄեհմեթ Թալէաթ փաշաՀայկական տպագրութիւնՍերոբ (անձնանուն)ԱնթիլիասԱրմին ՎեգնըրԱրեգ ՏիրազեանՍահակ ՊարթեւՊօղոս ՃէլալեանԲենիամին ՆուրիկեանԱրցախեան ԱզատամարտԱրմէն ՍարգսեանՀայ Աւետարանական ԵկեղեցիՓէեօ ԵավորովՏօմինօՍարիղամիշՈչխար31 ՕգոստոսԱզատ Բեմ (թերթ)Կըրլ ՕնլայնԵփրատ գետԳործիական հոլով2 ՓետրուարՄերսինՄոլտովաԼեւոն ԱրոնեանԱրշաւիր Շիրակեան🡆 More