Փիղ

     Ասիական փիղեր

՞
Փիղ
Փիղ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Անասուններ
Տիպ Քորդաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Կարգ Կնճիթաւորներ
Ընտանիք Փիղ
Լատիներէն անուանում
Elephantidae
 Gray 1821 
Արեալ
պատկեր
     Ափրիկեան փիղեր

Փիղ
Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ

Փիղ
Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Փիղը (լատիներէն՝ Elephantidae) կը պատկանի կնճիթաւոր կաթնասուն մեծ անասուններու ընտանիքին։

Փիղին մարմինին բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 3.5 մ.-ի։

Մարմինին ծայրամասերը սիւնաձեւ են։

Իւրաքանչիւր մատ ունի եղունգանման սմբակ մը։

Վերին շրթունքը եւ քիթը իրարու միանալով, կը յառաջացնեն երկար եւ շարժող կնճիթ մը, որուն վերջաւորութեան կը տեղաւորուին քթանցքները եւ մատներու նման ուռեցքներ։

Փիղը իր կնճիթը կ'օգտագործէ շօշափելու, հոտառութեան եւ բռնելու։

Ներկայիս փիղեր կ'ապրին Ափրիկէի եւ Ասիոյ ցամաքամասերու տարածքին։

Նկարագրութիւն

Փիղերը ընկերասէր անասուններ են:

Էգերէ եւ ձագերէ բաղկացած խումբերը կը գլխաւորէ ամէնէն տարեց եւ փորձառու փիղը:

Արուները կը կազմեն առանձին խումբեր: Տարեց արուն կրնայ ժամանակաւորապէս միանալ էգերու հօտին, եթէ հոն կայ նուազագոյնը բեղմնաւորման պատրաստ մէկ էգ:

Ականջները

Փիղ 
Փիղին ականջները

Փիղերու ականջները ունին հաստ հիմքեր եւ բարակ եզրեր։ Ականջախեցիները կը պարունակեն բազմաթիւ արիւնատար անօթներ՝ մազանօթներ, որոնցմէ ներս թափանցող արիւնը մարմինին ջերմութիւնը կը կարգաւորէ։ Ականջախեցիներու մակերեւոյթին մեծ մակերեսը փիղերուն կ'արտօնէ, որ ազատին մարմինին աւելորդ ջերմութենէն։ Ականջներու թափահարումը եւս կը նպաստէ այդ գործընթացին։ Աւելի տաք պայմաններու մէջ ապրող ափրիկեան փիղերը հնդկական փիղերուն հետ համեմատած, ունին աւելի մեծ ականջախեցիներ։

Փիղ 
Փիղերը Նամիպիոյ Էթոշա ազգային զբօսայգիին մէջ։
Լսողութեան այլ միջոցներ

փիղերը կրնան «լսել» նաեւ իրենց ոտքերով եւ կնճիթներով:

Անոնք այս ձեւով «կը լսեն»`զգալով գետինին տակէն ճամբորդող, երբեմն շատ երկար հեռաւորութիւններ, թրթռոցները: Գիտնականները կ'ըսեն, թէ փիղերը կը զգան գետինին նուազագոյն թրթռացումները իրենց ոտքի մատներու ոսկորներուն միջոցով: Մասնագէտները նշմարած են, որ անոնք իրենց մէկ ոտքին մատներուն ծայրը գետին կը դնեն այդ թրթռացումները աւելի լաւ ստանալու համար. այդ նշանները «կը ճամբորդեն» մատին ոսկորներէն մինչեւ ականջ:

Փիղին կնճիթին ծայրը եւ անոր ոտքերուն ներբանները օժտուած են յատուկ բջիջներով, որոնք կ'օգնեն արձանագրելու երկրագունդին խանգարումները: Փիղերը կրնան բացատրել այդ թրթռացումներուն իմաստը, ինչպէս, օրինակ, «կ'անձրեւէ», «յարձակող անասուն մը», եւ թէ անոնք ո՛ր կողմէն կու գան, նոյնիսկ` քիլոմեթրեր հեռուէն: Ասիկա շատ գործնական է, երբ անոնք կը փորձեն ջուր գտնել, կամ խուսափիլ սպառնացող գազաններէ, ինչպէս`առիւծներէ:

Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ

  • Փիղերը ունին սուր յիշողութիւն: Անոնք յաճախ կ'այցելեն իրենց նախասիրած վայրերը: Ըստ նկարիչ գիտնականներու, փիղերու խումբ մը 25 յաջորդական տարիներ, ամէն Նոյեմբերին այցելած է նոյն շրջանի ծառը:
  • Բոլոր անասունները իրարու հետ կը հաղորդակցին տարբեր ձեւերով: Կարգ մը փիղեր շատ շատախօս են: Հեռուն գտնուող այլ փիղերու հետ հաղորդակցելու համար անոնք շատ բարձր ձայնով կը գոռան:
  • Փիղերը ունին մտածելու կարողութիւն եւ այս մէկը փաստուած է Թայլէնտի մէջ կատարուած՝ Փիղերու Փոլօ խաղին ընթացքին: Երբ փիղը տեսած է, որ քանի մը փորձէ ետք, իր տէրը չի կրնար հարուածել գնդակը, փիղը իր կնճիթով վերցուցած է գնդակը եւ տուած իր տիրոջ:
  • Փիղերը հոգածու անասուններ են: Անոնք իրենց սէրը կ'արտայայտեն իրարու փաթթուելով, ինչպէս նաեւ զիրար կ'առաջնորդեն իրենց կնճիթներով:
  • Փիղերը կ'օգնեն իրարու: Հետաքրքրական է, որ երբ կրկէսի մը անհանգիստ փիղը ընկղմած է, բոլոր միւս թիղերը իրենց կնճիթներով փորձած են փրկել զինք, իսկ երբ բոլոր փորձերը ապարդիւն անցած են, այլ փիղ մը իր ամբողջ գլուխը մխրճած է ջուրին մէջ եւ դուրս հրած ընկղմող փիղը:
  • Փիղերը մեղուներէն կը վախնան: Այս ձեւով, Ափրիկէի մէջ կարգ մը ագարակներ փեթակներ կը պահեն հեռու պահելու համար փիղերը:
  • Փիղերը իրարու կանչերը կրնան լսել մինչեւ 8 քմ հեռաւորութենէն:

Արտասովոր փիղ մը

Հարաւային Քորէայի Էվըրլանտ կենդանաբանական պարտէզին աստղը Քոշիք կոչուած փիղն է: Ան շատ իւրայատուկ է, որովհետեւ խօսիլ սորված է:

25 տարեկան ասիական այս փիղը սորված է արտասանել 5 բառ` «լաւ», «պառկած», «բարեւ», «նստած» եւ «ոչ»: Ասիկա մեծ գաղտնիք մըն է գիտնականներու համար, որովհետեւ փիղերը չեն կրնար իրենց շրթունքները գործածել` մարդոց նման հնչիւններ արձակելու համար:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Փիղ ՆկարագրութիւնՓիղ Հետաքրքրական ՏեղեկութիւններՓիղ ԾանօթագրութիւններՓիղ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԱւստրիաԾիր ԿաթինՏիգրիս (գետ)ԱլաուիներԱրշակ ՎռամեանԵփրատ գետԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՀունգարիաԱրարատ (Լեռ)ՄակդիրՏարածութիւնԱյծքաղՀայերէնՀանրի ՎերնէօյՅորդանանԱկրիճենթօԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)1990 թուականԱրա Տարզի ԹերզեանԴեղագործական Քիմիագիտութիւնը Հայաստանի ՄէջՆիկողայոս ԱդոնցԱրցախի ՀանրապետութիւնԱտոլֆ ՀիթլերՀրանդ (անձնանուն)Վահրամ ԱրիստակէսեանՍերոբ (անձնանուն)Աղթամար կղզիԼուսինԼեւոն ՇանթՀայկ ՆահապետՇունՐաֆֆի19 Յուլիս1999 թուականՀայկական ՌուբլիՄովսէս Մարգարէ1645 թուականՕսմանեան ԿայսրութիւնՄիջերկրական ԾովԴրօԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններՎլատիմիր ԼենինՍանթուրԳլաձորի համալսարանՍիամանթօՔաթալոնիաՉինարէնՓամփուշտ (ռազմական)ՋերմաջուրՎահրամ ՓափազեանԵբրայերէնՍտեփան ԶօրեանԱրամ Ա.Ուիլիըմ Սարոյեան1584 թուականՔանատաՎարդան ՄամիկոնեանՔարէն ԵփփէՅովհաննէս ԹումանեանՅակոբ ՕշականՎահան ՏէրեանԿարսի ՊայմանագիրԳէորգ ՅակոբճեանԻնքնաթիռԻլան ՄասքԳործիական հոլովՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու ՅուշահամալիրԱղեքսանդր Ծատուրեան1833 թուականԳրական ՔննադատութիւնՍեւ խոռոչ🡆 More