Սելին Տիոն

Սելին Տիոն (անգլերէն՝ Celine Dion, ծնեալ՝ 30 Մարտ 1968) Քանատացի երգչուհի է։ Ծնած է Քանատայի Քէպեք նահանգ՝ Շարլըմէն (Charlemagne)։ 1990-ին, անգլերէնով ձայնագրած է «Unison» ալպոմը։ 1988-ին՝ Սելին Տիոն, յաղթած է Եամահայի համաշխարհային երգի մրցոյթը (Yamaha World Popular Song Festival), իսկ 1988-ին Եւրատեսիլ երգի մրցոյթը (1988 Eurovision Song Contest)։ Չնայած ունեցած մեծ յաջողութիւններուն, Սելին Տիոնը 1999-ին սկսած իր ժամանակը աւելի շատ յատկացնել ընտանիքին եւ ամուսնոյն, որ կը տառապէր քաղցկեղով։ Երաժշտութեան ասպարէզ կրկին կը վերադառնայ 2002-ին։ Սելին Տիոնի երգերը Քանատայի երգիչի ամենաշատ վաճառքն ունեցող երգերն են։ ԱՄՆ-ի մէջ ամենամեծ վաճառքն ունեցող կին երգիչն է եւ միակ կին երգիչը, որուն 2 երգերու սկաւառակը (Single play record) «սինկլները» Միացեալ Թագաւորութեանց մէջ վաճառուած են աւելի քան 1 միլիոն օրինակով։ 1995-ին անոր «D'eux» ալպոմը դարձած է բոլոր ժամանակներու ամենամեծ վաճառքն ունեցող ֆրանսալեզու ալպոմը։ Աշխարհի վրայ իր ալպոմներու 175 միլիոն վաճառքէն ետք, 2004-ին Սելին Տիոնը ներկայացուած է «Chopard Diamond Award» եւ «World Music Awards» մրցանակաբաշխութիւններուն, որպէս ամենաշատ վաճառքն ունեցող երգչուհի։ Ըստ «Sony Music Entertainment»-ի Սելին Տիոնի ալպոմները աշխարհի տարածքին վաճառուած են շուրջ 200 միլիոն օրինակով։

Կենսագրութիւն Եւ Ասպարէզ

Մանկութիւն եւ ասպարէզի սկիզբ

Ատեմար Տիոնի եւ Թերեզա Թանկէի (երկուքն ալ ֆրանսական-Քանատական ծագումով) 14 զաւակներէն ամենակրտսերը՝ Սելին Տիոնը մեծցած է Հռոմէա-կաթողիկէ աղքատ, բայց, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, երջանիկ ընտանիքին մէջ, Շառլեմանի մէջ (այժմ՝ թաղամաս Մոնրէալի արեւմտեան ծայրամասը)։ Երաժշտութիւնը միշտ այդ ընտանիքին մաս կազմած է (Տիոնին անուանած են «Céline» երգի պատուին, որ ֆրանսացի երգիչ՝ Եուկ Օֆրէն ձայնագրած էր իր ծնունդէն երկու տարի առաջ)։

1973 թուականի Օգոստոս 13-ին հնգամեայ Սելինն առաջին անգամ հրապարակային ելոյթ ունեցաւ եղբօր՝ Միշելի հարսանիքին՝ կատարելով Քրիսթին Շարպոնոյի «Du fil des aiguilles et du coton» երգը։ Արդիւնքը այն էր, որ ան սկսաւ երգել իր քոյրերուն ու եղբայրներու հետ՝ ծնողներուն փոքրիկ «Le Vieux Baril» կոչուած ըմպելարանին դաշնակին վրայ (Fortepiano-Bar)։ Վաղ տարիքէն Տիոն կ՝ երազէր երգչուհի դառնալ։ 1994 թուականին People ամսագիրին տրուած հարցազրոյցին ան կը նշէ. «Ես կը կարօտնայի տունս եւ ընտանիքիս, սակայն ես չեմ զղջար, որ կորսնցուցած եմ պատանեկութիւնս։ Ես մէկ երազանք ունէի. կ՛ուզէի երգչուհի դառնալ»։

12 տարեկանին Տիոն մօր եւ եղբօր՝ Ժագի հետ, կը յօրինէ իր առաջին երգը՝ «Ce n’était qu’un rêve» («Այդ միայն երազ էր»)։ Իր եղբայրը՝ Միշել Տոնտալինժ Տիոն, ձայնագրութիւնը կ՛ուղարկէ երաժշտական տնօրէն Ռընէ Անժելիլին, որուն անունը ան գտած էր Ժանեթ Ռենոյի ալպոմին հակառակ երեսը։ Անժելիլը, Սելինի ձայնէն այնչափ տպաւորուած, որոշեց զինք աստղ դարձնել։ 1981 թուականին ան գրաւ դրաւ իր բնակարանը՝ ֆինանսաւորելու Սելինի առաջին ձայնագրութինը La voix du bon Dieu («Աստուծոյ ձայնը»), որ աւելի ուշ դարձաւ տեղադրելով այն թիւ մէկ ձայնագրութիւն (hit) եւ անմիջապէս Տիոնին դարձուց Քէպէքի (Quebec) աստղ։ Ան յայտնի դարձաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, երբ 1982 թուականին Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) մասնակցեցաւ Yamaha երաժշտական փառատօնին եւ ստացաւ «Լաւագոյն կատարող» մրցանակը, ինչպէս նաեւ՝ ոսկէ շքանշան լաւագոյն երգի՝ «Tellement j’ai d’amour pour toi» («Իմ մէջ այնքան սէր կայ քեզ համար») համար։

1983 թուականին, դառնալով Ֆրանսայի ոսկէ սկաւառակի արժանացած քանատական առաջին կատարողը («D’amour ou d’amitié»՝ «Սէր կամ ընկերութիւն» երգին համար), Տիոն ստացաւ նաեւ մի քանի «Ֆելիքս» մրցանակ, այդ կ՛ընդգրկէր նաեւ՝ «Լաւագոյն կատարող» եւ «Տարուան յայտնութիւն» մրցանակները։ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ Տիոնին առաւել եւս յաջողութիւն բերաւ երգի միջազգային «Եւրատեսիլ 1988» փառատօնին յաղթանակը՝ Տապլինի մէջ (Իրլանտա), ուր ան ներկայացուց Զուիցերիան՝ «Ne partez pas sans moi» («Չհեռանաք առանց ինձ») երգով։։ Բայց եւ այնպէս, Ամերիկեան յաջողութիւնը դեռ զինք կը սպասէր, նաեւ այն պատճառով, որ ան բացառապէս ֆրանսալեզու կատարող էր։ Տասնութ տարեկանին, տեսնելով Մայքըլ Ճեքսընի ելոյթը, Տիոն յայտարարեց Անժելինին, որ Ճեքսընի պէս աստղ դառնալ կ՛ուզէ։ Վստահ ըլլալով Տիոնի տաղանդով՝ Անժելիլն, այնուամենայնիւ, հասկցաւ, որ համաշխարհային առեւտրային գործառնութիւնը եւ փոխանակութիւնը (commercial) յաջողութեան հասնելու համար պէտք է փոխել անոր կերպարը։ Տիոն որոշ ժամանակ անհետացաւ բեմէն՝ այդ ընթացքին արտաքինը բարելաւելու համար (stomatology) բերանի եւ ակռայի վիրահատութիւն կրելով, իսկ անգլերէնը կատարելագործելու նպատակով 1989 թուականին ընդունուեցաւ Պերլիցի (Berlitz) դպրոցը։

1989 թուականին «Incognito» ալպոմի պաշտպանութեանն ուղղուած շրջագայութեան ժամանակ Տիոնը կորսնցուց ձայնը։ Ականջ եւ կոկորդ մասնագէտ (Otolaryngologist) Ուիլիըմ Կուլտը խորհուրդ տուաւ կա՛մ վիրահատել ձայնալարերը, կամ երեք շաբաթուան ընթացքին ընդհանրապէս չօգտագործել ձայնալարերը։ Տիոն ընտրեց երկրորդը եւ սկսաւ վոքալ ձայնի կրթութեան (vocal) դասեր ստանալ Ուիլիըմ Ռայլիէն, որովհետեւ, ըստ Կուլտի եւ Ռայլիի, Տիոն սխալ կ՛օգտագործէր իր ձայնալարերը։

Tags:

196830 ՄարտԱնգլերէնԵրաժշտութիւնՔաղցկեղՔանատա

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Կոմիտաս ՎարդապետՄակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)ՀաագաԿիկերոնՀայկ ՆահապետԻջեւանԱյբուբենՍողոմոն ԹեհլիրեանՉարլզ ԲիքֆորտՍայքս-Փիքոյի համաձայնագիր (1916)Ողիմպիական ԽաղերՀայկական ՍփիւռքԹռչնակրիփՀայկական ԼեռնաշխարհԱրժանթինԱգաթանգեղոսԱզրպէյճան1850 թուականՍքոթլանտաՇուշանիկի ՎարքՀայերը Պաքուի մէջՈւտիք1600 թուականՔաթարԳեղանկարչութիւնՔլայբետաԵրիկամԿուրՇինզոյ ԱպէԶգայարաններՔարլես ՓուճտեմոնՊիլ Վիտըրս9 ԱպրիլԱշոտ ԳրաշիՀամշէնցիներՏրդատ Ա.ՔարահունջՌուբէն ՍեւակԾխախոտԸնդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)Նազարէթ ՏաղաւարեանԲարդ բառեր17 ՍեպտեմբերՎարդգէս ՀամազասպեանՄենուայի ջրանցքըՄինաս ՉերազՎանի հերոսամարտՍարատովԼուի ՊուսենարՂեւոնդ ԵրէցBelieve (ալպոմ)Նահապետ ՌուսինեանԲիւզանդիոն (թերթ)Հին ԵրեւանԶահրատՀարպորտ ԱռաքելութիւնԻնտրա1568 թուականԳրիգոր ԱսլանեանԾիրանՏապլինԵուրի ՆաւոյեանՓղոսկրՄայքըլ ԱրլէնՄկրտիչ ՆուպարեանՎլատիմիր ԼենինՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՄարք Չէնեան🡆 More