Նիւթ

Նիւթ, երկիրն ու Տիեզերքը կազմող զանգուածն է։ Հաստատուն մարմինները, հեղուկներն ու կազերը կը ներկայացնեն նիւթին երեք տարբեր վիճակները։ Տիեզերքի մէջ գտնուող ամէն ինչ կազմուած է հիւլէներէ, որոնք նիւթի հիմնական բաղկացուցիչներն են։

Հիւլէներ

Հիւլէները այնքան փոքր են, որ մասնագիտական մանրադիտակներով միայն կարելի է տեսնել։ Զանոնք կը նմանցնեն ուժանիւթի շատ պզտիկ ամպոտ զանգուածներու, որովհետեւ մեծ համեմատութեամբ պարապութենէ կազմուած են եւ միայն որոշ թիւով՝ իրենցմէ շատ աւելի փոքր մասնիկներ կը պարունակեն։ Իւրաքանչիւր հիւլէի մէջ կը գտնուի կորիզ մը, որ կը պարունակէ ելեկտրական լիցք կրող բրոթոն մասնիկներ եւ չէզոք նէօթրոններ։ Կորիզին շուրթը թաւալումի մէջ գտնուղ աւելի փոքր եւ ելեկտրաժխտական լիցք կրող մասնիկներ ալ կան, որոնք կը կոչուին ելեկտրոն: Հիւլէներու մեծամասնութիւնը ունին հաւասար թիւով բրոթոններ եւ ելեկտրոններ, ինչ որ նիւթին ելեկտրական լիցքը կը չէզոքացնէ։

Հեղուկներ

Հեղուկի մը հիւլէները շատ դիւրաւ կը տեղափոխուին։ Այդ պատճառով ալ, հեղուկները հեշտութեամբ կը հոսին եւ կ'առնեն զիրենք պարունակող ընդուրաններուն ձեւերը։

Կազեր

Կազերու պարագային՝ հիւլէները ամբողջութեամբ ազատ են իրենց տեղափոխութեան մէջ։ Անոնց շարժումին արագութիւնը կ'աւելնայ ջերմաստիճանին հետ։ Կազերը մասնաւոր ձեւ մը չունին եւ շատ դիւրին է անոնց ծաւալը փոքրացնել՝ իրենց վրան ճնշելով։

Հաստատուն մարմիններ

Նոյնիսկ հաստատուն մարմիններուն մէջ, ինչպէս՝ կարծրացած շաղախի, հիւլէները թեթեւ կերպով կը թրթռան։ Հակառակ այդ թրթռացումին, սակայն, հիւլէները հիմնականին մէջ կը պահեն իրենց դիրքերը։ Այդ պատճառով ալ, հաստատուն մարմինները չեն փոխեր իրենց ձեւերը։

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 6-7

Tags:

Նիւթ ՀիւլէներՆիւթ ՀեղուկներՆիւթ ԿազերՆիւթ Հաստատուն մարմիններՆիւթ ԱղբիւրներՆիւթՏիեզերք

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Երիկամներու ՔարերըԼաւաշՀայկ ՆահապետԱշոտ Ա. ԲագրատունիԼեւոն (անձնանուն)Արա ԳեղեցիկՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալՌանչպարների Կանչը3 ՍեպտեմբերՄակդիրՅունաստանԱրծաթ1 ՅունիսԱրգիշտի Ա․Քոքա-ՔոլաՀայերէնԼոլա ՍասունիԷփըլՄիսաք ՄեծարենցՓապլօ ՓիքասօԳլխաւոր Էջ2 ՄայիսՄարք ՉէնեանՅովհաննէս ՇիրազՔարլես ՓուճտեմոնԿրասնոտարՏարածութիւնԿուկըլ ՔրոմՍան Սթեֆանոյի ՊայմանագիրԴեղնախտԱփրիկէՌուսիաՊան Քի ՄունԱբիսողոմ աղաՎանի հերոսամարտՍողոմոն Թեհլիրեան18 ԱպրիլՈւտիքՀայկական ԼեռնաշխարհԱզատուհի Սիմոնեան ԳալայճեանՎանՆուպար ԹէրզեանԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաՓասատինաՇարլ ԱզնաւուրՂեւոնդ ՓիրղալէմեանՍոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն1831 թուականՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԱրթուր Աբրահամ3 ՅուլիսՄեթրԱմալ ՔլունիԿանաչեղէններով հաց (Ժինգիալով հաց)Կարին1922 թուականՌուբէն (անձնանուն)ԻնտոնեզիաՓանոս ՃերանեանՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ԺողովՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԳրիգոր ԶօհրապՖրանսաԼաստիվերԻսրայէլՀայկական ՌուբլիԱնրի ԹրուայաՈստանիկՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքԼոնտոնՊօղոս Լեւոն ԶէքիեանՀին ՅունարէնԽոսրովանուշ3 ՅունիսՀայաստանի Դրօշակները🡆 More