Վալանթին Լուի Ժորժ Էօժէն Մարսել Փրուսթ (ֆրանսերէն՝ Valentin Louis Georges Eugène Marcel Proust, Ֆրանսացի նշանաւոր վիպասան, ակնարկագիր եւ քննադատ, մոտեռնիզմի ներկայացուցիչ։Փրուսթի գլխաւոր երկը «Կորսուած ժամանակի փնտրտուքներու մէջ» (ֆրանսերէն՝ À la recherche du temps perdu) 7 վէպէ բաղկացած վիպաշարն է (հատորներ 1-16, 1913-1927, վերջին 6 հատորները հրատարակուեր են յետմահու), որը կը նկատուի 20-րդ դարու համաշխարհային գրականութեան ամենակարեւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը։
Մարսել Փրուսթ ֆրանսերէն՝ Marcel Proust | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | ֆրանսերէն՝ Valentin Louis Georges Eugène Marcel Proust |
Ծնած է | 10 Յուլիս 1871[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[4] |
Մահացած է | 18 Նոյեմբեր 1922 |
Մահուան վայր | Փարիզի 16-րդ շրջան, Փարիզ[4] |
Քաղաքացիութիւն | Ֆրանսա[5] |
Մայրենի լեզու | Ֆրանսերէն |
Ուսումնավայր | Քաղաքական գիտությունների ազատ դպրոց? Փարիզի Համալսարան |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | À l'ombre des jeunes filles en fleurs?, Կորուսյալ ժամանակի որոնումներում? եւ Jean Santeuil? |
Տեսակ | novel sequence?, էսսե? եւ pastiche? |
Մասնագիտութիւն | վիպասան, ակնարկագիր, գրագէտ, գրաքննադատ, բանաստեղծ, արձակագիր |
Ծնողներ | հայր՝ Ադրիան Պրուստ?, մայր՝ Jeanne-Clémence Proust? |
Ստորագրութիւն |
1907 թուականին կը սկսի գրել իր մեծ ստեղծագործութիւնը՝ «Կորուսեալ ժամանակը փնտրելով», որու եօթ գլուխները կը հրատարակուին 1913 եւ 1927 թուականներուն, այսինքն՝ իր մահէն յետոյ: Երկրորդ մասը՝ «Ծաղկեալ երիտասարդ աղջիկներու ստուերի մէջ», կը շահի Կոնքուղ մրցանակ 1919 թուականին: Մարսել Փրուսթը կը մահանայ 1922 թուականի Նոյեմբերի 18-ին՝ ցնցղապատէն (bronchitis): Յուղարկաւորած են Փարիզի Փեր Լաշեզ գերեզմանատանը:
Փրուսթի վիպական աշխատանքը ժամանակի եւ յիշողութեան մասին խորհրդածութիւններ են, ինչպէս նաեւ արուեստի գործառոյթներու, որը պետք է իր սեփական աշխարհները առաջարկէ, բայց նաեւ այդ աշխատանքը սիրոյ եւ նախանձի մասին մտորումներ են գոյութեան դատարկութեան զգացողութեամբ, որը կը գունաւոր է փրուսթեան գորշ տեսիլքը, ուր համասեռամոլութիւնը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ: «Կորուսեալ ժամանակը փնտրելով»-ը նմանապէս մարդկային մեծ կատակերգութիւն է աւելի քան երկու հարիւր դերասանի մասնակցութեամբ:
Մարսել Փրուսթը ծնած է Փարիզ՝ 16-րդ շրջանի Օթոյ թաղամասին մէջ, իր մայրական կողմի մեծ հօր տան մէջ, որը հետագային քանդեր են նոր բնակելի շէնքեր կառուցելու նպատակով:
Մայրը՝ Ժան Քլեմանս Վայլը (ծնած է 1849 թ. Փարիզ եւ մահացեր 1905 թ.), ալզասեան եւ լորենեան հրեաներէն էր եւ պիրժայի գործակալ: Հայրը՝ բժիշկ Ատրիան Փրուսթը (ծնած է Իլիէր՝ 1834 թ. եւ մահացեր Փարիզ՝ 1903 թ.), Իլիէրի բարգաւաճ առեւտրականներէն էր: Մարսելը նաեւ ունէր աւագ եղբայր՝ Ռոպերթը (ծն.՝ 1873 թ. եւ մահացեր է 1935 թ.), վիրաբոյժ էր: Մարսելի հովանաւորն էր նմոյշահաւաք էoժէն Միւթիաքսը:
Մարսելի փխրուն առողջութիւնը հետեւանք էր իր մայրիկի յղիության ժամանակ կրած զրկանքներուն: Առողջական թերութիւններով ծնած երեխային կը փրկէ իր բժիշկ հայրը, որը ծննդաբերութեան օրը վիրաւորուեր էր ցուցարարի մը արձակած կրակէն: Ծնողքը կը վախնային, որ նորածինը չ՛ապրիր, սակայն ծնողական խնամքի շնորհիւ Մարսելը կը փրկուի մահէն: Տարուայ եղանակներէն գարունը շատ վատ կ՛ազդէր անոր առողջութեան վրայ ու նոյնիսկ անգամ մը, երբ ան 9 տարեկան էր, շնչահեղձ կ՛ըլլայ ծաղիկներու ծաղկափոշիի յարուցած ասթմային նոպայի պատճառով:
Կաթոլիկ հօր եւ հրեայ մօր զաւակը կը մկրտուի Փարիզի Սեն-Լուի-տ՛Անթըն եկեղեցւոյ մէջ: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ան իրեն «հաւատացեալ» չի համարեր: Քանի որ այդ ժամանակ հակասեմականութիւնը վառ արտայայտուած էր, զինք կը քննադատեն այլ յայտնի հակասեմիսթ գրողներ:
Նախնական դասարանի մէջ սորված է Ժաք Պիզէի՝ երաժշտահան Ժորժ Պիզէի որդու հետ, որուն մայրը՝ Ժնէվիէւ Ալեւին, իր քեռու տանը սրահ ունէր, ուր կը հաւաքուէին դերասաններ: Ժնեւիէւը կրկին կ՛ամուսնանայ 1886 թ.՝ պահպանելով իր սրահը, որու մշտական այցելուն դարձեր էր Փրուսթը:
Մարսելը այնուհետեւ կ՛ուսանի Քոնտորսէ լիսէի մէջ՝ սկսած 1882 թ.: Հինգերորդ ուսումնական տարին կը կրկնէ ու կը մնայ նոյն կարգը, սակայն առաջին անգամ ըլլալով անոր անունը կը գրեն գերազանցներու ցուցակին մէջ 1884 թ.: Ան դասերէն կը բացակայէր առողջական խնդիրներու պատճառով, սակայն արդէն անգիր գիտէր Վիքթոր Հիւկոյի, Միւսէի եւ Ժան Սանթոյի ստեղծագործութիւնները: Ան նաեւ կ՛ուսանի փիլիսոփայ Ալֆոնս Տառլիուի մօտ:
Գրողի մանկական եւ երիտասարդական առաջին սէր Մարի տը Պենարտաքիի հետ ան ներկայացումներ կ՛ունենայ Ելիսէեան դաշտերուն մէջ: Անոնք կը դադրին հանդիպիլ 1887: Փրուսթը իր գրական առաջին քայլերը կը կատարէ դեռ լիսէի մէջ ուսանած վերջին տարիներուն: Աւելի ուշ՝ 1982 թ. ան կը հիմնադրէ փոքր հանդէս մը Քոնտորսէի նախկին նոյն ուսումնական կարգի համալսարանականներուն հետ՝ «Պանքէթ»-ը: Այս սկիզբ կը դնէ իր ցուցամոլ հռչակին: Այդ ընթացքին կը ծանօթանայ Լիւսիէն Տոտէի՝ վիպասան Ալֆոնս Տոտէի տղուն հետ:
1889-90 թթ. կը ծառայէ բանակին մէջ՝ Օրլեանի մէջ, որու մասին հետագային հաճելի յիշողութիւններ ունէր: Իսկ յաջորդած ժամանակաշրջանին Փարիզի մէջ կը ծանօթանայ Կասթոն Արման տը Քայավէի հետ, որը կը դառնայ անոր մտերիմ ընկերը: Ան նաեւ կը ծանօթանայ վերջինիս նշանածի՝ Ժաննա Փուքէի հետ որուն եւ կը սիրահարուի հետագային:
Զինծառայութիւնէն յետոյ կը յաճախէ Ալպեռ Սորելի եւ Անաթոլ Լըռուա-Պոլիոյի քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքին Ազատ դպրոցին մէջ, որ զինք կը համարէ շատ խելացի: Ան իր հայրիկէն կ՛առաջարկէ դիւանագիտական մրցոյթի մասնակցիլ Հնագիտութեան դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ կ՛աւարտէ Սորպոնի համալսարանի Պսակաւոր Արուեստի աստիճանը 1895 թ.:
1896 թ. կը հրապարակէ «Հաճոյքները եւ օրերը» արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որը գրաքննադատներու եւ յատկապէս գրող Ժան Լորէնի կողմէ բարձր գնահատականի կ՛արժանանայ: Վերջինիս հետ նոյնիսկ մենամարտի դուրս կու գան, որը կ՛աւարտի առանց որեւէ կողմ մը վնասուելու: Այնուհետեւ կը հրատարակէ «Կորուսեալ ժամանակը փնտրելով» վէպի առաջին գլուխները:
Քնջութն ու ջրաշուշանները
Փրուսթը կը թարգմանէ Ճոն Րասքինի «Ամիէնի Աստուծաշունչը» 1904 թ. եւ այն կը նուիրէ նախորդ տարի մահացած իր հօրը: Այս աշխատանքը, ինչպէս նաեւ իր երկրորդ թարգմանութիւնը՝ «Քնջութն ու ջրաշուշանները» (թարգմանուած 1906 թ.) գովասանքի կ՛արժանանայ քննադատներու կողմէն:
Այս ընթացքը ապագայ գրողի համար բեղումնալից էր, որմով եւ հետագային հաստատուեցաւ իր անձը: Փաստացի իր թարգմանութիւնները Փրուսթը կը հարստացնէր լիուլի ծանօթագրութիւններով եւ երկար նախաբաններով, որոնք բնագիրի հետ նոյնչափ կարեւորութիւն ձեռք կը բերեն: Րասքինի ստեղծագործութիւնները թարգմանելով Փրուսթը քայլ առ քայլ կը դառնայ անոր քննադատներէն մէկը, որը յատկապէս կ՛երեւի թարգմանուելիք բնագրի՝ իր գրած նախաբանին մէջ:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Մարսել Փրուսթ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.