Թենիս

Թենիս, գնդաթիի եւ գնդակի օգնութեամբ խաղցուող մարզախաղ։

Թենիս
Թենիսի դաշտ

Կանոնները

Խաղին մասնակիցները կ'աշխատին գնդակի մէկ հարուածով գնդակը ղրկել մրցակիցին կիսադաշտը, որպէսզի մրցակիցը չկարենայ զայն վերադարձնել։ Խաղին կը մասնակցին թէ՛ տղամարդիկ, թէ կանայք։ Անոնք կը մրցին մենախաղերու, զուգախաղերու եւ խառն զուգախաղերու մէջ։

Մրցակիցները գնդակը կը նետեն յաջորդաբար։ Գնդակը խաղի մէջ մտնելէ ետք, կը սկսի պայքարը՝ միաւորի համար։ Մարզիկը կրնայ երկու անգամ փորձել գնդակը ցանցին վրայէն ղրկել հակառակորդին կիսադաշտին սկզբնահատուածին։ Դէպի մրցակիցին կիսադաշտ եկող գնդակը անհրաժեշտ է վերադարձնել մրցակիցին՝ թոյլ չտալով, որ ան մէկ անգամէն աւելի դպչի գետին։ Գնդակը կարելի է վերադարձնել նաեւ՝ գետինին չդպչելով։

Եթէ մարզիկներէն մէկը սխալի, ապա մրցակիցը կը ստանայ 15 կէտ։ Նոյնը կրկնուելու պարագային, հաշիւը կը դառնայ 30-0՝ կ'արձանագրուի մէկ ընդհանուր յաղթանակ։ Եթէ խաղին հաշիւը դառնայ 40-40, ապա յաղթանակը կը շնորհուի երկու անընդմէջ յաղթութիւն տանող մարզիկին եւ այսպէս շարունակ։

Տղամարդոց մրցապայքարի Մեծ սաղաւարտի մրցոյթին, ընդհանուր յաղթանակը կը տրուի 5-րդ յաղթութեան, առաջինը հասած մարզիկին կամ զոյգին։ Կանանց մրցումներուն, յաղթանակը կը տրուի 3-րդ յաղթութեան առաջինը հասնողին։ Խաղափուլը շարունակելու համար պէտք է խաղալ նուազագոյնը 6 խաղ։

Խաղ մը (սէթ մը) յաղթելու համար պէտք է առաջինը յաղթել վեց խաղերու, նուազագոյնը` երկու խաղի տարբերութեամբ (օրինակի համար` 6-4, մինչ 6-5 յաղթական չի նկատուիր):

Կէտերը

Խաղի մը ընթացքին կէտերը կը հաշուեն հետեւեալ ձեւով.

  • 0, երբ ո՛չ մէկ կէտ կը նշանակուի խաղին ընթացքին,
  • 15, մէկ կէտի համար,
  • 30, երկու կէտի համար,
  • 40, երեք կէտի համար:

Երբ մարզիկը 40-ի կը հասնի, խաղը կը յաղթէ, բացի եթէ հաւասարութիւն ըլլայ (40-40): Այս պարագային պէտք է մէկ կէտ աւելի նշանակել` աւանթաժ (առաւելութիւն) ունենալու համար, եւ այն մարզիկը, որ առաջինը կը նշանակէ յաջորդ կէտը, կը յաղթէ: Հետեւաբար կարելի է խաղը յաղթել 3 կամ 5 կէտերով:

  • Կէտ մը նշանակելու համար պէտք է գնդակը ցանցէն անդին նետել` առանց ցանցին դպչելու, մէկ հարուածով եւ առանց դաշտին սահմաններէն դուրս ելլելու:

Գնդակը

Թենիս 
Գնդաթի

Թենիսի գնդակը ունի 57,6 կրամ ծանրութիւն եւ 6,51 սմ տրամագիծ։

Գնդակը պատրաստուած է ռետինէ եւ պատուած է խաւոտ թաղիքով։

Գոյնը՝ ճերմակ կամ դեղին։

1972-ին հեռուստատեսութեան համար կը գործածուի առկայծող դեղին գոյնը։ Թենիսի գնդակը կը ճանչցուի մակերեսէն առնուած իւրայատուկ փակ կորագիծի մը շնորհիւ։

Մարզադաշտը

Թենիս 

Մարզադաշտը (անգլերէն court, ցանկապատուած տեղ) 40x20 մեթր չափերու կերպընկալէ ծածկոյթով, կաւաւազով կամ կանաչով ծածկուած եւ նշագծուած թենիսի խաղահրապարակ մըն է։ Բուն խաղահրապարակին երկայնքը 23.77 մ. է, լայնքը մէկ խաղացողի համար 8.23 մ., զոյգերով խաղալու պարագային`10.97 մ.։ Խաղահրապարակը մէջտեղը երկարող ցանցով մը կը կիսուի երկու հաւասար մասերու։ Ցանցին մէջտեղէն բարձրութիւնը 91 սմ. է, եզրերը աւելի բարձր են՝ 106 սմ.։

Թենիսի Պատմութիւնը

Թենիս 
Անգլիա, 1887

Թենիսի խաղը յառաջացած է ֆրանսական ժէօ տը փոմ խաղէն: Առաջին անգամ թենիս (թագաւորական թենիս) սկսած են խաղալ ԺԹ. դարու կէսերուն՝ Ֆրանսայի մենաստաններուն մէջ։

Թենիս բառը եկած է ֆրանսերէն «թընէ» բառէն, որ կը նշանակէ՝ «հրամեցէք»: Այս բառն է, որ կ'արտասանուէր առաջին անգամ գնդակը նետելէ առաջ, ապա խաղը շարունակելու կարգ մը օրէնքներ կը յարգէին:

Մեզի ծանօթ թենիսի խաղը կը ծնի ԺԹ. դարուն, Անգլիոյ մէջ: Այդ օրերուն մարդիկ կը խաղային խոտին վրայ` գործածելով ձգախէժէ գնդակներ, որոնք կրնային ցատկել խոտին վրայ: Անգլիոյ մէջ ԺԹ. դարու 60-ական թուականներու կէսերուն թենիսը լայն տարածում կը ստանայ։ Այդպիսով կը յայտնուի լաուն-թենիսը (Անգլերէն` lawn մարգագետին)։

Ներկայիս աշխարհի թենիսի հզօրագոյն մարզիկներուն մեծ մասը արհեստավարժներն են։ Աշխարհի մէջ եղած են մեծ մրցանակային հիմնադրամով մրցախաղեր։ Թենիսի գլխաւոր մրցաշարքերն են ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ բաց առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքը։ Այս առաջնութիւններուն լրումը կը կազմէ «Մեծ սաղաւարտի» մրցաշարքը։

Թենիսի ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերէն է Տեւիսի բաժակը, որ հիմնադրուած է 1900-ին։

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ թենիսի պաշտօնական մրցումներ արձանագրուած են 1924-ին:

Կրան Շլեմ

Երբ կ'ըսեն, թէ թենիս խաղացող մը «Կրան շլեմ»ը շահած է, ասիկա կը նշանակէ, որ ան յաղթած է տարուան թենիսի ամէնէն կարեւոր չորս մրցաշարքերուն:

  • Յունուար ամսուան, Մելպուռնի մէջ, Աւստրալիոյ օփընը,
  • Մայիս-Յունիս ամիսներուն, Ֆրանսայի մէջ, Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը,
  • Յունիսի վերջին օրերուն, Անգլիոյ մէջ, Լոնտոնի Ուիմպըլտընի մրցաշարքը,
  • Օգոստոսի վերջաւորութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ, Նիւ Եորք, Եու. Էս. օփընը:

Այս մրցաշարքերը թենիս խաղացողներուն համար ամէնէն վարկաւոր եւ դժուար խաղերն են:

Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ

  • Ռոլան Կարոս ֆրանսացի օդանաւորդ մըն է, որ ապրած է 1888-1918: Ան իր անունը տուած է 1928-ին շինուած նշանաւոր դաշտին:
  • Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր դաշտին մակերեսը հող է: Դաշտը ծածկուած է կրահողով:

Ան այդ յատուկ կարմիր գոյնը ունի, որովհետեւ կրահողին վրայ կը դրուի փոշի աղիւսի խաւ մը. այս ձեւով դիւրին կ'ըլլայ դեղին գնդակը տեսնելը:

  • Թենիսի խաղերը շատ լուռ մթնոլորտի մը մէջ կը խաղցուին, ո՛չ մէկ անձ կը պոռայ կամ դրօշակ կը պարզէ մարզիկներ քաջալերելու համար:
  • Իրաւարարը կարգ ու կանոն կը պահէ դաշտին եւ հանդիսատեսներուն մէջ. այլապէս խաղը չի շարունակուիր, որովհետեւ մարզիկները կեդրոնացումի պէտք ունին:

Աղբիւրներ

  • Դպրոցական մեծ հանրագիտարան։ Գիրք 1, հատոր 1։ Երեւան 2009, էջ 316:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Թենիս ԿանոններըԹենիս ԳնդակըԹենիս ՄարզադաշտըԹենիս ի ՊատմութիւնըԹենիս ԱղբիւրներԹենիս ԾանօթագրութիւններԹենիսԳնդաթիԳնդակ (մարզական)

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Կըրլ ՕնլայնՓամփուշտ (ռազմական)ՄոլտովաՍիմոն ՍիմոնեանԱղթամար կղզիՕսմանեան Կայսրութիւն1958 թուականՆոր Զելանտա1930Գէորգ ՅակոբճեանԱմառԱրեւելք (թերթ, Իսթանպուլ)21 ՅուլիսԱրտաշէս ԳէորգեանՀայկական ԴիցաբանութիւնՄոլորակներԱլպեան լեռներԳարեգին Եպիսկոպոս ՍրուանձտեանցՎահէ (անձնանուն)Windows 10Պասուց ՏոլմաԽաչատուր ԱբովեանՍտեփան ԶօրեանՄանուէլ ՄենենկիչեանԱրեգ ՏիրազանԴերասան1801 թուականՄաննի պէյուկՅունարէնՎահան ՏէրեանՀայ նոր գրականութիւնՎասպուրականՖրանց ՎերֆելԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններՓիլիսոփայութիւնԵրեւանԽաչքարԱզատ Բեմ (թերթ)Սեւ խոռոչԵսայի ՆչեցիՀարոլտ Փինթըր«Խոստումը» (ֆիլմ)ՔլէոփաթրաԳերմաներէնՄանոս Խածիտաքիս1733 թուականՄԱԿՇիրվանզադէՇուշիի Ազատագրումը (1992)Հրատ մոլորակ (Մարս)Մեհմեթ Թալէաթ փաշաԱշոտ Գ. ՈղորմածՔիքլատեան մշակոյթԿրիաներՅունիսՈչխարՔացախ1990 թուականՎահան ԹէքէեանՊարաք ՕպամաՃիաքօմօ ԿօրրինիՀանրի Վերնէօյ24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Երկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՀայաստանի Եկեղեցական ՃարտարապետութիւնՄուհամմէտ ԱլիԱյծքաղՖրիտիոֆ ՆանսենԿիւրեղ Վրդ․ Քիպարեան1935 թուական16 ՀոկտեմբերՍտեփանակերտՎիքտոր ՀամբարձումեանՀայկական ՀարցՄարիա Ճէյքըպսըն🡆 More