Գաբրիէլ Պատկանեան

Գաբրիէլ Պատկանեան (26 Փետրուար 1802(1802-02-26), Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 13 Ապրիլ 1889(1889-04-13), Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն), բանաստեղծ, արձակագիր, պատմաբան, մանկավարժ, գրական-հասարակական գործիչ։

Գաբրիէլ Պատկանեան
Ծնած է 26 Փետրուար 1802(1802-02-26)
Ծննդավայր Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 13 Ապրիլ 1889(1889-04-13) (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արձակագիր, ուսուցիչ
Ծնողներ հայր՝ Սերովբե Պատկանյան?
Երեխաներ Հովհաննես Պատկանյան? եւ Ռափայէլ Պատկանեան

Կեանք եւ գործունէութիւն

Տէր Գաբրիէլ ծնած է Թիֆլիս, զաւակն էր Սերովբէ վարժապետին որ ծնած էր Պոլսոյ մէջ եւ մանկութեան ատեն ղրկուած էր Ս.Ղազար վանքը։

1805-ին ընտանեօք մեկնած է Աստրախան։ Սորված է իր հօր՝ Սերեվբէ Պատկանեանի հիմնադրած Աղապապեան դպրոցէն ներս, ապա հետեւած է ռուսական հոգեւոր սեմինարներու։ Տիրապետած է ռուսերէնին, անգլերէնին ու գերմաներէնին։

1827-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ 1818-ին թարգմանած է Դիոդորոս Սիկիլիացիի «Պատմութիւն Մեծին Աղեքսանդրի Մակեդոնացւոյ» գիրքը (հրտ․ 1827) եւ գրած «Վարդապետութիւն Ուղղափառութեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» աշխատութիւնը։ 1826-ին տեղափոխուած է Նոր Նախիջեւան, ուր դասաւանդած է հայերէն, ռուսերէն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն ու ուշադրութիւն գրաւած՝ իր հասարակական գործունեութեամբ։

1836-ին բացած է մասնաւոր վարժարան, ուր իրեն աշակերտած են Միքայէլ Նալբանդեա, Ռափայէլ Պատկանեան եւ ուրիշներ։ 1847-ին Ներսէս Աշտարակեցիի հրաւէրով տեղափոխուած է Թիֆլիս ու նշանակուած Նորաշէն եկեղեցւոյ վանահայր։ 1850-ին վարած է Ներսիսեան դպրոցի տեսչական պաշտօնը եւ միաժամանակ հրատարակած՝ «Արարատ» աշխարհաբար շաբաթաթերթը։

1863-ին անցած է Փեթերսպուրկ, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ ու գրական աշխատանքով։

Գործերէն

Բանաստեղծութիւններ

«Գողթան երգեր», «Հարսանիք Արտաշէսի եւ Սաթինիկայ», «Յուլունսն Շամիրամայ», «Արի արքայն արքայից», «Վահագն», «Օրօրոցի երգ գիւղական այրի կնոջ», «Գեղեցիկ Նախիջեւան», «Քրտնաջան այգեպան», «Իշխան անխելք Եւ յիմար», «Առ հայրենիս», «Փունջ հայոց պատմութեան», «Վարդնամակ Կամ արկածք Վարդանայ», «Դիւցազն մեր ժամանակի»։

Պատմական ուսումնասիրութիւններ

«Հայոց Ազգի Պատմութիւնը» (1863), «Միջնավէպք Հայոց Ազգի Պատմութենից» (1863) եւ այլն։

Մեծ արժէք կը ներկայացնէ «Յիշատակարան» աշխատութիւնը, որ իր բովանդակութեամբ, փաստերու առատութեամբ եւ գրելաձեւի վարպետութեամբ կը նկատուի հայ նոր գրականութեան նշանակալից երեւոյթներէն մին։

1850-ին թարգմանած է Շէքսպիրի «Համլէթը», որմէ պահպանուած են քանի մը տեսարաններ։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Գաբրիէլ Պատկանեան 

Tags:

Գաբրիէլ Պատկանեան Կեանք եւ գործունէութիւնԳաբրիէլ Պատկանեան ԳործերէնԳաբրիէլ Պատկանեան ԾանօթագրութիւններԳաբրիէլ Պատկանեան13 Ապրիլ1802 թուական1889 թուականd:Q113797ԹիֆլիսՌուսական ԿայսրութիւնՍեն Փեթերսպուրկ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԿաթողիկէութիւնՀենրի Այըն Քուսիք1799 թուականԹենիսՎալանսՆորավանքՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնՁիթողցոնց տուն-թանգարանՍտեփան ՄալխասեանցԼեռնային ՂարաբաղԹոքիօՎլատիմիր ՓութինՎահրամ (անձնանուն)Աւագ ՇաբաթԱտելՄուշեղ ԻշխանԵղիշէ (անձնանուն)Միսաք ԹորլաքեանԽոր ՎիրապԵպիսկոպոսԻքարիաԸնձուղտ1713 թուականՊահքԿայուն ԶարգացումԿաղնիՓատուաՌուսիաԽոդեդանՀնդկական ՈվկիանոսՖրանսերէնը Քանատայի ՄէջԱւստրիաՍարդարապատի յուշահամալիրը1771 թուականՍուրբ Գէորգ Եկեղեցի (Թիֆլիս)ՈւքրանիաԲիւզանդական Կայսրութիւն1786 թուականԱրեւմտահայերէն ՈւիքիփետիաՉինաստանՅարութիւն ԶաքիեւՍերժ ԹովմասեանԼուովԿարգաբանութիւնՄոնաքոյի Ինքնաշարժներու ՄրցաշարքԹուրքիաՀանրագիտարանԴիմ Տանգըն1788 թուականՍեւ ԾովԶակազիկՄիկէլ Փրիմօ տէ ՌիվերաԿատովիցեՀանգստապատառ (լոխում)ՊղատոնԼատիներէնՔաթարԼուսնթագՄարտիրոս ՍարեանԱրմենիա (Հոնտուրաս)Մոզիլլա ՖայրֆոքսԳիտութիւնԵբրայերէնՀայկական Վերածնունդ1761 թուականԿարմիր ԾովԿուրԳարեգին ՆժդեհՊատմական Հայաստանի ԹագաւորութիւններըԱւագ ՀինգշաբթիՄհերի ԴուռԺահրԱրաքս (գետ)Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն1795 թուականԴրօԶրադաշտականութիւն🡆 More