Հայկական Վերածնունդ, Ժը.
դարու սկիզբը հայ ազգը եւ ամբողջ Արեւելքը կը գտնուի տակաւին տեսակ մը ՄԻՋՆԱԴԱՐի մէջ: Ժը. Դարու երկրորդ կիսուն է միայն եւ մանաւանդ ժթ. Դարու ընթացքին, որ եւրոպայի հետ շփուելով, բարենորոգման եւ ազատագրութեան շարժում մը ծայր տուաւ աշխարհի այս մասին մէջ եւ փոխեց հոն ապրող ժողովուրդներու ոգին եւ կառոյցը:
Հայ ժողովուրդը առաջիններէն մէկը եղաւ, որ իւրացուց եւ իր շուրջը տարածեց այս նոր ըմբռնումները: Շարժումը հայութեան համար բերաւ տեսակ մը վերածնունդ եւ ժամանակակից պատմութեան սկիզբը հանդիսացաւ: Այս ժամանակամիջոցին էր արդարեւ, որ հիմքը դրուեցաւ արդի Հայաստանին:
Հետագայ էջերուն մէջ մենք պիտի ցոյց տանք, թէ մտաւորական եւ բարոյական այս վերանորոգումը կարելի դարձաւ անոր համար, որ հայ ժողովուրդը, օտար տիրապետութեան բազմաթիւ դարերու ընթացքին, հաւատարմօրէն համախմբուած մնաց իր եկեղեցիին շուրջ եւ անխախտօրէն կապուած՝ իր հաւատքին։ Պիտի պարզենք նաեւ, թէ հայկական գիտակցութեան այս զարթօնքը ի՛նչ կը պարտի ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄին, հայ գրողներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան գիտնականներուն։ Արդարեւ, իրենց լեզուին, գրականութեան եւ իրենց հին պատմութեան ուսումնասիրութեամբն է, որ հայերը, ինչպէս պալքաններու քրիստոնեայ ժողովուրդներըկամ կեդ. Եւրոպայի վերածնած ազգերը, վերստին ազգային գիտակցութիւն ձեռք բերին։ Մենք յաջորդաբար պիտի տեսնենք հայ ժողովուրդի վերածնունդին մէջ դեր կատարած բոլոր ուժերը։ Եւ եթէ անոնք արտայայտութիւն գտան ու գործեցին, պատճառը այն է, որ գաղափարներու եւ դէպքերու արտաքին յեղաշրջումը նպաստաւոր գետին մը ստեղծած էր անոնց զարգացումին համար։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Հայկական Վերածնունդ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.