Արամ Քերովբեան (29 Մարտ 1953, Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա), հայ երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, աւանդական շարականներու մեկնաբանող, հայ աւանդական հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ։ Հեղինակն է հայկական ձայնային երաժշտութեան, եկեղեցական երգեցողութեան պատմութեան եւ փոխանցման, համակարգի նիւթերով բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։
Արամ Քերովբեան | |
---|---|
Ծնած է | 29 Մարտ 1953 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Ֆրանսա |
Ազգութիւն | հայ |
Ուսումնավայր | Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց[1] Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց[2] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | «Ձայն Յանապատի», «Klasik Osmanlı Müziği ve Ermeniler» (Օսմանեան Դասական Երաժշտութիւնը եւ Հայերը), «Manuel de Notation musicale arménienne moderne» (Հայկական արդի երաժշտութեան նշանագրութեան դասագիրք), Musica Mediævalis Europæ Orientalis, «Երաժշտութիւն, որ է համառօտ տեղեկութիւն երաժշտական սկզբանց, ելեւէջութեանց եղանակաց եւ նշանագրաց խազից», «Րուրի»՝ հայկական օրօրներու գիրք եւ սկաւառակ, Հայկական եկեցեցական շարականներու բազմաթիւ սկաւառակներ: |
Մասնագիտութիւն | երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, հայ շարականներու աւանդական մեկնաբանող, հայ աւանդական հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ |
Կայքէջ | akn-chant.org/hy |
Կը յաճախէ «Անառատ յղութիւն» կաթոլիկ մայրապետներու մանկապարտէզը (շէնքին մէջ այժմ Հրանդ Տինք հիմնարկին գրասենեակները տեղափոխուած են), ապա կ'աւարտէ Թարլապաշըի Մխիթարեան (Վենետիկեան) նախակրթարանը (այժմ կը գտնուի Պոլսոյ Պոմոնթի թաղը)։ Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը կը շարունակէ թրքական դպրոցներու մէջ։
Կ'աւարտէ Պոլսոյ Համալսարանին Ելեկտրական Ճարտարագիտութեան բաժինը։ Երկրորդական դպրոցի եւ համալսարանի ուսման զուգահեռ, քանոնի դասերու կը հետեւի ծանօթ թուրք վարպետ Սաատետին Էօքթէնայի Saadeddin Öktenay դասերուն։
1977-ին Փարիզ կը փոխադրուի, ուր կ'աւարտէ «École Pratique des Hautes Études» ուսումնարանը եւ կ'արժանանայ «Երաժշտագիտութեան դոկտոր»ի տիտղոսին։
Այնուհետեւ կը հետազօտէ, կ'ուսումնասիրէ, կ'ուսուցանէ, կը մեկնաբանէ եւ կը տարածէ հայ աւանդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, գործակից ունենալով՝ Վիրճինիա Փաթթի – Քերովբեանը։
Արամ Քերովբեան 1990-էն մինչեւ Նոյեմբեր 2019, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ երաժշտապետը եղած է, յաջորդելով Արամանեակ Արապեանին (1898-1990)։
1980-ին Ռուբէն Յարութիւնեանի, Վերժին (Վիրճինիա) Փաթթի- Քերովբեանին հետ կը հիմնեն «Կոչնակ» համոյթը։ Համոյթին պարբերաբար մաս կը կազմեն՝ քամանչահար Մահմուտ Թապրիզի-Զատէհը, տհոլ ու տապ նուագող Էտմոնտ Զարդարեան, տապահար Մաժիտ Խալաժը եւ քամանչահար Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեանը։ Հետագային համոյթը հանդէս կու գայ զուգերգ-զուգանուագով եւ կամ եռեակի կազմով՝ տապահար Վահան Քերովբեան եւ երբեմն Մարալ եւ Շուշան Քերովբեաններ։ «Կոչնակ»ը համերգներ կ'ունենայ Եւրոպայի տարածքին եւ Ա․Մ․Նահանգներուն մէջ։
1990-ին Արամ Քերովբեան խմբային փորձառական աշխատանքի մը կը ձեռնարկէ հայ հոգեւոր երգեցողութեան շուրջ, որուն իբրեւ արդիւնք 1998-ին կը հիմնէ ու մինչեւ այսօր կը ղեկավարէ Փարիզի Հայկական Ձայնային Ուսմանց կեդրոնը «ԱԿՆ» Center for Armenian Modal Chant Studies AKN եւ «Ակն» երգչախումբը։
«Ակն» կեդրոնը բազմաթիւ գիրքեր եւ ձայնապնակներ հրատարակած է, որոնք առնչուած են հայ եկեղեցւոյ շարականներու աւանդական ձայնեղանակներուն եւ գրութիւններուն հարուստ ժառանգութեան հետ։
Ձայնեղանակներու ընկալման նիւթով Արամ Քերովբեանի 1990-ին սկսած փորձառական աշխատանքները տարիներու ընթացքին իրեն առիթ կու տան իւրայատուկ ոճ մը կերտելու, որուն զարգացման մէջ դեր կ'ունենան երաժշտական տարբեր մակարդակի ճանաչողութիւն ունեցող մեծ թիւով մասնակիցներ եւ աշատկերտներ։ Յատկապէս 2010-էն սկսեալ Լեհաստանի մէջ Կռոթովսքի հիմնարկին կապուած Զար թատերախումբին հետ տարած աշխատանքը աւելի կ'ընդլայնէ ձեւին տարողութիւնը։
Ձեւը գրեթէ կը բացառէ տեսական գիտելիքներու փոխանցումը։ Ան կը միտի աշակերտը մղել՝ գործնական միջոցներով, այսինքն փորձարկութեամբ պատրաստուելու, որուն համար կը պահանջուի՝ ջղային պրկումներէ ձերբազատում, աշխատանքի ընթացքին մտային վերլուծումներէ կամ փնտռտուքներէ խուսափում, կեդրոնացում՝ առանց սխալելէ վախնալէ։ Ձեւը կը հիմնուի վարպետ-աշկերտ դրութեան վրայ, որուն կարեւորագոյն յատկանիշերն են կապկումը եւ երկար ժամանակ տրամադրելու հարկաւորութիւնը։
Ձեւին մէկ այլ իւրայատկութիւնն է՝ «երգ սորվելու» բացակայութիւնը։ Ընդհակառակը, կարեւոր կը նկատուի բնական ձայնամիջոցներու իւրացումը, անոնց հիման վրայ ստեղծուած բազմաթիւ ձայնամիջոցներու ներքին յարաբերութիւններուն տիրապետելը։
Այս բոլորը կը կիրարկուին, նկատի առնելով ա՛յն իրողութիւնը, որ բնական ձայնամիջոցներու հիման վրայ կերտուած ձայնային յարաբերութիւնները, ձայնային այդ հնաւանդ միջավայրը այլեւս մաս չեն կազմեր արդի կեանքի առօրեային։ Հետեւաբար, ըստ Արամ Քերովբեանին, հարկաւոր է աշխատանք տանիլ, որպէսզի այդ ձայնաշխարհը կարենայ իր տեղն ունենալ անհատի ինքնութեան մէջ, անկախ անոր մշակութային, ազգային, կամ ցեղային բաղադրիչներէն։
Այս իւրայատուկ աշխատանոցները տեղի կ'ունենան, մէկ կողմէ՝ «Ակն» ընկերակցութեան Փարիզի մէջ կայացող կանոնաւոր, շաբաթական հանդիպումներուն ընթացքին, եւ միւս կողմէ՝ այլ քաղաքներու մէջ ատեն ատեն հետաքրքրուած անձերու կամ կազմակերպութիւններու հրաւէրով։
Վիրճինիա Փաթթի ծնած է 14 Յունիս 1953-ին Ուաշինկթըն Ա․Մ․Ն․։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղական վարժարաններուն մէջ, ապա Քանսասի Համալսարանին մէջ երկու տարի երաժշտագիտութիւն եւ լեզուներ ուսանած է։ 1974-ին Փարիզ կը տեղափոխուի եւ երաժշտութիւն կ'ուսանի «Ecole Normale de Music» ուսումնարանին մէջ։ Կ' աշխատի Փարիզի Ազգային Երաժշտանոցը զանազան խումբերու հետ, ինչպէս օրինակ՝ «Ծաղկեալ Արուեստները» Les Arts florissants խումբին հետ։
Փարիզ, կը ծանօթանայ Արամ Քերովբեանին։ Այնուհետեւ կը գործակցին եւ միասին կը վարեն երգեցողութեան աշխատանոցներ եւ հանդէս կու գան իբրեւ համերգի եւ թատրոնի երաժիշտներ։
Արամ Քերովբեան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են երաժշտական, գրական, համալսարանական հանդէսներու մէջ, ինչպէս՝
Րուրի, Հայկական օրօրներ՝ քնանալու եւ քնացնելու համար։ Վիրճինիա Քերովբեան՝ երգ. Արամ Քերովբեան՝ քանոն. Մարալ Քերովբեան՝ նկարազարդում։ Հրատ.՝ Ակն ընկերակցութեան, 2016, Փարիզ։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Արամ Քերովբեան, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.