Անտոն Կազէլ

Անտոն Կազէլ, 1899 Էօտէմիշ, Օսմանեան Կայսրութիւն – 24 Դեկտեմբեր, 1952, Աթէնք, Յունաստան․ հայազգի հրապարակագիր, խմբագիր, բանաստեղծ, արձակագիր եւ քաղաքական գործիչ։ Եղած է «Նոր Օր» (Աթէնք) թերթի հիմնադիրներէն։ 

Անտոն Կազէլ
Անտոն Կազէլ
հրապարակագիր, խմբագիր, բանաստեղծ, արձակագիր եւ քաղաքական գործիչ
Ծնած է 1899
Ծննդավայր Էօտէմիշ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 24 Դեկտեմբեր, 1952
Ազգութիւն Հայ

Կենսագրական գիծեր

Առաջին տարիներ

Անտոն Կազէլ ծնած է 1899ին, Էօ­տէ­միշ։ ­Հայրն է սու­րիա­ցի կա­թո­լիկ՝ Իս­կէն­տէր ­Կա­զէ­լ եւ մայրը՝ էօ­տէ­միշ­ցի Վա­սի­լու­հի ­Պո­յա­ճեա­ն։

Կրթութիւն

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի հայկական նախակրթարանին մէջ։  Ուսումը կը շարունակէ Գոնիայի «Ճէնանեան» վարժարանը։  Բարձրագոյն ուսումը կ՛ առնէ Իզմիրի Բա­րա­տի­սո­յի Ամերիկեան Գոլէճին մէջ (1916)։

Կեանք ու գործունէութիւն

Իզմիր

Զինադադարի շրջանին, Իզմիրի մէջ, Անտոն Կազէլ «Հորիզոն» եւ «Գոյամարտ» թերթերու խմբագրութեան կազմերուն մաս կը կազմէ։  Իբրեւ օգնական խմբագիր, սերտօրէն կը գործակցի գրող եւ մտաւորական Սուրէն Պարթեւեանին հետ։  Կը գրէ բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնեն զանազան հայկական հանդէսներէ, ինչպէս օրինակ «Մեր կանչը» («Վերածնունդ» շաբաթաթերթ, Փարիզ, 5 Յունիս 1920) :  1919-20, Մ. ­Բար­թի­կեա­նի հետ կը հրա­տա­րա­կեն «Ատ­րու­շան» կի­սամ­սեայ գրա­կան թեր­թը : 

Փոքր Ասիոյ աղէտէն հազիւ փրկուած, Փարիզ կ՛ անցնի ու քանի մը ամիս ետք Աթէնք կը փոխադրուի։  Աթէնք նոր հասած են տասնեակ հազարներով հայ գաղթականներ։  Ան գործի կը լծուի։ 

Հրապարակագիրը

Գաբրիէլ Լազեանի, Արամ Շիրինեանի եւ Պօղոս Սվաճեանի հետ կը հիմնեն «Նոր Օր» շաբաթաթերթը։  Կը ստանցնէ թերթին խմբագրութիւնը․ առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 25 Մարտ, 1923-ին։  Յունուար 1924-ին «Նոր Օր»ը օրաթերթի կը վերածուի։  Բ․ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, թերթը կը վերահրատարակուի «Ա­զատ Օր» ա­նու­նով։

Կազէլ միաժամանակ կ՛ աշխատակցի «Հայրենիք» ամսագրին Պոսթըն․ ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր գրական եւ բանաստեղծական գործերը ։  1927 – 1931 կը խմբագրէ «Յունահայ Տարեգիրք»ը։  Անոր գրութեան ոճը պարզ ու սահուն է։  Ան ըսած է․-«Թեր­թը պէտք է ըլ­լայ հա­րա­զատ հա­յե­լին ա­ռօ­րեայ կեան­քին, ա­նոր ծուռ ու շի­տակ կող­մե­րով»։

Կազէլ թղթակից է նաեւ սփիւռքի ուրիշ հայկական թերթերու։ Բացի խմբագ­րա­կան­նե­րէն, Կազէլ իր յօ­դո­ւած­ները կը ստո­րագ­րէր բուն ա­նու­նով, ինչ­պէս նաեւ՝ Ա. ­Կա­րէն, Ա. Կ. ­Դա­րեհ ­Կա­խար­դեան, Ար­ծո­ւիկ, Ա­թե­նա­ցի եւ ուրիշ կեղ­ծա­նուն­նե­րով։

Անձնական կեանք

Կ՛ ամուսնանայ Իզմիր ճանչցած Քաթրինին հետ։

Գրական ասպարէզ

Անտոլ Կազէլի գրական գործերը

  • «­Սի­րոյ եւ վիշ­տի մե­ղե­դի­ներ» քեր­թո­ւած­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ,
  • «­Խա­չի ճամ­բան» ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­ր,
  • «Ու­րո­ւա­գիծ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան» ստո­ւար աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­ն,
  • «Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի հետ­քե­րուն վրայ» վէ­պ,
  • «Գ­րա­կան ­Տետ­րակ­ներ»,
  • «Այ­գես­տան» գրա­կան պար­բե­րա­թեր­թ,
  • «Առ­ձեռն ­Հան­րա­գի­տակ»նե­րու պրակ­նե­ր եւ ըն­դար­ձակ օ­րագ­րու­թիւն մը։

Անոնք հրապարակուած են մամուլի էջերէն եւ կամ անտիպ մնացած ձեռագիր վիճակի մէջ են։

Նմուշ մը Կազէլի բանաստեղծութիւններէն

Հօր մը նը­ման՝ որ ցա­ւով եւ անձ­կու­թեամբ կը խոր­հի

­Զա­ւակ­նե­րուն ա­նա­ռակ, յա­ճախ ես ալ, ա­կա­մայ

­Կը մը­տա­ծեմ կիր­քե­րուս, մո­լու­թիւն­նե­րուս վը­րայ,

Ո­րոնք կ­՚ա­ճին, կը մեծ­նան ա­մէն օր քիչ մ­՚ա­ւե­լի:

Ի՜նչ փոյթ՝ թէ չհա­մակ­րին ին­ծի՝ ա­նոնց պատ­ճա­ռաւ,

­Նող­կան­քով ինձ մօ­տե­նան բա­րե­կամ­ներ մեր­ձա­ւոր,

­Չի՛ կրնար հայր մը լը­քել զա­ւակ­ներն իր ախ­տա­ւոր,

­Հո­գիին մէջ որ­քա՜ն ալ ու­նե­նայ ա­նոնց դէմ ցաւ…

Խօսքեր իր ձգած անտիպ ձեռագիրներէն

«Լ­ռու­թեան մէջ ինք­նամ­փո­փո­ւե­լու սո­վո­րու­թիւնս, ին­ծի կը թո­ւի ա­ղի­տա­ւոր թե­րու­թիւն մը, ո­րուն իմս ըլ­լա­լը կ­՛ ըն­դու­նիմ: ­Շուր­ջին­ներս բնաւ չնշմա­րե­ցին այս շեշ­տո­ւած թե­րու­թիւնս, բայց խո­շո­րա­ցոյ­ցով դի­տե­ցին ան­մեղ քմայք­ներս»:

«­Հո­գե­կան աշ­խար­հին պա­կա­սը, մար­դուն մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւնն է: Ա­մէն ազ­նիւ զգա­ցում, ա­մէն բարձր մտա­ծում՝ սնուն­դը կը ստա­նայ հո­գիէն: Երբ չկայ հո­գին, ոչ մէկ բան կայ աշ­խար­հի մէջ: Ոչ իսկ ճշմար­տու­թիւն»

«Լ­ռու­թիւ­նը՝ հո­գիի զմա­յե­լի պահ մըն է: ­Բայց ոչ միշտ: Ին­չո՞ւ չեմ խօ­սիր կամ չեմ կրնար խօ­սիլ, երբ ստո­ւե­րին մէջ կամ գորշ վա­րա­գոյր­նե­րու ե­տին, ան­կա­րե­ւոր ըլ­լա­լու աս­տի­ճան պզտիկ ե­սեր կ­՚ու­զեն ինք­զինք­նին պար­տադ­րել: Ե­թէ պէտք է ըն­դու­նիմ՝ որ ըն­կե­րու­թիւ­նը փտած ու նե­խած է, ան­վա­րան պէտք է ըն­դու­նիմ նաեւ որ իմ մէջս ալ փտած ու նե­խած բան մը կայ ու ես ա­ւե­լի չեմ ար­ժեր՝ քան միւս­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց հտպի­տա­յին ծա­մած­ռու­թիւն­նե­րով կը պա­հեն օ­րո­ւան մար­դու համ­բա­ւը:

«­Միտ­քը թմրեց­նող եւ հո­գին տե­ւա­պէս հի­ւան­դա­գին վի­ճա­կի մէջ պա­հող ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն դէմ խի­զա­խե­լու բա­ւա­րար ու­ժի պա­կա­սը զիս կը նե­տէ տրտմու­թեան գիր­կը: ­Կը նա­խընտ­րեմ լռու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ կը գտնեմ մե­ծա­գոյն մխի­թա­րան­քը: ­Սոս­կա­լի է, երբ մարդ կը տես­նէ ցա­ւը եւ չի կրնար զայն կան­խել կամ մեղ­մաց­նել»:

Քաղաքական – հասարակական գործիչը

Երիտասարդ, կ՛ անդամագրուի Հ․Յ․Դաշնակցութեան եւ Իզմիրի ու Աթէնքի մէջ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ։  Աթէնքի Հայ Կարմիր Խաչի (հետագային Հայ Կապոյտ Խաչ) հիմնադիրներէն կ՛ ըլլայ։

Մահը

24 Դեկտեմբեր 1952-ին, վաղահաս՝ կը մահանայ սրտի խցումի հետեւանքով։

Մահէն ետք

Կազէլի մահէն ետք, «Ազատ Օր»ի խմբագիր Վազգէն Եսայեան եւ յօդուածագիր Ահարոն Ստեփանեան 1953-ին կը հրատարակեն անոր «­Սի­րոյ եւ վշտի մե­ղե­դի­ներ» գիր­քը․ նախաբանը կը ստորագրէ Ահարոն Ստեփանեան։

­Սի­րոյ եւ վշտի մե­ղե­դի­ներՆախաբանը

«Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով գրո­ւած այս քա­նի մը է­ջե­րը՝ ո՛չ նպա­տակ ու­նին եւ ո՛ չ կր­նան տալ ամ­բող­ջա­կան դի­մա­գի­ծը Ան­տոն ­Կա­զէ­լի, որ, ան­վա­րա­նօ­րէն կա­րե­լի է ը­սել, ու­նե­ցաւ իր ար­ժա­նի տե­ղը՝ ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րե­սուն տա­րո­ւայ պատ­մու­թեան մէջ, իբր վարժ խմբա­գիր, նրբազգած բա­նաս­տեղծ, հա­ւա­տա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար եւ հան­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ան­խոնջ գոր­ծիչ:

Ա­ղօտ դի­մաս­տո­ւե­րում մը միայն՝ մէ­կու մը կող­մէ՝ որ զին­քը ճանչ­ցաւ փոքր հա­սա­կէն եւ ա­նոր հետ գոր­ծակ­ցե­ցաւ ե­րե­սուն տա­րի, շունչ-շուն­չի, հայ մա­մու­լի տա­տաս­կոտ աս­պա­րէ­զին մէջ:

Ու­րիշ ո­չինչ:

Մ­նա­ցեա­լը գործն է ա­նոնց՝ ո­րոնք պի­տի փոր­ձեն հե­տա­գա­յին գրել սփիւռ­քա­հայ կեան­քի եւ հայ մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը:»

Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեան, Ա­թէնք, 1953

Տե՛ս նաեւ

Վազգէն Եսայեան

Ահարոն Ստեփանեան

Արսէն Պալեան

Օննիկ Զաքարեան

Սօս Վանի

Կարօ Գէորգեան

Աղբիւրներ

«Ազատ Օր» օրաթերթ - Անտոն Կազէլի յիշատակին․ «Խմբագիրն ու իր արուեստը», Սօս Վանի, Կիրակի 8 Փետրուար, 1953, էջ 2

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Ատրուշան ամսագիր, Իզմիր․ 15 Մայիս 1919, էջ 7, Անտոն Կազէլ՝ Յ․ Ալփիար
  2. Յունահայ Տարեգիրք

Tags:

Անտոն Կազէլ Կենսագրական գիծերԱնտոն Կազէլ Գրական ասպարէզԱնտոն Կազէլ Քաղաքական – հասարակական գործիչըԱնտոն Կազէլ ՄահըԱնտոն Կազէլ Մահէն ետքԱնտոն Կազէլ Տե՛ս նաեւԱնտոն Կազէլ ԱղբիւրներԱնտոն Կազէլ ԾանօթագրութիւններԱնտոն Կազէլ Արտաքին յղումներԱնտոն Կազէլ1899 թուական1952 թուական24 ԴեկտեմբերԱզատ ՕրԱթէնքՅունաստանՕսմանեան Կայսրութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Չարլզ ՊիքֆորտՀայաստանՍահմանադրական ՎարժարանՍանահինի ՎանքՔաղցկեղԾաղկաձորՅակոբ ՄնձուրիՄանկական ԱնդամալուծութիւնՊարկապզուկՂասախիստանՍ. ՄիւռոնԿարօ ՄեհեանԵղունգՀայերը Պաքուի մէջՀայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի ՆախարարութիւնԲարսեղ ԿանաչեանԳարեգին ՆժդեհՄիքի ՄաուսԱւստրալիա10 ՕգոստոսՄեռեալ ԾովԱւստրիաՀրայր ԴժոխքՆիկողոս ԶօրայեանԹովմաս ԱճէմեանԲիւզանդ Թոփալեան10 ՓետրուարԴեղնախտԱրամ ԿէօքճեանՀամաստեղԱտանա2001Ամուր-ԱւանՈւզպեքիստանԶուիցերիաԵւկենիա ՄետվետեւաԱնժելա ՍարաֆեանՈղիմպիական ԽաղերԼեւոն (անձնանուն)Գրիգոր ՆարեկացիՊուլկարիաԱրուսեակ (մոլորակ)ԱրաբերէնՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԱրթուր ԱբրահամՀայկական ԴրամԾխախոտԼոռի (մարզ)Ժանն տ'ԱրքԼինուքսԾաղիկ (թերթ)Վահան ԹոթովենցՎահէ (անձնանուն)ԼիլիթԿարէն ՏէմիրճեանՃափոնՀայաստանի Առաջին ՀանրապետութիւնՓայլակ ԱհարոնեանՎազգէն Ա.Հին ԵրեւանԽամսայի ՄելիքութիւններըՀայկական ՄուֆլոնՄիխայիլ ՍահակաշվիլիՀայկական ԼեռնաշխարհՇուշիի Հռիփսիմեան Օրիորդաց Միջնակարգ ԴպրոցՓղոսկրԻրաքԱսիաՄերսին🡆 More