Ստամոքսի Խոց

Ստամոքսի խոց (ulcer) ըսելով կը հասկնանք ստամոքսի կամ տասներմատնեայ աղիքի (duodenum) մակերեսի քերթուածութիւնը, որ կը յառաջանայ ընդհանրապէս Helicobacter Pylori (HP) մանրէի ախտահարումով: Կրնան գոյանալ մէկ կամ մէկէ աւելի խոցեր, որոնք սկզբնաւորութեան կը յայտնուին որպէս մակերեսային վէրքեր, իսկ չդարմանուած խոցերը կրնան խորանալ եւ ընդգրկել ստամոքսի մկանային եւ ենթամկանային խաւերը: Այս խոցերը կրնան յառաջանալ նաեւ որոշ դեղերու գործածութեամբ, օրինակ՝ «ասփրօ», «ասփիրին» եւ կարգ մը ցաւաբեկ դեղեր: Ծխախոտը նկատուած է վտանգաւոր ազդակ (risk factor) խոցերու յառաջացման մէջ, իսկ խոցերու յայտնաբերումէն ետք ծխախոտը պատճառ կը դառնայ անոնց ուշ սպիացումին եւ նոր խոցերու յայտնաբերումին: Ալքոլը եւ հոգեկան ծանր ճնշուածութիւնը (stress) դարձեալ վտանգաւոր ազդակներ են: Գէր անհատներ եւ անոնք, որոնք վիրաբուժական մեծ գործողութիւններու ենթարկուած են, ոսկրային մեծ կոտրուածքներ եւ արեան ճնշումի նուազում ունենացած են առաւել հակամէտ կ'ըլլան ունենալու ստամոքսի խոց: Ծինաբաններ (geneticists) հաստատած են, որ գոյութիւն ունի նաեւ ծինաբանական հակամէտութիւնը:

Ստամոքսի Խոց
Ստամոքսի խոցը նկարահանուած.

Յաւելեալ

Խոցերը կրնան ըլլալ պզտիկ կամ մեծ, այսինքն քանի մը մմ.-քանի մը սմ.: Անոնք կը պատահին որեւէ մէկ տարիքի, բայց առաւելաբար՝ միջին տարիքի անձերու:

Յառաջացած-զարգացած երկիրներու բնակչութեանց 30-40 տոկոսը կը տառապի այս հիւանդութենէն, իսկ զարգացող երկիրներու մէջ՝ 70 տոկոսը:

Ստամոքսի խոցի ախտանշաններու զօրութիւնը կախեալ է խոցի չափէն, վայրէն, խորութենէն եւ հիւանդին տարիքէն: Տարեցներ մեղմ ախտանշաններ կ'ունենան: Պարզ եւ մակերեսային խոցերը կը յայտնաբերուին հետեւեալ ախտանշաններով.

  • Փորի այրուածքային եւ կրծող ցաւ, որ կեդրոնացած կ'ըլլայ վերորովայնի շրջանը (epigastrium): Անիկա կ'ունենայ մնայուն կամ կրկնովի ընթացք: Տասներկումատնեայ աղիքի խոցերու պարագային ցաւը կը մեղմանայ կամ կ'անհետանայ կերակուր ուտելէ ետք, իսկ ստամոքսի խոցերու պարագային՝ անոնց ցաւը փոփոխութիւն չի կրեր կերակուր ուտելէ ետք:
  • Անօթութեան զգացում.
  • Նողկանք, փսխունք եւ փքուածութիւն (bloating):

Տասներկումատնեայ աղիքի խոցի ցաւը կը սկսի կէսօրուան ժամերուն եւ կ'անհետանայ ուտելէ ետք: Անիկա կը կրկնուի 2-3 ժամ ետք: Յաճախ հիւանդը քնացած միջոցին խոցի ցաւէն կ'արթննայ: Իսկ ստամոքսի խոցի ցաւը կը պատահի կերակուր ուտելէ անմիջապէս ետք:

Ստամոքսի բոլոր տեսակի խոցերու ախտաճանաչումը կը կատարուի ստամոքսադիտումով (gastroscopy) եւ HP մանրէի փաստարկումով ստամոքսին մէջ:

Պարզ մակերեսային խոցի դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով.

  • Յատուկ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ.
  • Հակաթթու դեղերու գործածութեամբ՝ նուազեցնելու համար ստամոքսի թթուն.
  • Ծխախոտ եւ ոգելից խմիչքներ չգործածելով:
Ստամոքսի Խոց 
Ստամոքսի անտրալ հատուածի խոց։

Պարզ եւ մակերեսային խոցերուն 95 տոկոսը կը դարմանուի վերջնականապէս վերոյիշեալ դարմանամիջոցներով:

Յառաջացած եւ մեծ խոցերը՝ հասնելէ ետք ստամոքսի մկանային եւ ենթամկանային խաւերուն, կրնան պատճառ դառնալ հետեւեալ բարդութիւններուն.

  • Ստամոքսի ծակումին եւ արիւնահոսութեան: Հիւանդը կ'ունենայ կարմիր արիւնախառն փսխունք (hematemesis) եւ երբեմն՝ սրճագոյն-սեւ արիւնախառն կղկղանք (tarry stool): Արիւնահոսութեան հետեւանքով ան կ'ունենայ նաեւ սակաւարիւնութիւն, (anemia), մարմնական ընդհանուր տկարութիւն, գլխապտոյտ, յոգնածութիւն, նուաղում, առատ քրտինք, արեան ճնշումի նուազում:

Այս տեսակի խոցերու դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական վիրահատումով եւ վերը յիշուած միջոցառումներով:

  • Ստամոքսի ծակումով եւ արիւնահոսութեամբ կրնայ յառաջանալ խոցի շրջապատին մէջ տեղայնական եւ կամ որովայնամիզային (peritoneum) արիւնակոյտ (hematoma), ինչպէս նաեւ որովայնամէզի բորբոքում (peritonitis), որոնց ախտաճանաչումը կը կատարուի համակարգչային շերտագրական (CT Scan) եւ մակնիսարձագանգային նկարահանումներով (MRI): Որովայնամէզի բորբոքումով եւ արիւնակոյտով կը յառաջանան հետեւեալ ախտանշանները՝ որովայնային սուր ցաւ, բարձր ջերմ, արեան ճնշումի նուազում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock): Այս պարագային կը կատարուի շտապ վիրաբուժական գործողութիւն, առաւել՝ վերը յիշուած բոլոր դարմանամիջոցները:
  • Ստամոքսի ելքի սպիացում (scarring) եւ մասնակի կամ ամբողջական խցում, որ կը յայտնուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ ուտելէ ետք անմիջական մեծածաւալ փսխունք, փքուածութիւն, նողկանք, ախորժակի նուազում, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն, ջրանուազում եւ կշիռքի կորուստ: Ամբողջական խցումի պարագային կը կատարուի վիրաբուժական գործողութիւն՝ բանալու համար ստամոքսի ելքը: Իսկ մասնակի խցումի պարագային կը կատարուի ստամոքսի պարունակութեան պարպումը քթաստամոքսային խողովակով մը (nasogastric tube) եւ մասնակի խցումին դարմանումը՝ լայնացուցիչ խողովակներով (dilating boogies) կամ փուչիկներով:
  • Ստամոքսի խլիրդի զարգացում:

HP-ով վարակուած անձը աւելի հակամէտ է ունենալու ստամոքսի խլիրդ, քան առողջ անձ մը:

Հոս տեղին է յիշել, որ կաթը ոչ մէկ օգտակարութիւն ունի խոցի դարմանումին մէջ:

Տե'ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 18 Սեպտեմբեր 2009:

Tags:

Ստամոքսի Խոց ՅաւելեալՍտամոքսի Խոց Տես ՆաեւՍտամոքսի Խոց ԾանօթագրութիւններՍտամոքսի Խոց ԱղբիւրներՍտամոքսի ԽոցԾխախոտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Թալինի Կաթողիկէ ԵկեղեցիՍեն ՓեթերսպուրկՍանահինի ՎանքՏիթրոյթ1600 թուականԱկսել ԲակունցՅովհաննէս ՔաջազնունիՀայկական Յաւերժութեան ՆշանԿապրիէլ Կարսիա ՄարքեզԿոստան ԶարեանՄիհրՄիլիոնատէրը ԵտնախորշէնԷսայեան Վարժարան1767 թուականԱշոտ Գ. ՈղորմածՀանրային պարտէզԿիրեսուն10 ՕգոստոսՈւղեղՍկովտիական ՈւիսքիԱղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիԱրաբական թերակղզիԼուի ՊուսենարՆիտըրլենտՀանրագիտարանՈւզպեքիստանՄեքքաՀայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)ՏարածութիւնԱրամ Խաչատուրեանի Տուն-ԹանգարանԲիւզանդիոն (թերթ)Ղասախիստան15 ԱպրիլԱրմենակ ԽանփերեանցԱղթամար կղզի«Աշոտ Երկաթ» ՊատմավէպՍալբի ԳասպարեանԳուրգէն ՄահարիՄուշեղ Եպս. ՍերոբեանՆեմեսիսի ԳործողութիւնԱրաբերէնՆիկոլ ԱղբալեանՀրատ մոլորակ (Մարս)Սամուէլ (անձնանուն)Մխիթար ՀերացիՄեծ ՀայքՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալԻնքնաթիռԹաւրիզԹթուածինՄիլանՎահրամ ԱլազանԽոսրովի ԱնտառԴերասանԱնգլիոյ «Չաքլըթ Պոքս» պանդոկըՄայքըլ ԱրլէնՓարիզի Խաղաղութեան ՎեհաժողովՄինաս Թիւլպէնտճեան1813 թուականԹովմա ԱրծրունիՀրաչ ՓափազեանԱրածանիի ՃակատամարտԿիկերոնԳարեգին ՆժդեհՆիկողոս ԶօրայեանՎարդան ՄատթէոսեանՄիխայիլ ՍահակաշվիլիԱմուր-ԱւանՁիւնԵլեկտրականութիւնԴանիաԼիբանանԱրմենական ԿուսակցութիւնԼոլիկԷտիթ ՓիաֆՕքլըտնի Համալսարան🡆 More