Մեռեալ Ծով

Մեռեալ կամ Աղի ծով (եբր.՝ ים המלח‎ Եա՛մ հա-մէ՛լախ - «Աղի ծով»; արաբերէն՝ البَحْر المَيّت‎ «Ալ-Պահր Ալ-Մայէթ» — «Մեռեալ ծով»), աղի լիճ Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ։ Լիճին աստուածաշնչեան անունն է Աղի ծով: Ծանօթ է նաեւ Արաւայի ծով (ים הערבה, Եա՛մ հա-Արաւա՛) եւ Արեւելեան ծով (ים המזרחי, Եա՛մ հա-միզրախի՛) անուններով: Մեռեալ ծովուն բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն 423մ.

ցած է, եւ իւրաքանչիւր տարի մէկ մեթր ալ կը նուազի։ Լիճին մակարդակին նուազումը կանխելու նպատակով, Իսրայէլ կը նախատեսէ Կարմիր ծովէն ջրհաններու միջոցով ջուր հասցնել Մեռեալ ծով: Մեռեալ ծովը Երկիր մոլորակին ամենացած կէտն է։ Մեռեալ Ծովը նաեւ աշխարհի ամենաաղի լիճն է, աղին քանակը կը հասնի մինչեւ 342կ./քկ., կամ 34,2 % (2011)։ Անիկա 9.6 անգամ աւելի աղի է քան ովկիանոսը եւ ունի 1.24քկ./լիթր խտութիւն, որու շնորհիւ կարելի է լողալ առանց սուզուելու։ Լիճին շրջակայքին ցեխը բուժիչ յատկութիւններ ունի եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն է:

Մեռեալ Ծով
Լիճին արբանեակային լուսանկարը տարբեր տարիներու ընթացքին

Մեռեալ ծովը աշխարհի վրայ հազուադէպ բնական երեւոյթ մը կը համարուի, որովհետեւ անիկա փակ լիճ մըն է, որ ոչ մէկ ձեւով իրեն դրացի ծովերուն (Միջերկրական եւ Կարմիր ծովեր) հետ կը կապուի: Անիկա կը համարուի նաեւ նախամարդուն ծննդավայրը, ինչպէս նաեւ երկնային կրօններուն բնօրրանը, հին քաղաքակրթութիւններու զարգացման կեդրոնը եւ դարաշրջաններու ընթացքին առեւտուրի եւ ռազմական նուաճումներու անցման ուղին:

Պատկերասրահ


Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Մեռեալ Ծովը

Tags:

ԱրաբերէնԵբրայերէնԵրկիրԻսրայէլՅորդանան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՍոկրատՏելհիԿատովիցեԱստղագիտութիւնԹատրերգութիւնԿոբաղդՂազար ՓարպեցիՔորպին ՊլուԱրտեմիս (աստուածուհի)Մեծն ԱղեքսանտրՂափամայՄիջագետք ՀայոցՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)ՀամակարգիչՅակոբ ՕշականՍթոքհոլմԱրաբական ԾովԹոքատապԳնդաթիԼաստիվերԱտելԱլիշա ՔիզՓարիզՔրիստոնէութիւնԳեղարդ Սուրիահայ ՏարեգիրքՆերսէս ՎարժապետեանԽաւիէր ՓասթորէԱրաբական ԳարունԿցական բարդութիւնՄարտակոչՊիպլոս-ԺըպէյլԼուսնթագԹուրքիա1741 թուականԱնահիտ Գասպարեան400 (թիւ)ՀիպոկրատԱլեքսանդր Սպեդիարեանի Անուան Օփերայի Եւ Պալէթի Ազգային Ակադեմական ԹատրոնԳոյականի առումներԱրման ՄանուկեանԱնանիա ՇիրակացիՍեռ (կենսաբանութիւն)Ֆրանսական ՖլանտրիաԳրիգոր Մագիստրոս ՊահլաւունիՄինոասեան քաղաքակրթութիւնԱրցախի ՀանրապետութիւնԲենջամն ՖրանկլինԹոքախտԱլիւրՏղմուտ (գետ)Սեւ ՄահԱծանցաւոր բառերՀին ԿորնթոսՎենետիկՄըքՏոնըլտզԽաշԱտանայի ԿոտորածՄեսրոպ ՄաշտոցՆէյմարՆինթենտօՖրանսերէնը Քանատայի ՄէջՄաֆինԴեղին (գոյն)Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցի1735 թուականՄարի (քաղաք-պետութիւն)Մարտիրոս ՍարեանԵւրոպական ՄիութիւնՓոքրիկ իշխանըՈւղղաձեւ քսանանիստՀայկական Տոմար🡆 More