Ճոն Ֆորպես Նաշ Ճիւնիոր, (անգլերէն՝ John Forbes Nash Jr., 13 Յունիս 1928(1928-06-13), Բլյուֆիլդ, Մերսեր շրջան, Արևմտյան Վիրջինիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 23 Մայիս 2015(2015-05-23), Մոնրօ, Նիւ Ճըրսի, Միտլեքս, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ): Ամերիկացի թուաբանագէտ մը, որ կատարած է հիմնական ու կարեւոր աշխատանքներ եւ միջոցառումներ Game, differential geometry եւ partial differential equations տեսութիւններով: Ճոն Նաշին գործերը եւ տեսութիւնները հմտութիւն մը կը հայթայթեն մարդ արարածին ամէնօրեայ կեանքի ընտրութիւններուն եւ որոշումներուն մէջ: Անոնք մեծապէս կը գործածուին տնտեսութեան մէջ։
Փրինսթոնի համալսարանին մէջ իբրեւ թուաբանագիտութիւն ուսումնասիրող, ինչպէս նաեւ իր կատարած տարբեր թուաբանագիտական տեսութիւններուն համար, իր կեանքին վերջին շրջանին, Նաշ Նոպէլեան Մրցանակին կ'արժանանայ 1994-ին, ինչպէս նաեւ՝ Ապել Մրցանակին, 2015-ին: Ան միակ անձն է, որ այս երկու մրցանակներուն տիրացած է:
Նաշ կը ծանօթանայ քոլումպիացի ուսանողուհիի մը՝ Ալիսիա Լարտին, 1957-ին անոնք կ'ամուսնանան։ Յուլիս 1958-ին ամերիկեան Fortune ամսագիրը Ճոն Նաշը կ'անուանէ Ամերիակայի աստղ «նոր ուսողութեան» ոլորտին մէջ։ Շուտով ան հայր կը դառնայ: 1959-ին, Ճոն մտային հիւանդութիւններու ախտանշաններ կը սկսի ցուցաբերել (զքիցոֆրենիա): Նաշ 30 տարեկան էր, իսկ կինը՝ 26։ Ալիսիան կը ջանար էր պահել ամուսինին հիւանդութիւնը, որպէսզի փրկէ անոր ասպարէզը։ Սակայն վիճակին վատթարացման պատճառով Նաշը 1959-ին կը զրկուի աշխատանքէն եւ քանի մը տարի կը մնայ հոգեբուժական կեդրոնի մէջ, որպէսզի համապատասխան բուժում ստանայ:
1970-էն ետք, Ճոն Նաշին վիճակը կը սկսի բարեփոխուիլ եւ անոր կ'արտօնուի վերադառնալ իր ակադեմական աշխատանքին, 1980-ական թուականներու կիսուն: Նաշին պայքարը իր հիւանդութեան հետ կը դառնայ հիմնական նիւթը Սիլվիա Նասարին կենսագրութեան, ինչպէս նաեւ «A beautiful mind» ֆիլմին, որուն գլխաւոր դերասանն է Ռուսէլ Քրաուը, որ կը կատարէ Ճոն Նաշին դերը:
Ճոն եւ կինը՝ Ալիսիա Նաշ կը մահանան ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, 23 Մայիս, 2015-ին, Նիւ Ճըրսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ճոն Նաշ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.