Կարմրախտ

Կարմրախտը կամ շառագոյն տենդը մանկական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ ոեւէ անձի եւ որեւէ մէկ տարիքի: Անիկա կը յատկանշուի կոկորդի բորբոքումով եւ մորթային ցանով (rash): Կարմրախտի յարուցիչը մանրէ մըն է, որ կը կոչուի group A beta hemolytic streptococcus (GABS):

Կարմրախտ

Ախտանշաններ

Կարմրախտ 
Կարմրախտին բնորոշ բծաւոր (մակուլոպապուլոզ) ցան

Կարմրախտին բնորոշ բծավոր (մակուլոպապուլոզ) ցան

Կարմրախտի ախտանշաններն են՝ ջերմութիւն, կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, կոկորդի եւ նշիկներու կարմրագոյն կէտաւորում ու վիզի աւշագեղձերու ծաւալում: Անոր նախանշաններն են՝ մարմնական ընդհանուր ցաւ, գլխացաւ, ստամոքսի ցաւ, նողկանք եւ փսխունք:

Կարմրախի ամէնէն յատկանշական ախտանշանն է մորթի կարծր կարմիր եւ տարածուն բշտիկաւոր ցանը, որ կը նմանի աւազաթուղթի (sand paper): Մորթի ցանը կը յայտնուի ջերմէն 24 ժամեր ետք: Ցանը կը յայտնուի նախ փորի եւ կուրծքի վրայ եւ ետքը՝ ամբողջ մարմնին վրայ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի մարմնի ծալքերու մէջ, մասնաւորապէս՝ աճուկի (groin), անութի (armpit) եւ արմուկի (elbow creases): Մորթացանին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ քերուըտուք: Ցանը կ'անհետանայ 7-10 օրերու ընթացքին եւ վերջաւորութեան մորթը կը կեղուըւի (peel) առանց որեւէ մէկ հետք ձգելու:

Կարմրախտի ելակալեզու

Այս հանգրուանէն ետք լեզուին վրայ կը տեսնուին կարմիր կէտեր, որոնք կը գրաւեն ամբողջ լեզուի մակերեսը: Լեզուն կ'ունենայ ելակի երեւոյթ եւ անոր համար կը կոչուի ելակալեզու (strawberry tongue): Այս կարմրագոյն կէտերը քանի մը օր ետք կ'անհետանան:

Յաւելեալ

Կարմրախտ 
Կատարակտա՝ բնածին կարմրախտային համախտանիշի ժամանակ

Կարմրախտը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչ մանրէները կը փոխանցուին հիւանդին քթահոսքին եւ կոկորդի հեղուկի միջոցով, մասնաւորաբար՝ հազալով, խնչելով, թքելով եւ փռնգտալով: Փոխանցումը առաւելաբար տեղի կ'ունենայ՝ մորթի ցանի եւ ջերմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ջերմի անհետանացումին յաջորդող 12-24 ժամերու ընթացքին:

Կարմրախտի բորբոքումը կրնայ տարածուիլ կոկորդի յարակից բաժինները, մասնաւորապէս՝ միջին ականջը, դէմքի խոռոչները (sinuses) եւ թոքերը՝ յառաջացնելով միջին ականջի բորբոքում (otitis media), դէմքի խոռոչներու բորբոքում (sinusitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Չդարմանուած կարմրախտի պարագային կրնայ տեղի ունենալ յօդացաւային ջերմութիւն (rheumatic fever) եւ երիկամներու բորբոքում:

Անոր թխսաւորման ժամանակաշրջանը 12 ժամէն մինչեւ 7 օր է:

Ախտաճանաչում

Կարմրախտ 
Ռուպելա ժահրը ելեկտրոնային մանրադիտակով

Կարմրախտի ախտաճանաչումը բացայայտ է կոկորդի եւ մորթի ախտաբանական երեւոյթով: Սակայն կատարուելու է կոկորդի խլնաթաղանթի կոկորդաջնջան (throat swab) եւ կոկորդէն վերցուած խլնահեղուկի մշակում (culture):

Կարմրախտը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով 7-10 օրերու ընթացքին: Հիւանդին տրուելու է առատ հեղուկ եւ սննդառական հեղուկային կերակուրներ: Հիւանդին եղունգները պէտք է կարճ պահել, որպէսզի քերուըտուքի պատճառով ան չքերէ իր ախտահարուած մորթը եւ մորթային երկրորդական բորբոքում տեղի չունենայ:

Կանխարգիլում

Կարմրախտէ վարակուող հիւանդին շուրջը գտնուողները առնելու են հետեւեալ կանխազգուշական միջոցները

  1. Պէտք չէ գործածեն հիւանդին գործածած իրեղէնները, յատկապէս՝ դգալ, պատառաքաղ, պնակ, անձեռոց, անկողին եւ բարձ:
  2. Ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լաւ լուալու են, ամէն անգամ որ մօտենան հիւանդին:
  3. Հիւանդին շատ չմօտենան եւ յաճախ չայցելեն անոր:

Կարմրախտը պատուաստ չունի:

Աղբիւրներ

Tags:

Կարմրախտ ԱխտանշաններԿարմրախտ ի ելակալեզուԿարմրախտ ՅաւելեալԿարմրախտ ԱխտաճանաչումԿարմրախտ ԿանխարգիլումԿարմրախտ ԱղբիւրներԿարմրախտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Երեւումն Ս. ԽաչիՅովհաննէս-ՍմբատՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԳերմաներէնՔունԳրիգոր Շղթայակիր ՊատրիարքԱւստրալիաՊաղեստինApple WatchՆիկոլ ԱղբալեանԵւրոպական ԽորհուրդԻնտոնեզիաԱշոտ Ա. ԲագրատունիԼաստիվեր25 ՍեպտեմբերԱրարատ (Լեռ)ԱքիհիթօՔարլես ՓուճտեմոնՈւրբաթագիրքՀամաշխարհային ժառանգութիւնՀին ՅունարէնՄակդիրԵրկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ1998 թուականՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՊոթսուանա26 ՅուլիսԹոքախտՋերմուկ (Արեւմտեան Հայաստանի գիւղաքաղաք)Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)Վահան ԶանոյեանՆոամ ՉոմսքիՎեհանոյշ ԹեքեանՔոքա-Քոլա1965 թուականՀայկական ԼեռնաշխարհՀայկական գորգԱրեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի ԿառավարութիւնՊէյրութի Ամերիկեան ՀամալսարանՀայկական Հարց12 ՅունիսՎանԼեարդԷյմի ՈւայնհաուսՍեպտեմբերԼեհաստանի ՀայերըՄանուէլ ՄենենկիչեանՍուլթան Համիտի ՄահափորձՖրանսա1995 թուականԹոքատապՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալԵէնիճէՆահապետ ՌուսինեանԱմերիկայի Միացեալ ՆահանգներՍեւրի ԴաշնագիրՌիատՄանկական Անդամալուծութիւն1989 թուականՆուպար ԹէրզեանՀայոց ՑեղասպանութիւնԳէորգ Յակոբճեան12 ՍեպտեմբերՄԱԿՄոզիլլա ՖայրֆոքսՎազգէն Ա.Վարդանանց ՊատերազմՀայկական Յաւերժութեան ՆշանՇուշիի Ազատագրումը (1992)3 ՄայիսՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Գրիգորիս ԱղուանեանՊասուց ՏոլմաՄումպայԴողտենդ🡆 More