Կայուն Զարգացման Նպատակներ

Կայուն զարգացման նպատակները (ԿԶՆ-եր) կազմուած են ապագային վերաբերող թիրախներէն միջազգային զարգացում: Անոնք ստեղծուածեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ եւ առաջ կը մղեն իբրեւ Գլոբալ նպատակներ կայուն զարգացման համար։ Անոնք փոխարինել են Հազարամեակի զարգացման նպատակներուն, որոնց ժամկէտը կը լրանայ 2015-ի վերջը։ ԿԶՆ-երը (SGDs) իրականացուելու են 2015-էն մինչեւ 2030-ը։ Կայ 17 նպատակ եւ 169 իւրայատուկ թիրախ այդ նպատակներուն համար:

Կայուն զարգացման նպատակներ (ԿԶՆ), «Կայուն զարգացման 2030 օրակարգին մէջ» ներառուած 17 նպատակ, որոնք ընդունուեցան աշխարհի երկիրներու առաջնորդներու կողմէ Սեպտեմբեր 2015-ին կայացած ՄԱԿ-ի պատմական գագաթնաժողովի ժամանակ եւ պաշտօնապէս ուժի մէջ մտան 1 Յունուար 2016-էն: Առաջիկայ 15 տարիներու ընթացքին՝ առաջնորդուելով բոլորին վերաբերող այս նոր նպատակներով, երկրները կը համախմբեն իրենց ջանքերը՝ վերացնելու աղքատութիւնը իր բոլոր ձեւերով, պայքարելու անհաւասարութիւններու դէմ եւ լուծելու կլիմայի փոփոխութեան հետ կապուած խնդիրները՝ միաժամանակ հետեւելով, որ ոչ ոք անտեսուի:

Նպատակներ

Օգոստոս 2015-ին 193 երկիր համաձայնութեան եկան հետեւեալ 17 նպատակներու շուրջ՝

Նպատակ 1

Ոչ աղքատութեան - Ամէնուրէք վերացնել աղքատութիւնը՝ իր բոլոր դրսեւորումներով ու ձեւերով,

Նպատակ 2

Ոչ սովին - Վերացնել սովը, հասնիլ պարենային ապահովութեան եւ բարելաւուած սնուցման, խթանել գիւղատնտեսութեան կայուն զարգացումը,

Նպատակ 3

Առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն - Ապահովել առողջ կեանք եւ խթանել բարեկեցութիւն բոլորի համար՝ անկախ տարիքէ,

Նպատակ 4

Որակեալ կրթութիւն - Ապահովել ներառական ու համապատասխան որակեալ կրթութիւն բոլորի համար եւ խթանել ողջ կեանքի ընթացքին ուսման հնարաւորութիւններ,

Նպատակ 5

Սեռային հաւասարութիւն- Հասնել սեռային հաւասարութեան եւ զօրացնել բոլոր կանանց եւ աղջիկներուն,

Նպատակ 6

Մաքուր ջուր եւ առողջապահական պայմաններ - Ապահովել հասանելիութիւն եւ կայուն ձեւով կառավարել ջուրն ու առողջապահական պայմանները բոլորի համար,

Նպատակ 7

Մատչելի եւ մաքուր ներուժ- Ապահովել բոլորի համար մատչելի, յուսալի, կայուն եւ ժամանակակից ներուժի հասանելիութիւն,

Նպատակ 8

Արժանապատիւ աշխատանք եւ տնտեսական աճ - Խթանել կայացած, ներառական եւ կայուն տնտեսական աճ, լիարժէք եւ արտադրողական զբաղուածութիւն եւ արժանապատիւ աշխատանք բոլորի համար,

Նպատակ 9

Արդիւնաբերութիւն, նորարութիւն եւ ենթակառուցուածք - Ստեղծել դիմակայուն ենթակառուցուածքներ, աջակցիլ ներառական եւ կայուն արդիւնաբերութեան զարգացման եւ խթանել նորարարութիւնը,

Նպատակ 10

Կրճատուած անհաւասարութիւն - Կրճատել անհաւասարութիւնը երկիրներուն եւ անոնց միջեւ,

Նպատակ 11

Կայուն քաղաքներ եւ համայնքներ - Քաղաքները եւ մարդկային բնակավայրերը դարձնել ներառական, դիմակայուն, անվտանգ եւ կայուն,

Նպատակ 12

Պատասխանատու սպառում եւ արտադրութիւն - Ապահովել սպառման եւ արտադրութեան կայուն մոդելներ,

Նպատակ 13

Գործողութիւն՝ ի նպաստ կլիմայի - Ձեռնարկել անյապաղ գործողութիւններ՝ պայքարելու կլիմայի փոփոխութեան եւ անոր ազդեցութիւններու դէմ,

Նպատակ 14

Կեանքը ջուրի տակ - Ապահովել ովկիանոսներու, ծովերու եւ ջրային պաշարներու պահպանութիւնը եւ կայուն օգտագործումը յանուն կայուն զարգացման;

Նպատակ 15

Կեանքը ցամաքին վրայ - Պահպանել, վերականգնել եւ խթանել ցամաքային էկոհամակարգերու կայուն օգտագործումը, ապահովել անտառներու կայուն կառավարումը, պայքարիլ անապատացման դէմ, դադարեցնել եւ շրջադարձել հողերու վատթարացումը, կասեցնել կենսաբազմազանութեան կորուստը,

Նպատակ 16

Խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ ամուր հաստատութիւններ - Խթանել խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւններու կառուցումը՝ յանուն կայուն զարգացման, բոլորի համար հասանելի դարձնել արդարութիւնը, բոլոր մակարդակներուն ստեղծել արդիւնաւէտ, հաշուէտու եւ ներառական հաստատութիւններ,

Նպատակ 17

Համագործացութիւն՝ նպատակներու համար - Ուժեղացնել կայուն զարգացման իրագործման միջոցները եւ աշխուժացնել գլոբալ գործընկերութիւնը յանուն այս նպատակի:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Կայուն Զարգացման Նպատակներ ՆպատակներԿայուն Զարգացման Նպատակներ ԾանօթագրութիւններԿայուն Զարգացման ՆպատակներՄիացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սքիմնոս ՀիոսցինՏղմուտ (գետ)ՓետրուարԱնանիա Շիրակացի10 Փետրուար1850 թուականԱնգլիոյ «Չաքլըթ Պոքս» պանդոկըՀայկական ԴրամՍկովտիաՄոնթէ ՄելքոնեանՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային Բաժանում1808 թուականՌուսիաԼուսնթագՊորիս ԴաւիթեանԱրուսեակ (մոլորակ)ԳեղանկարչութիւնԳրիգոր ԱսլանեանՀոլոքոսթՄիխայիլ ՍահակաշվիլիՔլէոփաթրաՄանուէլ (անձնանուն)Վարդան ԱյգեկցիՍ. Բարթուղիմէոս առաքեալԱմերիկաՍոթքԹիֆլիս1981 թուականՍինկափուրՈսկանեան ԱստուածաշունչՍեբաստիաՅակոբ ՄնձուրիՄհերի ԴուռՄանուէլ ՄենենկիչեանԱրեան ԽումբՎարդերես ԳարակէօզեանՍպիտակի ԵրկրաշարժըՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԻսրայէլ ՕրիԱյնթուրայի Հայ ՈրբանոցըՇուշիի Ազատագրումը (1992)Լուսիկ ԱգուլեցիՀայաստանի Զինուած ՈւժերՉարլզ ՊիքֆորտԱրարատ (Լեռ)ՄոսկուաԹալինի Կաթողիկէ ԵկեղեցիԱմսթերտամՀռոմԱրշիլ ԿորքիԼատինական կայսրութիւնՃոնի ՏեփՎահրամ ԱլազանԾիրանՎոլոտիմիր ԶելենսքիՎահրամ ՄավեանՄեծն ՏիգրանԻրանԼինուքսՍտեփան ԾաղիկեանԱլեքսանդր ԽատիսեանՀայկական Յաւերժութեան ՆշանՅովհաննէս ՔաջազնունիՇերամ (գուսան)🡆 More