Լինուքս

Լինուքս (անգլերէն՝ Linux), UNIX-անման ներգործող համակարգչային համակարգը, որ կ'օգտագործէ Լինուքս միջուկը։ Այդ համակարգերը կ'օգտագործեն նաեւ GNU նախագիծի շրջանակներու մէջ ստեղծուած համակարգչային ծրագիրները։

Սովորաբար, այդ ներգործող համակարգերը կը կոչուին ուղղակի Լինուքս, որ ազատ ծրագրային ապահովման եւ առանց գաղտնաբառի, ծրագիրներու ստեղծման վառ, ամէնէն երկարատեւ եւ մեծ տարողութիւն ունեցող օրինակն է։

Ի տարբերութիւն այլ ներգործող համակարգերու մեծամասնութեան, Լինուքսը մէկ պաշտօնական տարածող չունի, փոխարէնը՝ տարբեր կազմակերպութիւններ, կրթական եւ գիտահետազօտական հիմնարկներ կամ պարզապէս խումբեր կը ստեղծեն իրենց տարբերակները՝ բաշխումները (distributions)։

ԳՆՈՒ/Լինուքս բաշխումներու մէջ յաճախ կը ներմուծուին ՕՀ-ն լրացնող եւ կիրարական ծրագիրները, որոնք թոյլ կու տան տեղադրումէն անմիջապէս ետք ունենալ աշխատանքի պատրաստ լիարժէք, բազմաթիւ գործառնութեան միջավայր մը։

Անհատական նախաձեռնողներու կողմէ, Լինուքսը ժամանակի ընթացքին կ'աջակցի IBM, Hewlett-Packard, Oracle, Novell, Dell, Կուկըլ, Մայքրոսոֆթ եւ Red Hat համակարգերուն հետ, նշանաւոր դառնալով ՕՀ «սպասարկութիւններ»ուն համար։

2006-ի աշնան, հոսթինկ տրամադրող ամէնէն յառաջատար ընկերութիւններուն շուրջ 90%-ին «սպասարկութիւն»ները այսօր կ'աշխատին Linux ՕՀ-ի որեւէ տարբերակով։

Լինուքսը աւելի լայնօրէն ձեւափոխուած է տարբեր ծրագիրներու համար։ Անիկա կ'օգտագործուի ուշիմ համակարգիչներէն մինչեւ բջիջային հեռախօսները, եւ ցանցային սարքերէն մինչեւ տիեզերանաւերը։

Հետզհետէ Լինուքսը հանրամատչելի կը դառնայ անձնական համակարգիչներու շուկային մէջ։

Պատմութիւն

GNU Նախագիծը

1983-ին, Ռիչըրտ Սթոլման հիմնադրած էր GNU Նախագիծը, որուն նպատակն էր ստեղծել աւարտին POSIX համատեղելու, UNIX-անման ներգործող համակարգ մը:

1990-ականներուն GNU-ն կը ստեղծէ համակարգի անհրաժեշտ բաղադրամասերը՝ գրադարանները, մատենաքաղները, հատուածներու խմբագրիչները եւ UNIX-shell-ը, սակայն կը պակսէր հիմնական բաղադրիչը՝ kernel-ը, ՕՀ-ի միջուկը։ 1990-ին GNU նախագիծին վրայ կը սկսի աշխատիլ Mach microkernel-ի վրայ հիմնուած GNU Hurd միջուկը ստեղծելու ուղղութեամբ, սակայն Mach-ի կառուցուածքին առանձնայատկութիւնները դժուարութիւններ կը յառաջացնէին եւ գործընթացը դանդաղ էր։

Լինուքսի Ծնունդը

Լինուքս 
Լինուս Տոռվալդս - Լինուքս միջուկը ստեղծողը.

1991-ին, Հելսինքիի Համալսարանին, ֆինլանտացի ուսանող Լինիւս Տոռվալդսի կողմէ, մէկ այլ միջուկի վրայ սկսած էին աշխատանքները:

Տոռվալդս իր համակարգիչին վրայ կ'օգտագործէր Minix համակարգը, զոր ստեղծած էր Էնտրու Ս. Տանենբաումը իր ուսանողներուն ներգործող համակարգերու նախագիծը դասաւանդելու համար։ Սակայն Տանենբաում չէր արտօներ ուրիշներուն փոփոխութիւն մուծել Minix-ի մէջ, ինչ որ կը մղէ Տոռվալդսը Minix-ը փոխարինողը ստեղծելու։

Տոռվալդս իր միջուկը "Freax" կ'անուանէր՝ անգլերէն free - ազատ/անվճար եւ freak - խենթ բառերու միախառնումով, աւելի ուշ կ'աւելցնէ X տառը, որ յաճախ կ'օգտագործուէր UNIX-անման համակարգերու անուանումներուն։ "Linux" անուանումը կը յօրինէ Հերի Լեմմկեն, որ Ֆիննական Համալսարանի Ցանցին պատկանող FTP սպասարկուին վարչապետն էր (FTP server administrator)։ Linux անուանումը կը յօրինէ գրացուցակի (folder) համար, ուր Տոռվալդսի ստեղծած միջուկը առաջին անգամ հնարաւոր կը դառնայ բեռնաւորել (download)։

Հնչիւնը

Linux բառին ճիշդ հնչիւնը երկար ատեն քննարկման առարկայ դարձած էր։ 1992-ին Տոռվալդս կ'ըսէ, թէ ինք կը հնչէր՝ /ˈlɪnʊks/։

Անուանման հետ կապուած տարաձայնութիւնները

Ազատ եւ առանց գաղտնաբառի ծրագրային ապահովման համայնքին մէջ (community) երկար տարիներ անուանման հետ առնչուած կը շարունակուին քննարկումներն ու վէճերը։

Նոյնպէս Ռիչըրտ Սթոլմանի կողմէ հիմանդրուած Ազատ ծրագրային ապահովման հիմնադրամին (FSF- Free Software Foundation) կարծիքով, այդ ներգործող համակարգերը պէտք է անպայման անուանեն GNU/Linux, քանի որ հիմնուած են GNU նախագիծի շրջանակներուն մէջ ստեղծուած բազմաթիւ ծրագիրներու վրայ, իսկ Linux-ը ընդամէնը GNU ներգործող համակարգի միջուկին հնարաւոր իրականացումներէն մէկն է։

Այսպիսով Linux-ի վրայ հիմնուած ՕՀ-ները, անոնք կը դիտարկեն ինչպէս GNU տարբերակ։

Բացի թուարկուած պատճառներէն, FSF-ը կը բերէ շարք մը այլ պատճառներ, օրինակ, որ աւելի լայն շրջանակներու մէջ տարածուելէն ետք կը մոռցուի, որ Linux-ը համայնքին (community) աշխատանքի, համագործակցութեան եւ փիլիսոփայութեան արդիւնք է։

Լինուս Տոռվալդս կ'ըսէ, որ անուանումը այդքան կարեւոր չէ, իսկ մարդոց ՕՀ-ն GNU/Linux անուանելու գաղափարը անհեթեթ է։

Պարզապէս Linux անուանումը շատ աւելի լայն տարածում գտած է լրատուամիջոցներուն եւ մարդոց մէջ, իսկ GNU/Linux անուանումը առօրեայ կեանքի մէջ կ'օգտագործեն միայն սակաւաթիւ մարդիկ եւ շարժման փիլիսոփաները։

"GNU" բառը կը բացակայի նոյնիսկ բազմաթիւ տարածողներու (distributive) պաշտօնական անուանման մէջ։ Հոն լայն տարածուածներէն աչքի ինկող բացառութիւններն են Debian GNU/Linux-ը եւ Knoppix-ը, որոնք պաշտօնապէս իրենց անուանման մէջ ունին GNU բառը։

Բազմաթիւ սկսնակներու համար այս անուանման անորոշութիւնը հարցեր կը յառաջացնէ։ Դէպքերու մեծամասնութիւնը, երբ կ'ըսեն Linux, նկատի ունին GNU/Linux ներգործող համակարգերը։ Գրականութեան մէջ հեղինակները խառնաշփոթէ խուսափելու համար կը նշեն, թէ ինչ նկատի ունին Linux բառը գործածելով։

Յղումներ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Լինուքս ՊատմութիւնԼինուքս ՅղումներԼինուքս Արտաքին յղումներԼինուքսԱնգլերէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

100 (թիւ)ՇունՆերսէս ՎարժապետեանԿեդրոնական Հետախուզական ՎարչութիւնԱրեւմտահայերէնԶաքինդոսԼուսնթագՀիպոկրատ1990 թուականԿեանքը Հիանալի էՈղիմպիական ԽաղերՈւքրանիաԱՄՆ-ի Արտաքին ՔաղաքականութիւնՊալքանեան ԹերակղզիԼուիզա ԱսլանեանՍեւ ԾովԼանկոպարտներՖրիկ (բանաստեղծ)ԿարթագէնԱրուսեակ (մոլորակ)Հանգստապատառ (լոխում)Մեռեալ ԾովԿասպիական ԱրշաւանքՃահուկ (Սիւնիք)Արցախի ՀանրապետութիւնՇիրակի մարզԼիոնել Մեսսի1989 թուականՉեխիա80 (թիւ)Նահապետ ՔուչակՀամբարձում ՊէրպէրեանԿորիւնԱռնոլտ ՇուարցնէյկըրԻնտոնեզիաՔրիստոնէութեան Ընդունումը Հայաստանի մէջՍտեփան ՄալխասեանցԵբրայերէնՍիմոն ԶաւարեանԱրման ՄանուկեանԹոքախտԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԸնձուղտԳեղարդ Սուրիահայ ՏարեգիրքՀայերէն ՈւիքիփետիաՔաթարԱւատատիրութիւնԵկեղեցական զգեստԱշոտ Բ․ ԵրկաթԴիմ ՏանգընԱզրպէյճանՄանուէլ Մենենկիչեան1771 թուականՀերաթՌիօ տը ԺաներօԳրիգոր Մագիստրոս ՊահլաւունիԱնժելինա ՃոլիԽաչատուր ԱւետիսեանՎասիլի ՔանտինսքիՊան Քի ՄունԼեւոն Բ.Զապէլ ԵսայեանՍումկայիթի ՋարդերՌուսիաԴրմբոնՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչԱրաքս (գետ)Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսեւմնասիրող հիմնադրամԱնդրանիկ ՕզանեանՍմբատ (անձնանուն)10 ՄարտՊասուց ՏոլմաSnap (Ռոզա Լին երգ)1786 թուականԼոս ԱնճելըսՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնԽաղող🡆 More